ҽ

Երուսաղեմ Երուսաղեմ&Բ;

Լեմքինի հիմնարկը Ուաշինկթընին կոչ ուղղած է Երուսաղէմի «Կովերու պարտէզ»-ի վէճին մէջ հայերուն պաշտպանելու

Հիմնարկը ընդգծած է, որ Երուսաղէմի հայկական թաղամասի մշակութային ժառանգութիւնը պէտք է կառուցապատողներէն պաշտպանուած ըլլայ։

Լեմքինի անուան ցեղասպանութեան կանխարգիլման հիմնարկը Միացեալ Նահանգներուն եւ Իսրայէլի միւս դաշնակիցներուն կոչ ուղղած է հայ համայնքին պատշաճ իրաւական օգնութիւն երաշխաւորելու հայկական թաղամասի «Կովերու պարտէզ» հատուածին շուրջ վէճին մէջ: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնուի հիմնարկի յայտարարութեան մէջ:

Կը նշուի, որ հիմնարկը խորապէս մտահոգ է Երուսաղէմի հայկական թաղամասի ամբողջականութեան սպառնալիքներով: Յայտարարութեան մէջ կ՛ընդգծուի, որ այս աշնան հայ համայնքը արդէն կորսնցուցած է կարեւոր պատմական հող` Արցախը, որուն բնակչութիւնը ազրպէյճանական յարձակումին պատճառով ստիպուած եղած է լքել իր տուները:

«Թէեւ Երուսաղէմի մէջ հայ բնակչութիւնը այսօր շատ փոքրաթիւ է, սակայն հայկական թաղամասը կը շարունակէ մնալ սփիւռքի ներկայութեան կարեւոր մասը: Անիկա հայերու գործող հնագոյն սփիւռքն է», կ՛ընդգծուի յայտարարութեան մէջ:

Հիմնարկը ընդգծած է, որ Երուսաղէմի հայկական թաղամասի մշակութային ժառանգութիւնը պէտք է կառուցապատողներէն պաշտպանուած ըլլայ։

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/12/2023, 08:50