ҽ

2019.07.24 Matteo Ricci, missionario in Cina

Հայր Լոմպարտի. Մաթթէօ Ռիչին երկխօսութեան կամուրջ` ընդմէջ քրիստոնէութեան եւ Չինաստանի

Յիսուսեան միաբանութեան անդամ եւ “Joseph Ratzinger-Benedetto XVI” Վատիկանեան Հիմնարկի նախագահ` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի իր միջամտութինը բերաւ դասախօսութեան մը, որ նուիրուած էր իր միաբանկից եղբօր Մաթթէօ Ռիչչիին որ 600ականներուն սատարեց ասիական այդ երկիր մէջ Աւետարանի տարածումին
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ընթացիկ ամսուայ 16-ին Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած «Քաղաքական Սէր» հանդիպումը որպէս հիմնական թեմա ունէր եօթներորդ դարու Յիսուսեան միսիոներ Մաթթէօ Ռիչիի դիւանագիտական ​​ուսուցումը։

Համաժողովի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ նաեւ Յիսուսեան միաբանութեան անդամ եւ “Joseph Ratzinger-Benedetto XVI” Վատիկանեան Հիմնարկի նախագահ` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին, որ ընդգծեց դիւանագիտական ​​յարաբերութիւններուն մէջ բարեկամութեան արժէքը՝ նշելով, թէ ինչպէս Ռիչին առաջին Յիսուսեանն էր, ով մտաւ Չինաստան՝ ժամանելով Փեքին 1601 թուականին: Հայր Լոմպարտին բացատրեց որ Ռիչին հետեւելով Սուրբ Ֆրանչեսքօ Սավերիոյի օրինակին ժամանակ յատկացուց սորվելու չինական լեզուն ու մշակոյթը ու թէ ինչպէս անոր այս յանձնառումին արդիւնքը եղաւ գտնել Աւետարանի մշակութայնացման մեթոտ մը, որ յատկանշուած էր չինական մշակոյթին նկատմամբ խոր յարգանքով ու գործունեայ ունկնդրութեամբ զրուցակիցներու հարցումներուն։

Ռիչին արդարեւ զանազան միջավայրերուն մէջ խթանեց հարուստ երկխօսութիւն մը չինացի բարեկամներուն հետ, սկսեալ գիտութենէն ու բարոյականութենէն մինչեւ կրօնը ու փրկութիւնը։ Այս մօտեցումը սատարեց ստեղծելու յարաբերութիւններ, որոնք հիմնուած են յարգանքի եւ խաղաղութեան վրայ, ներկայացնելով Արևելքի և Արևմուտքի և  քրիստոնէութեան ու Չինաստանի միջև արդիւնաւէտ փոխգործակցութեան տիպար:

Վերոնշեալ հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը բերին ի միջի այլոց Սերպիայի և Թիմոր-Լեսթի դեսպանները, որոնք անդրադարձան Ռիչիի կերպարով ոգեշնչուած դիւանագիտական​​ կապերու արժէքին:

 

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/10/2024, 08:00