ҽ

2024.11.16 Convegno internazionale dedicato alla conservazione del patrimonio dell'Artsakh

Արցախի հոգեւոր ժառանգութեան պահպանման նուիրուած միջազգային գիտաժողով Հռոմի Քահանայապետական Անճելիքում համալսարանէն ներս

Համաժողովի օրակարգը կը նախատեսէ Եւրոպայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Հայաստանէն և Մերձաւոր Արևելքէն ժամանած փորձագէտներու շարք մը զեկուցումներ, որոնք պիտի խորանան Արցախի մէջ վտանգուած հայկական յուշարձաններու առջև ծառացած շօշափելի մարտահրաւէրներու վրայ՝ բացայայտելով հակամարտութեան գօտիներու մէջ վտանգի տակ գտնուող մշակութային ժառանգութեան աւելի լայն իրականութիւնը:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ երկուշաբթի եւ երեքշաբթի օրերը` 18 եւ 19 նոյեմբերին Հռոմի Սուրբ Թովմաս Աքուինացիի անուան Քահանայապետական​​համալսարանէն ներս տեղի պիտի ունենայ Արցախի հոգեւոր ժառանգութեան նուիրուած միջազգային գիտաժողով, որ կազմակերպուած է Սուրբ Աթոռի մօտ Էջմիածնի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցչութեան և Անճելիքում համալսարանի համամիութենական հետազօտութիւններու մասնաճիւղի կողմէ, եւ որ «հարթակ պիտի ստեղծէ Արցախի հոգևոր ժառանգութեան պահպանման հարցը քննարկելու բազմաթիւ տեսանկիւններէն` համամիութենական, մշակութային, պատմական և իրաւական:

Այս առիթով հրատարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք «Որպէս բացօթեայ թանգարան, որ հարուստ է հին և միջնադարեան հայկական արուեստով և ճարտարապետութեամբ, Արցախը (այսօր յայտնի որպէս Լեռնային Ղարաբաղ) դարերու կրօնական և մշակութային արտայայտման վկան է.... Այնուամենայնիւ, 2023 թուականի սեպտեմբերին հայ բնակչութեան բռնի գաղթը տագնապալի հարցեր յառաջացուց այս անփոխարինելի յուշարձաններու ճակատագրի վերաբերեալ, իրավիճակ, որ կը պահանջէ անյապաղ միասնական գործողութիւններ ամբողջ աշխարհի քրիստոնեայ համայնքներու կողմէ»։

Համաժողովի օրակարգը կը նախատեսէ Եւրոպայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Հայաստանէն և Մերձաւոր Արևելքէն ժամանած փորձագէտներու շարք մը զեկուցումներ, որոնք պիտի խորանան Արցախի մէջ վտանգուած հայկական յուշարձաններու առջև ծառացած շօշափելի մարտահրաւէրներու վրայ՝ բացայայտելով հակամարտութեան գօտիներու մէջ վտանգի տակ գտնուող մշակութային ժառանգութեան աւելի լայն իրականութիւնը:

«Քրիստոնեաներու համար հրատապ է գործի լուծուիլ այս մարտահրաւէրներուն ի պատասխան» կը կարդանք միշտ հաղորդագրութեան մէջ ուր կը նշուի նաեւ` թէ

«Շահերու պաշտպանութեան, փաստաթղթաւորման և իրազեկութեան բարձրացման վրայ կենտրոնացած համագործակցային նախաձեռնութիւնները կարող են կարևոր դեր խաղալ Արցախի հոգևոր ժառանգութեան պահպանման գործին մէջ»:

Արդարեւ ըստ կազմակերպիչներուն «համախմբելով ջանքերը՝ քրիստոնեաները կարող են ստեղծել այնպիսի միջավայր, որ կը խրախուսէ միջազգային համագործակցութիւնը՝ այդ վայրերու ճանաչման և պաշտպանութեան համար»:

«Այս հաւաքական ջանքերը կարևոր են ոչ միայն որոշակի համայնքի ժառանգութիւնը պահպանելու, այլեւ բոլոր կրօններու միջև համակեցութեան և յարգանքի մշակոյթը խթանելու համար: Այժմ ժամանակն է, որ ամբողջ աշխարհի քրիստոնեաները համախմբուին, պաշտպանեն այս վտանգուած վայրերը և ապահովեն, որ Արցախի հոգևոր ժառանգութիւնը պահպանուի գալիք սերունդներուն համար»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/11/2024, 13:42