ҽ

Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրի 75ամեակ Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրի 75ամեակ 

ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարի օգնականին ներկայացուեցաւ Երուսաղէմի Հայկական թաղամասին իրավիճակը

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Արցախի մէջ ցեղային զտման պատճառով բռնի տեղահանուած 100,000 հայերու կարիքներուն եւ իրաւունքներուն հասցէագրման վերաբերող հարցեր:

Ժընեւի մէջ տեղի ունեցող Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրի 75ամեակին նուիրուած բարձրաստիճան նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ, Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեան հանդիպում ունեցաւ ՄԱԿի ընդհանուր քատուղարի օգնական Իլզէ Պրանտս Քեհրիսի հետ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն կը յայտնեն, որ փոխնախարարը զրուցակիցին ներկայացուց մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան վերաբերող Հայաստանի յանձնառութիւնները: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Արցախի մէջ ցեղային զտման պատճառով բռնի տեղահանուած 100,000 հայերու կարիքներուն եւ իրաւունքներուն հասցէագրման վերաբերող հարցեր:

Նշուեցաւ, որ հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուեցան նաեւ Երուսաղէմի հայկական թաղամասի իրավիճակին վերաբերեալ:

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/12/2023, 08:30