ҽ

2025.01.29 Cinecittà

Արուեստագէտներու եւ Մշակոյթի Աշխարհի Յոբելեանի միջոցառումները

2025 թուականի Փետրուարի 15էն 18ը նախատեսուած են բազմաթիւ նախաձեռնութիւններ Մշակոյթի Յոբելեանի առթիւ, որոնց ցանկը հրապարակուած է Մշակոյթի եւ Կրթութեան Վերատեսչութեան կողմէ։ 16 Փետրուարին, Սուրբ Պետրոս տաճարի մէջ նախատեսուած է Սուրբ Պատարագ, իսկ յաջորդ օրը՝ 17 փետրուարին, Ֆրանչիսկոս Պապը պիտի այցելէ շարժանկարներ նկարահանող եւ արտադրող «Cinecittà» հաստատութիւն՝ հանդիպելու արուեստագէտներու եւ շարժանկարի մասնագէտներու հետ։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան Վատիկան

«Կաթողիկէ Եկեղեցին կը նշէ Պատմութեան 25րդ Յոբելեանը, որուն առանցքը՝ ըստ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի ընտրութեան, կը կազմէ Յոյսի նիւթը: Սուրբ Տարին կը նշուի նաեւ տարբեր նիւթերու շուրջ միջոցառումներու միջոցաւ, անոնց շարքին՝ Արուեստագէտներու եւ Մշակոյթի Աշխարհի Յոբելեանը, որ պիտի տօնախմբուի Հռոմի մէջ 2025 թուականի Փետրուարի 15էն 18ը»: Այս մասին կը կարդանք Սուրբ Աթոռի Մշակոյթի եւ Կրթութեան Վերատեսչութեան հրատարակած հաղորդագրութեան մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապի կողմէ մեծապէս կարեւորուած Արուեստագէտներու եւ Մշակոյթի Աշխարհի Յոբելեանը պիտի մեկնարկէ․

Շաբաթ օրը՝ 15 Փետրուարին, Վատիկանի Թանգարաններու հետ համագործակցութեամբ կազմակերպուած «Sharing Hope։ Orizzonti per il Patrimonio Culturale - Յոյսի փոխանակում՝ հորիզոններ յանուն մշակութային ժառանգութեան» միջազգային հանդիպումով: Աշխարհի որոշ ամենէ հեղինակաւոր գեղարուեստական ​​եւ թանգարանային հաստատութիւններ պիտի համախմբուին՝ ուսումնասիրելու կրօնական եւ գեղարուեստական​​ժառանգութեան արժեւորման եւ փոխանցման նոր լեզուները եւ ռազմավարութիւնները:

Նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 6ին, պիտի կայանայ Քոնչիլիացիոնէ 5 ցուցահանդէսային տարածքի բացումը, որ կը գտնուի համանուն փողոցի վրայ, ուր ամբողջ տարուայ ընթացքին մէկը միւսին պիտի յաջորդեն միջազգային արուեստագէտներու կողմէ Յոյսի նիւթի վերաբերեալ ժամանակակից արուեստի տարբեր նախագծեր։ Առաջին ցուցահանդէսը պիտի ներկայացնէ նկարիչ Յան Փեյ-Մինկի՝ Հռոմի Regina Coeli բանտային համայնքի դիմանկարները, որոնք պիտի պատկերասփռուին նաեւ շէնքի ճակատային մասին վրայ:

Կիրակի օրը՝ 16 Փետրուարին, առաւօտեան ժամը 10ին Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի մէջ պիտի մատուցուի Սուրբ Պատարագ բոլորի համար եւ մասնաւորապէս՝ անոնց, որոնք իրենց պայքարը կը մղեն արուեստի եւ մշակոյթի միջոցաւ։

Մինչ ժամը 20էն սկսեալ նախատեսուած է բացառիկ Սպիտակ գիշեր` Սուրբ Պետրոս տաճարի մէջ, որ այդ օրը բաց պիտի մնայ այցելութեան համար, հրաւիրելով մտորումներու եւ հոգեւոր խորհրդածութիւններու:

Երկուշաբթի օրը՝ 17 Փետրուարին, Սրբազան Հայրը պիտի այցելէ Հռոմի շարժանկարներ նկարահանող և արտադրող «Cinecittà» հիմնարկութիւն, ուր պիտի հանդիպի արուեստագէտներու եւ մշակութային գործիչներու պատուիրակութեան հետ, անոնց ուղղելով իր պատգամը։ Նշենք թէ առաջին անգամն է, որ Քահանայապետ մը կ’այցելէ այդ հիմնարկութիւն։

Արուեստագէտներու եւ Մշակոյթի Աշխարհի Յոբելեանը հրաւէր է արուեստն ու մշակոյթը, որպէս երկխօսութեան, ներառման եւ յոյսի խթանման արտօնեալ գործիքներ տեսնելու: Տօնելով գեղեցկութիւն ու ստեղծարարութիւնը՝ ան նպատակ ունի դառնալ խորհրդածութիւններու եւ գրաւչութեան առիթ, որպէսզի անհատական ​​ձգտումներն ու որոնումները կարողանան վերամիանալ ընդհանրականի հետ՝ համագործակցելով աւելի արդար հասարակութեան կառուցման գործին մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/02/2025, 11:53