ҽ

2024.12.03 vista vaticano

Մանուկներու իրաւունքներուն նուիրուած միջազգային վեհաժողով Վատիկանի մէջ

Կիրակի` 2 Փետրուարի երեկոյեան Վատիկանի թանգարաններուն մէջ պաշտօնական բացումը պիտի կատարուի Վատիկանի մէջ կազմակերպուած Մանուկներուն իրաւունքներուն նուիրուած վեհաժողովին, որուն պիտի մասնակցին` նոպէլեանի մրցանակակիրներ, ուսուցիչներ, տնտեսագէտներ, եկեղեցական, քաղաքական ու միջազգային կազմակերպութիւններու բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, որոնք պիտի հիւրընկալուին Կարդինալ Փարոլինի կողմէ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը պիտի ըլլայ ան որ, Կիրակի 2 Փետրուարի երեկոյեան, Վատիկանի Թանգարաններու «Ռաֆայէլլոյի Սրահին» մէջ պաշտօնական բացումը պիտի կատարէ «Սիրենք ու պաշտպանենք զանոնք» խորագիրով Վատիկանի մէջ գումարուած մանուկներու իրաւունքներուն նուիրուած միջազգային վեհաժողովին որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն նոպէլեանի մրցանակակիրներ, ուսուցիչներ, տնտեսագէտներ, եկեղեցական, քաղաքական ու միջազգային կազմակերպութիւններու բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ։

Երկուշաբթի 3 Փետրուարին վեհաժողովին նիստերը պիտի կատարուին Վատիկանի Առաքելական Պալատէն ներս որուն առիթով նախատեսուած են ութ աշխատանքային նիստեր։ Միօրեայ խիտ յայտագիրով այս վեհաժողովը կազմակերպուած է Մանուկներու Համաշխարհային Օրուայ Քահանայապետական կոմիտէի կողմէ որուն բացումն ու բակումը պիտի կատարէ Ֆրանչիսկոս Պապը

Հաւաքի ընթացքին ելոյթ ունեցողներու շարքին են` Յորդանանի Ռանիա Թագուհին, Իտալիոյ Արտգործ նախարար Անթոնիօ Թայանի, Իտալիոյ երբեմնի վարչապետ Մարիօ Տրակի, ԱՄՆ-ի երբեմնի փոխ նախագահ Ալ Կորը, Ալ Ազհարի աւագ Իմամը։

Վեհաժողովի ընթացքին նախատեսուած զանազան նիստերը նուիրուած են հետեւեալ նիւթերուն. «Ժամանակակից աշխարհի մէջ մանուկներուն իրաւունքներու», «Կենսամիջոցներու մատչելիութեան մանուկներուն իրաւունքը», «Կրթութեան իրաւունքը», «Մանուկներուն կերակուրի, սնունդի ու առողջապահութեան իրաւունքը», «Մանուկներուն ընտանիք ունենալու իրաւունքը», «Մանուկներու ազատ ժամանակի եւ հանգիստի իրաւունքը», «Բռնութենէ ազատ ապրելու մանուկներուն իրաւունքը» եւ «Մանուկներու պաշտպանութիւնը զինեալ հակամարտութիւններու եւ բնապահպանական աղէտներու ժամանակ»

Վեհաժողովին նպատակներէն մին է սատարել կառուցելու նոր հարթակ մը, որ կարող ըլլայ դիմագրաւելու ամենափոքրերուն իրաւունքներուն հրատապ հարցերը, միաժամանակ խթանելով միջազգային համագործակցութիւնը` համայն աշխարհի մանուկներուն համար ապահով եւ հաւասար ապագայի մը համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/02/2025, 13:57