Վատիկանի մէջ սիւնհոդոսի աշխատանքները կը շարունակուին աշխոյժ կերպով
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Ի սպաս սիւնհոդոսական Եկեղեցւոյ` հաղորդութիւն, մասնակցութիւն առաքելութիւն» բնաբանով Եպիսկոպոսներու ԺԶ սիւնհոդոսական նիստերու Վատիկանի մէջ կայացած երկրորդ փուլը որ սկիզբ առաւ անցեալ 2 հոկտեմբերին կը շարունակուի աշխոյժ ընթացքով։
Նիստերու ընթացքին մինչեւ օրս քննարկուեցան «Աշխատանքային թղթածրարի – Instrumentum laboris» առաջին ու երկրորդ Գլխաւոր Բաժինները ու այսօր կը սկսի երրորդ ու վերջին Գլխաւոր Բաժնի քննարկումը։
Քննարկումները տեղի կ՛ունենան երկու հանգրուաններով, ըլլայ հաւաքական, Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, ըլլայ լեզուական բաժանումներով։
Իւրաքանչիւր Գլխաւոր Բաժնի ներկայացումէն առաջ ընդհանուր զեկուցողը, ընդհանուր նիստի ընթացքին կը ներկայացնէ նիւթը եւ աշխատանքային գործընթացքը եւ այսօր եւս` 15 հոկտեմբերին, Ընդհանուր Զեկուցող Կարդինալ Ժան Փոլ Հոլլերիխը ներկայացուց «Աշխատանքային թղթածրարի» Երրորդ գլխաւոր բաժինը ու աշխատանքային գործընթացը, նշելով, որ մինչեւ օրս գումարուած են արդեն «փոքր լեզուական խմբակներու» տասը նիստեր մինչ վաղը առաւօտեան պիտի գումարուի նաեւ տասներորդ ընդհանուր նիստը։
Կարելի չէ Եկեղեցին հասկնալ առանց վայրի մը կամ մշակոյթի մը
Ան ապա ներկայացուց Աշխատանքային թղթածրարի Երրորդ Գլխաւոր Բաժնին նիւթը, որ նուիրուած է այն վայրերուն ուր կը մարմնանան յարաբերութիւնները, իրենց տարբերութիւններով ու բազմազանութեամբ ինչպէս նաեւ փոխկապուածութիւններով, եւ իրենց արմատաւորմամբ հաւատքի դաւանանքի աղբիւրի հիմքին մէջ»։
Վայրերու մասին խօսիլը կը նշանակէ ուշադրութիւն կեդրոնացնել այն իրականութեան վրայ որ «կարելի չէ Եկեղեցին հասկնալ առանց վայրի մը կամ մշակոյթի մը մէջ արմատաւորուած ըլլալը» եւ այս կը նշանակէ «արժեւորել վայրը ու ժամանակը, որուն մէջ կը կաղապարուի` մեր փրկող Աստուծոյ յայտնութեան հակումին բաժնեկցուած փորձառութիւնը», ինչպէս նշուած է վերոնշեալ թղթածրարին մէջ։
Ասկէ մեկնելով Կարդինալ Հոլլերիխ մատնանշեց Բաժնի առաջին հատուածին. «տարածքներ որոնց մէջ քալել միասին» դիտել տալով` որ «մենք միշտ ալ պէտք ունինք պատկանելիութեան» ու այս մէկը կը պատահի զանազան ոլորտներէն ներս, մինչեւ նոյնիսկ «թուային միջավայրը», ուր Եկեղեցին, իր բոլոր արտայայտութիւններով, բայց միացած ու հաղորդութեան մէջ Հռոմի Եպիսկոպոսին հետ կը կատարէ առաքելութիւնը։
Եղբայրներու եւ քոյրերու միջեւ հանդիպումը զերծ չէ դժուարութիւններէ
«Սրբազան Հայրը մեզ կոչեց այստեղ՝ լսելու մեր խորհուրդները, նաև թէ ինչպէս կարելի է այսօր աւելի արդիւնաւէտ դարձնել իր և Հռոմէական Քուրիայի ծառայութիւնը: Ան իրաւունք ունի իմանալու, թէ մենք իրականին մէջ ինչ կը մտածենք՝ սկսած Աստուծոյ ժողովրդի կեանքէն և կարիքներէն, այն վայրերուն մէջ որտեղէն եկած ենք» ըսաւ ի միջի այլոց Կարդինալ Հոլլերիխը հրաւիրելով ներկաները մէկ վայրկեան դադար առնելու ու խորհելու իրենց մօտ ու իրենց սեղանին շուրջ գտնուող անձերու մասին ապա սրահին մէջ գտնուողներու մասին դիտել տալով թէ ինչպէս այդ վայրին մէջ անոնք ապրեցան հարուստ ու խիտ փորձառութիւն մը, եղբայրներու եւ քոյրերու միջեւ հանդիպումը, որ զերծ չէ դժուարութիւններէ բայց եւ այնպէս կը տանի Տիրոջ հետ հանդիպումին որ կը հոսեցնէ Աւետարանի ուրախութիւնը:
Ընդհանուր զեկուցողը հրաւիրեց այս գանձը չպահել իրենց համար, հրաւիրելով քննարկել այդ փորձառութեան հարստութիւնը Աստուծոյ Ժողովուրդին հետ կիսելու միջոցները , ոչ միայն զանոնք պատմելով այլ նորոգելով նաեւ Եկեղեցիները։
Առաջարկել աշխատանքը դիւրացնող գործիքներ
«Հնարաւոր չէ բոլոր մկրտուածները բերել Պօղոս Զ սրահ, բայց հարցը ասիկա չէ. պէտք չէ գալ այստեղ՝ մտնելու սիւնհոդոսական եկեղեցւոյ շարժականութեան մէջ։ Մեր աշխատանքի նպատակն է յառաջիկայ մի քանի օրուայ ընթացքին առաջարկել գործիքներ, որ դիւրացնեն այս աշխատանքը» ըսաւ Կարդինալ Հոլլերիխը իր զեկոյցի աւարտին:
Նշենք որ գրեթէ ամէն օր ժամը 13,30ին, Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակին մէջ տեղի կ՛ունենայ մամլոյ ասուլիս, որուն ընթացքին սիւնհոդոսի մասնակցողներ ելոյթ կ՛ունենան պատմելով իրենց փորձառութիւնները։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ