ҽ

Ֆրանչիսկոս Պապ կը խնդրէ աղօթել քահանայական կոչումներուն համար

Հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Փետրուար ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան նուիրուած տեսերիզը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

«Պապին աղօթքի համաշխարհային ցանց» քահանայապետական հաստատութիւնը հրապարակեց Ֆրանչիսկոս Պապին փետրուար ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզը՝ նուիրուած քահանայական կոչումին։

Այս մասին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ Ֆրանչիսկոս Պապ կը հրաւիրէ փետրուար ամսուան ընթացքին աղօթենք «Որպէսզի եկեղեցական հաստատութիւնները ողջունեն երիտասարդներուն փափաքներն ու կասկածները, որոնք կը զգան Քրիստոսի առաքելութեան ծառայելու կոչումը կրօնական եւ քահանայական կեանքին մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ տեսերիզին մէջ կը յիշէ իր կոչումը երբ երիտասարդ էր, եւ կ՝ընդգծէ որ լսելով երիտասարդներուն կարելի է ճանչնալ Աստուծոյ կոչումը, աշխարհի եւ եկեղեցւոյ աւելի լաւ ծառայելու համար։

Քահանայապետը ապա կը հրաւիրէ մեր յոյսը դնելու երիտասարդներու վրայ առաջին հերթին Աստուծոյ վրայ, «Ով իւրաքանչիւրը կը կանչէ», նշուած է փետրուար ամսուայ Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզին վերաբերեալ« Պապին աղօթքի համաշխարհային ցանց» քահանայապետական հաստատութեան յայտարարութեան մէջ։ 

Տեսերիզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝ըսէ.

«Երբ ես 17 տարեկան էի, ուսանող էի եւ կ՝աշխատէի, ունէի իմ ծրագիրներս։ Ես ընդհանրապէս չէի մտածեր քահանայ դառնալու մասին։ Բայց օր մը ես ժողովրդապետութիւն մտայ… եւ այնտեղ Աստուած կը սպասէր ինծի։

Աստուած կը շարունակէ երիտասարդները կանչել, նաեւ այսօր եւ որոշ դէպքերուն՝ այնպէս ինչպէս մենք չենք պատկերացներ։

Երբեք մենք չենք լսեր Անոր, որովհետեւ շատ զբաղած ենք մեր գործերով, ծրագիրներով նոյնիսկ եկեղեցական մեր բաներով։

Բայց Սուրբ հոգին մեզի կը խօսի նաեւ երազներու միջոցաւ եւ մեզի կը խօսի այն անհանգստութիւններու միջոցաւ որ երիտասարդները կը զգան իրենց սիրտերուն մէջ։

Եթէ ուղեկցինք անոնց ճանապարհին, պիտի տեսնենք թէ ինչպէս Աստուած նոր բաներ կը կատարէ Անոնց հետ։ Եւ պիտի կարենանք ընդունիլ անոր կոչումը այն ձեւերով որոնք լաւ կը ծառայեն եկեղեցւոյ եւ այսօրուան աշխարհին։

Աղօթենք որպէսզի եկեղեցական հասարակութիւնը ողջունէ երիտասարդներուն փափաքներն ու կասկածները, որոնք կը զգան Յիսուսի առաքելութիւնը ապրելու կոչումը՝ իրենց կեանքին մէջ՝ըլլայ, քահանայական, ըլլայ կրօնական կեանքին մէջ։ 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/02/2025, 16:00