ҽ

Կութիերես Կութիերես&Բ;

Կութիերես ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան 99-րդ կէտին հիմամբ Կազայի հարցով նամակ մը յղեց ապահովութեան խորհուրդին

Կութիերես 2017-ին ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը ստանձնելէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով կ՛օգտագործէ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան թիւ 99 յօդուածը, որ ընդհանուր քարտուղարին իրաւասութիւն կու տայ Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացնելու որեւէ հարց, որ իր կարծիքով` «միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան» կը սպառնայ:

ՄԱԿ-ի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ներկայացուցչութիւնը յայտարարեց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուցած է նախագիծ մը, որուն նպատակը Կազայի մէջ «մարդասիրական նկատառումներով» զինադադարի հաստատումն է:

Ներկայացուցչութիւնը «Էքս»-ի վրայ գրեց. «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները կոչ ուղղած են Կազայի մէջ մարդասիրական նկատառումներով զինադադար հաստատելու եւ չորեքշաբթի օր Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուցին նախագիծ մը»:

«Կազայի մէջ կացութիւնը աղէտալի է եւ հասած անդառնալի կէտի, եւ մենք չենք կրնար աւելի սպասել», նշեց ներկայացուցչութիւնը` աւելցնելով. «(Ապահովութեան) խորհուրդը պէտք է վճռական կերպով գործէ մարդասիրական նկատառումներով զինադադար պահանջելու համար»:

ՄԱԿ-ի մօտ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ներկայացուցչութիւնը նաեւ նշեց, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես Ապահովութեան խորհուրդին յղած է նամակ մը, որուն մէջ կեանքի կը կոչէ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան 99-րդ յօդուածը, որ ընդհանուր քարտուղարին կ՛արտօնէ խորհուրդը զգուշացնել որեւէ հարցէ, որ շրջանային խաղաղութեան ու անվտանգութեան սպառնալիք կը նկատէ:

«Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն ներկայացուցած նախագիծը կը վայելէ արաբական խմբակի եւ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան աջակցութիւնը, եւ բարոյական ու մարդասիրական հրամայական կը նկատուի: Այդ օրինագիծին ճամբով բոլոր պետութիւնները կը յորդորենք աջակցելու ընդհանուր քարտուղար Կութիերեսի կոչին», նշեց ներկայացուցչութիւնը:

Կութիերես 2017-ին ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը ստանձնելէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով կ՛օգտագործէ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան թիւ 99 յօդուածը, որ ընդհանուր քարտուղարին իրաւասութիւն կու տայ Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացնելու որեւէ հարց, որ իր կարծիքով` «միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան» կը սպառնայ:

Կը նախատեսուի, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը այսօր երկու ամիսէ ի վեր Կազայի դէմ շարունակուող իսրայէլեան յարձակումին վերաբերեալ նիստ մը գումարէ:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Էլի Քոհեն, հակազդելով Կութիերեսի քայլին, յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին նստաշրջանը «համաշխարհային խաղաղութեան սպառնալիք» կը ներկայացնէ, եւ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան թիւ 99 յօդուածը կեանքի կոչելու անոր կոչը «Համաս կազմակերպութեան աջակցութիւն է»:

Պաղեստինի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի նախաձեռնութիւնը` զայն նկատելով Ապահովութեան խորհուրդի եւ միջազգային օրինականութեան կառոյցներու առաքելութեան համահունչ «խիստ անհրաժեշտ քայլ մը»:

Նախարարութիւնը բուռն կերպով դատապարտեց Իսրայէլի` ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին դէմ «յարձակումն ու սադրանք»-ը, եւ զայն նկատեց ընդհանուր քարտուղարը ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան, միջազգային օրէնքին եւ մարդու իրաւունքներու սկզբունքին հիմամբ իր դերը եւ առաքելութիւնը կատարելէ ետ կանգնեցնելու նպատակով «քաղաքական ահաբեկչութիւն»:

Պաղեստինի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պետութիւններուն ու միջազգային ղեկավարներուն կոչ ուղղեց զօրակցելու Կութիերեսի նախաձեռնութեան:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել յայտնեց. «ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի եւրոպացի անդամներուն եւ մեր գործընկերներուն կոչ կ՛ուղղենք` աջակցելու ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի Կազայի վերաբերեալ կոչին»:

«Ապահովութեան խորհուրդը պէտք է անմիջապէս գործէ` կանխարգիլելու համար Կազայի մէջ մարդասիրական կացութեան ամբողջական քայքայումը», նշեց Պորել:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնա 50 պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու կողքին կոչ ուղղեց` Կազայի մէջ միջազգային օրէնքը յարգելու եւ «մարդասիրական նոր, անմիջական եւ մնայուն զինադադար» հաստատելու:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Քոլոնա ըսած է. «Մինչ Կազայի քաղաքային բնակիչները համաճարակներու եւ սովի վտանգը կը դիմագրաւեն եւ անկարող են բժշկական խնամք ստանալ, ինչպէս նաեւ տեղահանման հետեւանքները կը կրեն, կացութեան ծայրայեղ վտանգաւորութիւնը կը պահանջէ ապահովել ջուրի, վառելանիւթի, դեղորայքի, սննդեղէնի եւ հիմնական ապրանքներու հասանելիութեան կարելիութիւնը»:

Քոլոնայի կարծիքով` ատիկա կը պահանջէ կարգ մը սահմանափակումները վերցնել եւ նոր սահմանային անցքեր բանալ, ինչպէս նաեւ գործադրել նոր զինադադար մը, «որ պէտք է մնայուն զինադադարի առաջնորդէ»:

Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճէյք Սալիվըն յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներ Իսրայէլի հետ քննարկեցին Կազայի մէջ անոր զինուորական գործողութիւններուն ժամանակացոյցը»:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սալիվըն ըսած է. «Անոնց հետ խօսեցանք ժամանակացոյցին մասին: Չեմ ուզեր այդ մասին հիմա մանրամասնել, որովհետեւ Իսրայէլ իսկապէս ներկայացուց, մասնաւորաբար, իր ցամաքային գործողութեան դիրքը, եւ չեմ ուզեր ըլլալ այն անձը, որ ժամանակացոյցերը կը հրապարակէ»:

«Միայն պիտի ըսեմ, որ անոնց հետ խօսեցանք, թէ ի՛նչ կը մտածեն տեւողութեան մասին, եւ ատիկա որքանո՛վ համահունչ է այս հարցը լուծելու համար երկարատեւ ռազմավարութեան մը, որ պարզապէս զինուորական միջոցներու կիրարկումէն անդին է», աւելցուց ան:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի ընդդիմանան անվտանգութեան որեւէ գօտիի ստեղծման, եթէ ատիկա Կազայի սահմաններէն ներս է: Նախարարութիւնը նաեւ նշեց, որ դէմ է պատերազմէն ետք Կազայի տարածքի կրճատման եւ պիտի մերժէ Կազայի մէջ անվտանգութեան որեւէ գօտիի ստեղծումը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, թէ կը հասկնայ, որ Կազայի մէջ զինուորական մեծ գործողութիւններու աւարտէն ետք անցումային ժամանակաշրջան մը պիտի ըլլայ, եւ նշեց, որ տակաւին շատ կանուխ է Կազայի մէջ յետպատերազմեան կացութեան որեւէ կտրուկ լուծում մը ճշդելու, եւ չի կրնար անմիջապէս ճշդել պատերազմական մեծ գործողութիւններու աւարտէն ետք անցումային ժամանակաշրջանի տեւողութիւնը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ իր դաշնակիցներուն եւ գործընկերներուն հետ կը քննարկէ պատերազմէն ետք Կազայի կացութիւնը` ընդգծելով, որ պաղեստինցիներուն անվտանգութիւնը չերաշխաւորող կացութիւն մը պիտի չընդունի:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց. «Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմներ ծագած են եւ ահաբեկչական յարձակումներ տեղի ունեցած, սակայն այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ 7 հոկտեմբերին, դժբախտաբար կը շարունակուի: Չկան յոյսի ցուցանիշեր, թէ անիկա մօտիկ ապագային վերջ կը գտնէ»:

«Միացեալ Նահանգներ ներկայ կացութիւնը հրահրեցին, եւ ինքնագլուխութեան քաղաքականութեան անզուսպ կիրարկումը աննախադէպ աղէտի յանգեցուց, եւ ինչպէս վերլուծաբաններն ու քաղաքական փորձագէտները համակարծիք են, յոյս չկայ, որ ատիկա մօտիկ ապագային կ՛աւարտի», ըսաւ Զախարովա:

Միւս կողմէ, պաշտօնատարներ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ին յայտնած են. «Միացեալ Նահանգներ Իսրայէլէն պահանջեցին փոխան պատերազմի ընդլայնման վտանգին դիմելու, հուսիներուն հակադարձելը ամերիկեան բանակին ձգելու»:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/12/2023, 09:19