Բացառիկ սպիտակ գիշեր Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի մէջ՝ Յոբելենական Սուրբ Տարուայ առթիւ
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Կիրակի օրը՝ 16 Փետրուարին, Սուրբ Պետրոս Պազիլիքան ժամը 20էն սկսեալ իր դռները բացաւ այցելուներու համար՝ արուեստագէտներուն եւ մշակոյթի գործիչներուն նուիրուած Յոբելեանի առթիւ, որ մեկնարկած էր անցեալ 15 Փետրուարէն եւ պիտի աւարտի վաղը՝ Փետրուար 18ին։
Տաճարի գիշերային արտասովոր բեմայարդարումը՝ Միկելանճելոյի եւ Պերնինիի արուեստի գլուխգործոցներու լուսաւորութեամբ եւ Գրիգորեան ծիսական երգերու համադրութեամբ, տպաւորիչ ու ազդեցիկ միջավայր ստեղծած էր Սուրբ Դուռով Պազիլիքա մուտք գործած հազարէն աւելի այցելուներու մտորումներու եւ հոգեւոր խորհրդածութիւններու համար:
Մշակոյթի ու Կրթութեան Վերատեսչութեան նախաձեռնած գեղարուեստական եւ հոգեւոր ճամբորդութեան մէջ Սուրբ Պետրոսի տաճարն իր վեհութեամբ եւ սրբութեամբ դարձած էր բազմազգ ճանապարհորդութեան հարթակ: Յիրաւի, աղօթքի ու հոյզերու մթնոլորտով համակուած Պազիլիքայի մէջ ներկայ էին բազմաթիւ իտալացի եւ օտարերկրացի արուեստագէտներ, որոնք իրենց հարցազրոյցներու մէջ ընդգծեցին արուեստի դերը եւ կարեւորութիւնը՝ որպէս մխիթարութեան աղբիւր մեր դժուարին ժամանակներու մէջ, անոր ուժը՝ խաղաղութեան կերտման գործին մէջ․
Արուեստը կամուրջ է՝ կառուցելու աւելի աջակցող եւ իրազեկ համայնք, որ կարող է դիմակայել ժամանակակից մարտահրաւէրներուն՝ երկխօսութեան եւ փորձի փոխանակման միջոցաւ: Իսկ արուեստագէտներու եւ հանրութեան հանդիպումը առիթ է մտածելու, թէ ինչպէս գեղեցկութիւնը կարող է արձագանքել աշխարհի դիւրաբեկութեան` առաջարկելով նոր հայեացք իւրաքանչիւր անհատի գոյութեան եւ արժանապատուութեան վրայ:
Կարդինալ Խօսէ Թոլենթինօ Տէ Մենտոնսայի խօսքերով այս «զարմանալի հոգեւոր բեմայարդարման» ընթացքին, բոլորի մտքերը ուղղուած էին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, որ բուժման նպատակով կը գտնուի Հռոմի Ճեմելլի հիւանդանոցի մէջ։
Մշակոյթի ու Կրթութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչը նոյն օրն առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապի փոխարէն գլխաւորած Սուրբ Պատարագի ատեն, շեշտած էր նաեւ, որ պէտք է «ճանչնալ գեղեցկութիւնը ոչ միայն այնտեղ, որտեղ ակնյայտ է, այլեւ անոնց մէջ, որոնք անտեսուած են: Ֆրանչիսկոսն այդ մէկը կը կրկնէ իր Քահանայապետութեան ընթացքին. ճանչնալ գեղեցկութիւնը, տալ զայն աշխարհին, այդ հայեացքը նուիրել մարդկութեան»:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ