Ֆրանչիսկոս Պապ. Շարունակել համագործակցիլ եկեղեցւոյ հետ Աւետարանի ուրախութիւնը տարածելու համար
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երեքշաբթի, 18 փետրուարին, Փատովայի «Թրիվենեթօ» աստուածաբանական համալսարանին մէջ նշուեցաւ համալսարանի հիմնադրութեան 20-րդ տարեդարձը։ 20-րդ ուսումնական տարուան բացման արարողութեան ընթացքին կարդացուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին շնորհաւորական նամակը ու իր սիրտի խօսքը ուղղեց նաեւ Վենետիկի պատրիարք գերպ Ֆրանչէսքօ Մորալիա
28 յունուար 2025 թուակիր շնորհաւորական նամակին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհաւորեց «Թրիվենեթօ» համալսարանի Աստուածաբանական բաժանմունքին հիմնադրութեան 20-րդ ամեակը, գոհութիւն յայտնելով Աստուծոյ կատարած բարիքներուն համար մասնաւորապէս տարածաշրջանի երիտասարդներուն նկատմամբ։
Նամակին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց յիշեալ համալսարանի անդամները շարունակելու համագործակցիլ եկեղեցւոյ հետ արար աշխարհի Քրիստոսը հռչակելու առաքելութեան մէջ հաւատարիմ մնալով աւանդութեան, սակայն բաց գտնուելով ժամանակներու նշաններուն ներքեւ, ընդունելով առկայ մարտահրաւէրները, Աստուծոյ աւետարանի ուրախութիւնը մարդոց փոխանցելու համար։
«Այս նպատակին հասնելու համար, ձեր Աստուածաբանական բաժանմունքը կոչուած է միշտ ըլլալու կազմաւորումի վայր, ոչ միայն ուսմունքով կամ աստուածաբանական գիտելիքներուն խորացումով, այլ իւրաքանչիւրին քրիստոնէական վկայութեամբ» նշեց Սրբազան Հայրը շնորհաւորական նամակին մէջ, մաղթանք յայտնելով ուսուցիչներուն գիտնալու օգնել երիտասարդներուն, ինքզինքին իրականացնելու հիմնուած, բարիքի եւ գեղեցկութեան ճշմարտութեան վրայ, որոնց Աղբիւրը Աստուծոյ մէջ կը գտնուի։
Նորին Սրբութիւնը նամակը աւարտեց իր երախտագիտութիւն յայտնելով համալսարանի կատարած կրթական առաքելութեան համար, ապա հայցելով Տիրամօր հովանին, շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը։
Բացման արարողութեան ընթացքին իր խօսքին գերպ Մորալիա զրուցեց «Ո՞ր տեսակ Եւրոպա» վերտառութեամբ նիւթին մասին ու ընդգծեց ժամանակակից մշակոյթի քննադատական մօտեցումին անհրաժեշտութիւնը, մասնաւորապէս արհեստական բանականութեան դարաշրջանին։ Պատրիարքը կարեւորեց բարին եւ ճշմարիտը փնտռելու մարդկային կարողութիւնը՝ որպէս բանալի Աստուծոյ հանդիպելու համար ապա գոհութիւն յայտնեց բոլոր անոնց որոնք իրենց ներդրումը ունեցան աստուածաբանական համալսարանին՝ քսան տարիներուն ընթացքին, ընդգծելով եկեղեցիներուն եւ տարածքին մատուցուող ծառայութիւնը։ Ան իր խօսքը եզրափակեց մաղթելով որ համալսարանը կարենայ շնորհալի եւ պայծառ լոյս ըլլայ, որ կարող է հարցականի տակ դնել եւ ներգրաւել մարդկային կեանքի բոլոր ոլորտները եւ խթանել հաւատքի գեղեցկութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ