ҽ

Կազայի մէջ ռմբակոծումներ Կազայի մէջ ռմբակոծումներ  (ANSA)

Կազայի մէջ զինադադարը վերջ գտաւ. բուռն կռիւներն ու ռմբակոծումները վերսկսան

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին համաձայն, գիշերուան ընթացքին զինադադարը երկարաձգելու բանակցութիւններ տեղի ունեցած են, «սակայն կողմերը ի վերջոյ չկրցան լուծումի մը հասնիլ»:

Կազայի մէջ քանի մը անգամ երկարաձգուած զինադադարը, որ 7 օր շարունակուած էր եւ որուն ընթացքին գերիներու առօրեայ փոխադարձ ազատ արձակում տեղի ունեցած էր, երէկ արշալոյսին վերջ գտաւ:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին համաձայն, գիշերուան ընթացքին զինադադարը երկարաձգելու բանակցութիւններ տեղի ունեցած են, «սակայն կողմերը ի վերջոյ չկրցան լուծումի մը հասնիլ»: Լաւատեղեակ աղբիւր մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, թէ քաթարցի եւ եգիպտացի միջնորդները կը շարունակեն Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման շուրջ իրենց բանակցութիւնները:

Համասի ղեկավարներէն Ուսամա Համտան «Ժազիրա»-ին յայտնեց, որ Իսրայէլն ու Միացեալ Նահանգները կը կրեն ժամանակաւոր զինադադարի դադրեցման պատասխանատուութիւնը: «Լրջօրէն ձգտեցանք եւ տակաւին կը ձգտինք զինադադարի, հակառակ իսրայէլեան յարձակումի վերսկսման», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Բաց պիտի մնանք յարձակումի դադրեցման համար թափուող որեւէ ջանքի նկատմամբ` մեր ժողովուրդի շահերուն իրականացման հիմամբ»:

Պաղեստինեան Համաս շարժումին մօտիկ աղբիւր մը հինգշաբթի գիշեր յայտնած էր, թէ շարժումը պատրաստ է երկարաձգելու զինադադարը: Աղբիւրը նշած է, թէ միջնորդները մեծ ջանք կը թափեն զինադադարը մէկ օրով երկարաձգելու, ապա զայն յաւելեալ օրերով երկարաձգելու աշխատանք տանելու համար:

Համասէն ղեկավար մը երէկ «Արապիա»-ին յայտնած է. «Պատրաստ ենք գերիներու փուլային փոխանակման, ինչպէս նաեւ պատրաստ ենք «բոլորը բոլորին դիմաց» գործարքի»:

Զինադադարի աւարտէն անմիջապէս ետք իսրայէլեան ռմբաձիգները գործի լծուեցան` ռմբակոծելով Կազայի բոլոր շրջանները, իսկ գետնի վրայ բազմաթիւ ճակատներու վրայ բուռն բախումներ սկսան: Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը մէջբերելով զինուորական աղբիւր մը հաղորդեց. «Պատերազմը յառաջիկայ օրերուն պիտի շարունակուի եւ զայն դադրեցնելու մտադրութիւն չկայ»: Իսրայէլեան պետական ձայնասփիւռի կայանը իր կարգին մէջբերելով իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը հաղորդեց. «Կռիւը օրերով պիտի շարունակուի, եւ առեւանգեալներու տունդարձի բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան կրակոցի տակ»:

Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար պեն Ղաֆիր երէկ յայտարարեց. «Պէտք է ամբողջ ուժով ճզմենք ու ոչնչացնենք Համասը, եւ առանց զիջումներու կամ գործարքներու վերադառնանք Կազա»:

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով ցաւ յայտնեց զինադադարի աւարտէն ետք Կազայի վրայ իսրայէլեան յարձակումին շարունակման նկատմամբ եւ յայտարարեց. «Զինադադարին վերադառնալու համար պաղեստինցիներուն եւ իսրայէլացիներուն միջեւ բանակցութիւնները կը շարունակուին, եւ հանդարտեցման համար պէտք եղածը պիտի ընենք»:

ԱՖՓ, յղում կատարելով Սպիտակ տան, հաղորդեց. «Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն Կազայի մէջ մարդասիրական զինադադարի երկարաձգման համար աշխատանքը»:

Համասի քաղաքական գրասենեակի անդամ Իզզաթ Ռաշք շեշտեց. «Այն, ինչ որ Իսրայէլ նախորդող 50 օրերուն ընթացքին չկրցաւ իրագործել, պիտի չկարենայ զինադադարէն ետք իր յարձակումը շարունակելով իրագործել»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեան «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարելով կոչ ուղղեց Կազայի մէջ մարտերը դադրեցնելու, քանի տակաւին «ուշ չէ»:

«Գերիները զինուորական գործողութիւններով կարելի չէ ազատել, անոնք պայթումներու հետեւանքով կրնան միայն մահանալ: Այն փաստը, որ Ուաշինկթըն եւ Թել Աւիւ որոշած են շարունակել այս պատերազմը, կը նշանակէ ցեղասպանութեան նոր արարք Կազայի հատուածին եւ Այսրյորդանանի մէջ: Անյապաղ դադրեցուցէ՛ք Կազայի վրայ յարձակումը, քանի դեռ ուշ չէ», ընդգծած է Ապտոլլահեան:

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հինգշաբթի ուշ գիշերին յայտարարած էր, որ Համասի ազատ արձակած 8 գերիներու շարքին են Մեքսիքայի, Ուրուկուէյի եւ Ռուսիոյ քաղաքացիութեան տէր իսրայէլացիներ, իսկ իսրայէլեան կողմը ազատ արձակած է իր բանտերուն մէջ արգելափակուած 23 դեռահասներ եւ 7 կիներ:

«Նիւ Եորք Թայմզ», հիմնուելով գաղտնի փաստաթուղթերու վրայ, հաղորդեց, որ իսրայէլացի պաշտօնատարները աւելի քան մէկ տարի առաջ ստացած են Համասի մէկ ծրագիրը, որուն նպատակը Իսրայէլի դէմ աննախադէպ յարձակում գործելն էր, սակայն այդ բեմագրութիւնը ոչ իրատեսական նկատած են:

Ամերիկեան ազդեցիկ օրաթերթը նշեց, որ իսրայէլեան բանակի տեղեկահաւաքի բաժանմունքը ձեռք ձգած է Համասի շուրջ 40 էջերէ բաղկացած փաստաթուղթը, որ կէտ առ կէտ կը խօսէր 7 հոկտեմբերին շղթայազերծուած յարձակումին նման լայնածաւալ յարձակումի մը մասին:

Գաղտնի սպասարկութիւններուն մօտ շրջանառուած եւ «Երիքովի պատ» անունով կոչուած այդ փաստաթուղթին մէջ յարձակումի թուական չէ ճշդուած, սակայն քաղաքներու եւ ռազմակայաններու վրայ յարձակում գործելու մանրամասն կէտեր կը բովանդակէ:

«Թայմզ աֆ Իզրայէլ» հաղորդեց, որ Իսրայէլի նախագահ Իցհաք Հերցոկ, որ ՄԱԿ-ի կենսոլորտի «ՔՈՓ 28» խորհրդաժողովին մասնակցելու համար կը գտնուի Տուպայ, հանդիպում ունեցած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ Մոհամետ պըն Զայետ Ալ Նահիանի հետ:

Ըստ Իսրայէլի նախագահի գրասենեակին, Հերցոկ պըն Զայէտ իշխանէն խնդրած է իր դիւանագիտական կշիռը օգտագործել Համասի կողմէ գերեվարուած իսրայէլացիներու տունդարձը ապահովելու համար:

Նշենք, որ երէկ Իսրայէլի պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլի նախագահն ու Քաթարի շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանին «ՔՈՓ 28»-ի ծիրին մէջ ձեռնուած են:

«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ», յղում կատարելով իսրայէլացի պաշտօնատարներու, հաղորդեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Մոսատին հրամայած է պատերազմի աւարտէն անմիջապէս ետք Համասի` Կազայէն դուրս «աշխարհի մէջ որեւէ տեղ գտնուող բարձրաստիճան ղեկավարները ահաբեկելու ծրագիրներ մշակել:

Աղբիւրը ՝Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/12/2023, 08:05