ҽ

Կարդինալ Մարիօ Կրէք Կարդինալ Մարիօ Կրէք  (Vatican Media)

Կարդինալ Կրէք «Հետեւինք Սուրբ Հոգիին ուղիին ու ընդլայնենք մեր վրանի սահմանները»

Սինոդասականութեան նուիրուած սինոդի անդամները մասնակցեցան Կարդինալ Մարիօ Կրէքի մատուցած Սուրբ Պատարագին, Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ։ Ծիրանաւորը քարոզին մէջ մեկնաբանեց օրուան աւետարանը ուր կը խօսուի Յիսուսի պատմած առատ բերք ունեցող մարդու առակի մասին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 21 հոկտեմբերին, Վատիկանի մէջ կը շարունակուին Սինոդասականութեան նուիրուած սինոդի աշխատանքները։ Այսօր առաւօտեան, սինոդի անդամները մասնակցեցան Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ մատուցուած Սուրբ Հոգիին նուիրուած Պատարագին ձեռամբ, Սինոդի ընդհանուր քարտուղար կարդինալ Մարիօ Կրէքին։

Քարոզին մէջ ծիրանաւորը մեկնաբանեց օրուան աւետարանը, ուր կը խօսուի առատ բերքեր ունեցող հարուստ մարդու, Յիսուսի պատմած առակի մասին.

«Հասանք ընդհանուր սինոդի եզրափակիչ աշխատանքներուն՝ պտուղը ուղեւորութեան մը, զոր սկսաւ 2021ին հոկտեմբերին։ Այսօրուան Աւետարանը մեզի կը հրաւիրէ խորհելու ագահութեան մասին, ոչ միայն նիւթական բարիքներուն համար ,այլ նաեւ այս Սինոդէն մեզի յանձնուած բարիքներուն եւ գեղեցկութեան համար։»

Յիսուսի պատմած առակը կը սկսի ժառանգութեան վերաբերեալ հարցումով։ Յիսուս սակայն չ՝ընդունիր այդ ժառանգութիւնը կիսելու խնդրանքը, այլ կը հրաւիրէ պահպանելու միասնութիւնը, որովհետեւ ագահութիւնը բաժանումի պատճառն է եւ արգելք կը հանդիսանայ հաղորդութիւնը փնտռելու։ Այս օրերուն, պէտք է որ հաւաքենք մեր սինոդի ուղիին պտուղները, խուսափելով բաժնուելէ, ու փնտռելով միասնութիւնը։

Կարդինալ Մարիօ Կրէք նշեց որ Յիսուսի առակը կը խօսի հարուստ բերք ունեցող մարդու մը մասին։ Այդ մարդը կը մտածէ ինչպէս կառավարել այս առատութիւնը, բայց անոր լուծումը կուտակելու համար աւելի մեծ շտեմարաններ կառուցել է։ այստեղ ընդգծեց Ծիրանաւորը կը առաջանայ միրգերու հետ բաւարարուելու վտանգը, առանց զանոնք վերստին ներդրելու

Մենք եւս պիտի ուզենայինք «Եկամուտով ապրիլ», առանց կիսելու Աստուծոյ պարգեւները։ Պէտք չէ որ փակուինք մեր անձին մէջ, ընդհակառակը ինչպէս կ՝առաջարկէ Եսայի մարգարէն, պէտք է, որ ընդլայնենք մեր վրանի սահմանները, եւ շարունակել աշխատիլ։

Առակի մարդու սխալէն խուսափելու համար, անհրաժեշտ է լսել Յիսուսի խօսքեր եւ հեռու մնալ ագահութենէն։ ըսաւ Կարդինալ Կրէք աւելցնելով որ պէտք է որ գիտակցինք թէ պտուղները Աստուծոյ նուէրներն են եւ ոչ թէ մեր անձնական ունեցուածք։ Հետեւելու ճանապարհը Սուրբ Հոգիին ճանապարհն, որ մեզի բաց կը պահէ Աստուծոյ նորութիւններուն եւ մեզ կ՝առաջնորդէ երկխօսութեան հաղորդակցութեան մէջ։

Միայն Սուրբ Հոգին մեզի թոյլ կու տայ բացայայտելու նոր ուղիներ եւ յոյսով շարունակելու սինոդական ուղին։Երբ կը ներանձնականանք մեր մէջը, կը կորցնենք այն ինչ որ հաւաքած են, իսկ եթէ լսենք Սուրբ Հոգիին ձայնը պիտի կարողանանք սկսիլ նոր ուղի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/10/2024, 11:21