Ֆրանչիսկոս Պապ. «Յիսուսը տանինք հոն ուր որ կը գտնուինք»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Այսօր՝ 7 փետրուարին, Մատրիտի մէջ կը գումարուի կոչումներուն նուիրուած ազգային գագաթնաժողով մը, ունենալով որպէս նիւթը «Որո՞ւն համար եմ, առաքելութեան համար կանչուածները»։
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ուղերձ մը յղելով կոչումներուն նուիրուած համագումարին մասնակիցներուն շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք Սպանիոյ մէջ կ՝աշխատին կոչումներուն համար մասնաւորապէս Եպիսկոպոսներուն եւ մեծաւորներուն ներկայացուցիչներուն, որոնք ընկերացած են «հաւատքի մէջ վեհանձն կեանքի վկաներուն՝ երիտասարդներուն»։
Անդրադառնալով «Christus vivit» Առաքելական նամակին մէջ նշուած համագումարին նիւթին Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց թէ, այդ նիւթը հրաւէր է մտածելու ոչ միայն այն մասին, թէ ով ենք մենք, այլ մասնաւորապէս այն մասին, թէ որուն համար ենք։ «Աստուած մեզ ստեղծեց ուրիշներուն համար շնորհելով մեզի ձիրքեր եւ շնորհապարգեւներ, զոր պէտք ենք կիսել»։
Ֆրանչիսկոս Պապ ուղերձին մէջ յիշեց Աւետարանին մէջ նշուած հարուստ երիտասարդը, որ Յիսուսին կը հարցնէ, թէ ինչ պիտի ընէ յաւիտենական կեանքը ունենալու համար։ «Յիսուսի պատասխանը կ՝ընդգծէ, թէ իսկական բարութիւնը ձեռք չի բերուիր միայն հետեւելով օրէնքներուն այլ մեր անձը նուիրելով։ Յիսուս երիտասարդէն կը խնդրէ, որ ամէն ինչ ծախէ ու իրեն հետեւի, հրաւէր մը որ կը վերաբերի բոլորին»։
Ուղերձին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կը յիշէ Սպանիոյ մէջ տեղի ունեցած Տանա ջրհեղեղը նշելով, որ այդ աղէտը մեզի կը յիշեցնէ, թէ այն ինչ որ ունինք ուրիշներու համար է» նկատել տալով , որ այն ատեն երբ հոգ չենք տանիր մերձաւորին կը զգանք Աստուծոյ ձայնը, որ մեզմէ կը խնդրէ պատասխանատու ըլլալ ուրիշներուն համար։
Ուղերձին մէջ քահանայապետը կը գրէ, որ հարուստ երիտասարդը կը մտահոգուի միայն իր կեանքի եւ հարստութիւններուն համար, մինչ հաւատքի իսկական վկաները ամէն բան կը կատարեն ուրիշներուն օգնելու համար այնպէս ինչպէս պատահեցաւ արտակարգ իրավիճակին մէջ։ Պէտք է, որ զատորոշենք մեր կոչումը եւ մեր ունեցուածքը մատակարարել սէրով, միացնելով եւ ոչ թէ բաժնելով։
Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց թէ պէտք չէ մտածել առաքեալներուն նման, թէ այն ինչ որ ունինք բաւարար չեն։ Նոյնիսկ եթէ չ՝ունին արծաթ եւ ոսկի, կրնանք պատասխանել ուրիշներու հոգեւորական կարիքներուն, այնպէս ինչպէս կատարեց Սուրբ Պետրոսը անդամալոյծին հետ հրաւիրելով զայն ոտքի կանգնելու։
Ֆրանչիսկոս Պապ ուղերձին մէջ հրաւիրեց աղօթելու, որպէս այս համագումարին ընթացքի ունենանք կարող աչքեր, որ կը տեսնէ մերձաւորին շօշափելի կարիքները։ «Մեր կոչումը այն է, Աստուած տանիլ հոն ուր որ կը գտնուինք, մենք մեզ յանձնելով Անոր կամքին։ Տէրը մեզ պիտի զարմացնէ եւ պիտի առաջնորդէ դէպի ուրիշները, օգնելով մեզի Յիսուսը գտնելու անոնց գիրկը, որոնց կը հանդիպինք։
Ֆրանչիսկոս Պապ ուղերձը աւարտեց հայցելով Տիրոջ օրհնութիւնը ու Տիրամօր հովանին ապա ինչպէս միշտ կը խնդրէ, որ չմոռնան աղօթելու իրենց համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ