ҽ

2023.12.07 Armeni di Gerusalemme incontrano il Patriarca Pizzaballa

Մէկ դրօշակի տակ համախմբուած Երուսաղէմի հայ համայնքը կը դիմէ Պապին

Ըստ SavetheArQ-ի՝ 5 Դեկտեմբերին, շարժման, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (ՀՅԴ), Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան (ՌԱԿ), Երուսաղէմի Հայկական Բարեգործական միութեան (JABU), Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ), ՀԵՄ ակումբի եւ ՀՄԸՄ ակումբի անդամները պատրիարքին հետ քննարկեցին «Կովերու պարտէզ»ի տագնապը։

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Երուսաղէմի հայկական թաղամասի պաշտպանութեան եւ պահպանման շարժումը (SavetheArQ ) պատմական որակեց Երուսաղէմի հայ համայնքի հանդիպումը Լատին պատրիարք Փիէրպաթիսթա Փիցապալլայի հետ։

Ըստ SavetheArQ-ի՝ 5 Դեկտեմբերին, շարժման, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (ՀՅԴ), Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան (ՌԱԿ), Երուսաղէմի Հայկական Բարեգործական միութեան (JABU), Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ), ՀԵՄ ակումբի եւ ՀՄԸՄ ակումբի անդամները պատրիարքին հետ քննարկեցին «Կովերու պարտէզ»ի տագնապը։

«Երուսաղէմի հայ համայնքի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, այս աննախադէպ հանդիպումը համախմբեց հայկական բոլոր խմբակցութիւնները՝ մէկ դրօշակի տակ՝ անգամ մը եւս ընդգծելու համար կենսական այս ժամանակներուն մէջ Երուսաղէմի քրիստոնեայ համայնքներուն միջեւ համերաշխութեան եւ միասնութեան կարեւորութիւնը: Պատրիարքը ընդունեց Ֆրանսիս պապին հասցէագրուած նամակը, որուն միջոցաւ անորմէ կը խնդրուի օգտագործել իր բարոյական հեղինակութիւնը եւ ազդեցութիւնը՝ կասեցնելու «Կովերու պարտէզ»ի անօրինական վարձակալութեան հարցով հայկական թաղամաս ներխուժումը, պահպանելու Երուսաղէմի քրիստոնէական ինքնութիւնը՝ շեշտը դնելով հայկական եւ քրիստոնէական տարածքային ամբողջականութեան պաշտպանութեան վրայ», կը նշէ SavetheArQ-ը։

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/12/2023, 08:20