ҽ

2020.03.14 Petersdom Petersplatz Piazza San Pietro Basilica San Pietro

2025ի Սուրբ Յոբելեան․ կամաւորներ՝ «Romea Strata» նախագիծով ուխտաւորները դիմաւորելու համար

Պիտի վերականգնուի նաեւ Տարվիզիոյէն Հռոմ ձգուող երկաթուղային հատուածը, որ երկար տարիներ լքուած էր։ Եզակի հնարաւորութիւն՝ ամբողջ աշխարհէն ժամանած ուխտաւորներու հոգեւոր վերածնունդի եւ հանդիպման համար՝ խրախուսելով խորհրդածութիւնը եւ աղօթքը:

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Շնորհիւ «Սուրբ Պետրոս գործարանի» եւ Վիչենցայի թեմի «Homo Viator-San Teobaldo» հիմնադրամի միջեւ պայմանաւորուածութեան՝ անցեալ տարուայ Մայիսէն Սուրբ Պետրոս երկաթուղային կայարանի երկայնքով կը գործէ մշտական ​​կամաւորական ծառայութիւն՝ ճամբորդները  ընդունելու եւ ուղեկցելու համար մինչեւ նպատակակէտ՝ Սուրբ Պետրոս Պազիլիքա։ «Romea Strata» անունը ստացած  նախաձեռնութիւնը եւ համանուն երթուղին կը համատեղէ աւանդոյթը, հոգեւորութիւնն ու հիւրընկալութիւնը:

Բոլոր ճամբորդները, ըլլայ  ոտքով, հեծանիւով կամ անգամ ձիով, կը խուսափին ամէնօրեայ «Ուխտաւորի Պատարագ»ի հետեւանքով երկար հերթերէն, իսկ՝ հարիւր քիլոմեթր եւ աւելի ճանապարհ անցնելու պարագային, կը ստանան  «Testimonium» մագաղաթէ  վկայագիրը՝  Սուրբ Պետրոսի եւ Սուրբ Պօղոսի սրբապատկերներով։ 2024 թուականի Յունիսէն մինչեւ հոկտեմբեր արդեն բաժնուած են աւելի քան 3700 վկայագրեր:

Սուրբ Պետրոս Տաճարի Աւագերէց, Վատիկան Քաղաքի Քահանայապետին Տեղակալ, Կարդինալ Մաուրօ Կամպեթթին երախտագիտութիւն յայտնած է Հիմնադրամին՝ ուխտաւորներուն ընդունելու գործին մէջ ներդրած աւանդի համար՝ ընդգծելով հիւրընկալ եւ մտերմիկ մթնոլորտ ստեղծելու կարեւորութիւնը։ Մինչ Հայր Ռայմոնտօ Սինիպալտին աւելցուցած է, որ իրենց հիմնական նպատակն է Հռոմի փորձը դարձնել կարեւոր հոգեւոր արժէք:

Կարեւոր նորամուծութիւն է երկաթուղիին վերջին հատուածի փոփոխութիւնը, որ, լքելով Թրիոնֆալէ փողոցը, կ’առաջարկէ աւելի պարզ եւ անվտանգ երթուղի եւ, երաշխաւորելով եզակի տեսարան, ուղղակիօրէն կ’առաջնորդէ դէպի Տաճար: Աւելին, «Իտալական Երթուղային Ցանցը» եւ Հռոմի քաղաքապետարանը ձեռնամուխ եղած են վերականգնելու երկար տարիներ չօգտագործուած երկաթուղային հատուածը՝  նպատակ ունենալով դիւրացնել ժամանումը Սուրբ Պետրոս եւ  շատ աւելիով գրաւիչ դարձնել զայն:

Ի վերջոյ, շուտով պիտի կայանայ աւելի քան հազար քիլոմեթրանոց «Romea Strata» երթուղիի ուղեցոյցի շնորհանդէսը, որ պիտի ներառէ պատմամշակութային եւ օգտակար մանրամասներ: Կարեւոր գործիք բոլոր անոնց համար, որոնք ցանկութիւնը պիտի ունենան ձեռնարկելու Տարվիզիոյէն (մեկնարկային կէտը) մինչեւ Հռոմ այդ իւրատեսակ ճամբորդութիւնը, որ եզակի հնարաւորութիւն է ամբողջ աշխարհէն ժամանած ուխտաւորներու հոգեւոր վերածնունդի եւ հանդիպման համար՝ խրախուսելով խորհրդածութիւնը եւ աղօթքը: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/11/2024, 16:15