ҽ

Կարդինալ Ռենաթօ Մարթինօ Կարդինալ Ռենաթօ Մարթինօ 

Ոչ եւս է Կարդինալ Ռենաթօ Ռաֆֆայելէ Մարթինօ

Ոչ եւս է կարդինալ Ռաֆֆայելէ Մարթինօն, Քահանայապետական Խաղաղութեան եւ Արդարութեան խորհուրդին ինչպէս նաեւ Գաղթականներուն եւ Փախստականներու հովուական ծառայութեան խորհուրդի երբեմնի նախագահը։

Վազգէն Աբարդեան -Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ոչ եւս է կարդինալ Ռաֆֆայէլէ Մարթինօն, Քահանայապետական Խաղաղութեան եւ Արդարութեան խորհուրդին ինչպէս նաեւ Գաղթականներուն եւ Փախստականներու հովուական ծառայութեան խորհուրդի երբեմնի նախագահը։ Ծիրանաւորը իր մահկանացուն կնքեց 91 տարեկանին Հռոմի մէջ, 28 հոկտեմբերին։

Կարդինալ Մարթինօն ծնած է 23 Նոյեմբեր 1932 ին։ Ան քահանայ ձեռնադրուած է 20 յունիս 1957ին, եւ մասնագիտացած է եկեղեցական իրաւաբանական գիտութեան մէջ։ 1962ին ընդունուած է Վատիկանի դիւանագիտութեան մէջ եւ աշխատած է Նիքարակուայի, Ֆիլիփփինի, Լիբանանի, Քանատայի եւ Պրազիլի Պապական Նուիրակութիւններու մէջ, եղած է նաեւ Պետական քարտուղարութեան միջազգային կազմակերպութիւններուն բաժանմունքի պատասխանատու։ 1986ին, նշանակուած է ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ եւ այս պաշտօնով մասնակցած է ՄԱԿ-ի կողմէ կազմակերպուած միջազգային համաժողովներուն։

21 հոկտեմբեր 2003ին, Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին օրով դարձած է կարդինալ։ Ժողովուրդներու միջեւ խաղաղ եւ շահաւէտ յարաբերութիւններուն, մարդկութեան եւ մշակոյթի զարգացման օգուտին իր մշտական գործունէութեան համար կարդինալ Մարթինօ արժանացած է բազմաթիւ պատուաւոր կոչումներուն եւ պարգեւներուն։

Կարդինալ Մարթինոյի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 30 հոկտեմբերին, յետմիջօրէին ժամը 3ին, Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ, գլխաւորութեամբ Կարդինալական Դասի աւագ ծիրանաւոր կարդինալ Ճովաննի Պաթիսթային եւ մասնակցութեամբ եպիսկոպոսներու եւ ծիրանաւորներուն։
Յուղարկաւորութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի գլխաւորէ թաղման կարգը։

Կարդինալ Մարթինոյին մահով, կարդինալական դասը այժմ կազմուած է 233 կարդինալներէն՝ քահանայապետ ընտրելու իրաւունք ունեցող 121 կարդինալներ եւ  քահանայապետ ընտրելու ոչ իրաւունք ունեցող 122 կարդինալներ։

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցան գիրը

Կարդինալ Մարթինոյի մահուան կապակցութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապ ցաւակցական հեռագիր մը ուղղեց որուն մէջ իր ցաւակցութիւնները յայտնեց ողորմած ծիրանաւորին հարազատներուն, Սալերնօ եւ Քամբանիա թեմի արքեպիսկոպոսին։

Ֆրանչիսկոս Պապ բարձր գնահատեց կարդինալ Մարթինոյի մատուցած ծառայութիւնները մասնաւորապէս որպէս Պապական նուիրակ Ասիական կարգ մը երկիրներու մէջ եւ ՄԱԿ-ի մօտ միջազգային կազմակերպութիւններու մօտ որպէս Քահանայապետական արդարութեան եւ խաղաղութեան խորհուրդի նախագահ։

Ֆրանչիսկոս Պապ հեռագիրին մէջ նշեց, որ Կարդինալ Մարթինոն իրեն յանձնուած բոլոր պարտականութիւններու մէջ գործեց ժողովուրդի բարելաւման համար, խթանելով մնայուն երկխօսութիւն եւ համերաշխութիւն։

«Տիրոջմէ կը խնդրեմ որ ընդունի այս հաւատարիմ ծառան երկնային Երուսաղեմի մէջ եւ սրտանց իմ օրհնութիւնս կը հաղորդեմ բոլոր անոնց որոնք կը սգան ծիրանաւորին մահը», գրեց Սրբազան Հայրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/10/2024, 08:23