ҽ

Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի եւ Արեւելքի Ասորի Եկեղեցւոյ Կաթողիկոս Պատրիարք Մար Ավա Գ Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի եւ Արեւելքի Ասորի Եկեղեցւոյ Կաթողիկոս Պատրիարք Մար Ավա Գ  (ANSA)

Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի ընդունի Արեւելքի Ասորի Եկեղեցւոյ Պատրիարք Մար Ավա Գ

Քրիստոնեաներու Միութեան Խթանման վերատեսչութեան գրասենեակը հրապարակելով հաղորդագրութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապի եւ Արեւելքի Ասորի Եկեղեցւոյ Կաթողիկոս պատրիարք Նորին Սրբութիւն Մար Ավա Գ հանդիպումի վերաբերեալ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 8 նոյեմբերին, Քրիստոնեաներու Միութեան Խթանման վերատեսչութեան գրասենեակը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը տեղեկացուց, որ շաբաթ 9 նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետն ու Արեւելքի Ասորի Եկեղեցւոյ Կաթողիկոս պատրիարք, Նորին Սրբութիւն Մար Ավա Գ միասնաբար պիտի նշեն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Ասորի եկեղեցւոյ միջեւ Քրիստոսաբանութեան ընդհանուր հռչակագիրի երեսուն ամեակը ու 40 ամեակը Ասորի Պատրիարքին Հռոմ կատարած առաջին այցելութեան։

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի նաեւ որ Նորին Սրբութիւն Ավա Գ Պատրիարքին պիտի ընկերանան Արեւելքի Ասորի եկեղեցւոյ եւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ միջեւ Աստուածաբանական երկխօսութեան խառն յանձնաժողովին անդամները, որ ստեղծուած է երեսուն տարի առաջ ու վերջերս սկսած է ծէսի շուրջ երկխօսութեան նոր փուլ մը ՝եկեղեցւոյ կեանքին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/11/2024, 11:52