ҽ

Կարդինալ Չեռնի Լիբանանի մէջ Կարդինալ Չեռնի Լիբանանի մէջ 

Կարդինալ Չեռնի Պէյրութի մէջ երիտասարդներուն. Եղէք լոյս մթութեան մէջ

Մարդկային համապարփակ ծառայութեան վերատեսչութեան վերատեսուչ կարդինալ Միքայէլ Չեռնի Լիբանանի մէջ առաքելական այցելութեան առաջին օրը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չնայած 2020-ի նաւահանգիստի եւ ռմբակոծումներու տեսանելի երեւոյթներուն,Պէյրութը կ՝ապրի աշխոյժ առօրեայ կեանքի մէջ բնութագրուած արդիականութեամբ եւ աւանդութիւններուն խառնուրդով։

Մարդկային համապարփակ ծառայութեան վերատեսչութեան վերատեսուչ կարդինալ Միքայէլ Չեռնի, որպէս Ֆրանչիսկոս Պապին պատուիրակ Պէյրութ ժամանեց, եպիսկոպոսներուն աջակցութեան ուղերձ փոխանցելու եւ եկեղեցւոյ նախաձեռնութիւնները՝ տնտեսական եւ ընկերային ճգնաժամի շրջանակէն ներս քաջալերելու համար։ Կարդկինալ Չեռնի Լիբանան այցելութիւնը սկիզբ առաւ 19 փետրուարին եւ վերջ կը գտնէ 23ին։
Շուրջ եօթը միլիոն բնակչութիւն ունեցող Լիբանանը, որոնց կէսը փախստականներ են կը գտնուին լուրջ ճգնաժամի առջեւ։ Պէյրութ ժամանումին կարդինալ Չեռնի այցելեց Յիսուսեան միաբանութեան անդամ հայր Քոլէնպախի դամբարանը ապա հանդիպում ունեցաւ Leadership Academy for Peace երիտարդներու հետ։
Կարդինալ Չեռնի հանդիպեցաւ Մարոնիներուն պատրիարքը կարդինալ Ռային հետ ինչպէս կրօնական տարբեր առաջնորդներուն հետ իր մտահոգութիւն յայտնելով Պապին առողջութեան համար։

Կարդինալ Միքայէլ Չեռնի առաքելութեան կիզակէտն է ամրացնել ազգային եւ միջազգային վստահութիւնը՝ մինչ Կաթողիկէ եկեղեցին վճռորոշ դեր կը խաղաղ ամենախոցելիներուն օգնելու մէջ։ Հակառակ տնտեսական մարտահրաւէրներուն, Լիբանանի մէջ յոյսի նշաններ կան, ինչպէս որոշ աշխատողներուն վերադարձը իրենց հողերը եւ սփիւռքի օգնութիւնը։

Կարդինալ Չեռնի հանդիպեցաւ Leadership Academy for Peace երիտասարդներու հետ, ընդգծելով քաղաքականութեան կարեւորութիւնը, որպէս համայնքի ծառայութիւն եւ եղբայրական Պետութեան մը կարեւորութիւնը։ Կարդինալ հրաւիրեց երիտասարդները դառնալու յոյսի, փոփոխութեան կրողներ, յիշելով աւետարանումի քրիստոնէական պատգամը։

Կարդինալ Չեռնիի այցելութիւն նպատակ ունի դառնալ յոյսի փարոսներ բարդ միջավայրին մէջ, նպատակ ունենալով խրախուսել աւելի լաւ ապագայ Լիբանանի համար ինչպէս նմանատիպ դժուարութեան մէջ գտնուող երկիրներուն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/02/2025, 11:39