Առաւել քան 150 հեղինակաւոր անձնաւորութիւններ կը պահանջեն հայ գերիներու ազատութիւնը
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Նոպէլեան մրցանակակիրներ, յայտնի գործարարներ, մարդասէրներ, պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու նախկին ղեկավարներ եւ քաղաքացիական հասարակութեան առաջնորդներ միացեալ կոչ մը կատարեցին՝ պահանջելով անվերապահօրէն ազատ արձակել Ատրպէյճանի մէջ ապօրինաբար բանտարկուած բոլոր հայ գերիները։
Նախկին նախագահներ Մերի Ռոպինսըն, Էռնեսթօ Զետիօ, նոպէլեան մրցանակի դափնեկիրներ Լէյմա Կպօուի, Օսքար Արիաս եւ Շիրին Էպատի, ձեռներէցներ Ռիչըրտ Պրենսըն, Մարք Պենիոֆը, Նուպար Աֆէյեան, քաղաքական մեկնաբան Արիանա Հաֆինկթըն, երաժիշտ եւ System of a Down-ի գլխաւոր մենակատար Սերժ Թանգեան եւ համաշխարհային այլ գործիչներ իրենց ստորագրած նամակին մէջ մտահոգութիւն կը յայտնեն Արցախի ութ ղեկավարներուն, ներառեալ՝ բարերար Ռուբէն Վարդանեանի շարունակուող բանտարկութեան հարցով։ Անոնց կողքին, տասնեակներով գերիներ կը շարունակեն մնալ բանտարկուած։
Նամակին մէջ կը շեշտուի, որ 7 Դեկտեմբերի յայտարարութիւնը՝ 32 հայ գերիներ ազատ արձակելու գծով, թէեւ սպասուած առաջին քայլն էր, սակայն միւս բոլորը եւս պէտք է ազատ արձակուին:
«Կոչ կ՛ընենք նախագահ Ալիեւին՝ կատարել միջազգային իրաւունքին հանդէպ իր ստանձնած պարտաւորութիւնները՝ ապահովելով, որ անարդարօրէն բանտարկուած անձեր վերադառնան իրենց տուները», ըսաւ ՄԱԿի Համաշխարհային պայմանագիրի փոխնախագահ եւ Unilever ընկերութեան նախկին գործադիր տնօրէն Փօլ Փօլման։
«Ռուբէն Վարդանեանի եւ միւսներու ապօրինի բանտարկութիւնը կը խախտէ անոնց հիմնարար իրաւունքները», աւելցուց ՄԱԿի Մարդկային իրաւունքներու նախկին գերագոյն յանձնակատար եւ Իրլանտայի նախկին նախագահ Մերի Ռոպինսոն:
Արշաւին միանալու եւ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար ։
Աղբիւրը` Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ