ҽ

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Սքատինաւեան երկիրներէն ժամանած ուխտաւորներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Սքատինաւեան երկիրներէն ժամանած ուխտաւորներուն հետ  (ANSA)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Սքանտինաւեան երկիրներէն ժամանած ուխտաւորներուն. Հետեւեցէք Յիսուսին ու կիսեցէք Անոր ուսուցումները

Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութիւն շնորհեց Սքանտինաւեան երկիրէներէ ուխտագնացութեամբ Հռոմ ժամանած խումբ մը հաւատացեալներուն որոնց շարքինգ էին նաեւ Շուէտի Հայ Կաթողիկէ համայնքէն հաւատացեալներ, որոնց ընկերակցած է անոնց ժողովրդապետը` Հայր Յովսէփ Ծ. Վրդ. Պահէ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 3 փետրուարին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Յոյսի նուիրուած յոբելինական սուրբ տարուան առթիւ ուխտագնացութեամբ Հռոմ ժամանած Շուէտէն, Նորվէկիայէն, Տանիմարքէն, Ֆինլանտիայէն, Իսլանտէն խումբ մը ուխտաւորներներու, որոնց շարքին էին նեաւ Շուէտի հայ կաթողիկէ համայնքէն հաւատացեալներ, ընկերակցութեամբ իրենց ժողովրդապետ` Հայր Յովսէփ  Ծ. Վրդ. Պահէին։

Այս առիթով արտասանած ճառին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ողջունեց ու իր ուրախութիւնը յայտնեց Սկատինաւեան երկիրներէն ժամանած ուխտաւորներուն Հռոմ կատարած այցելութեան համար ու ընդգծեց հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ կարեւորութիւնը, որպէս քրիստոնէական կեանքի էական տարրեր։

Անդրադառնալով յոբելինական Սուրբ Տարուան՝ «Յոյսի ուխտաւորներ» կարգախօսին, Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց հաւատացեալները ամրապնդելու իրենց յոյսը եւ ճանչնալու իրենց երկիրներուն մէջ եկեղեցւոյ աճումի նշանները։

«Մինչ կ՝այցելէք յաւիտենական քաղաքի սուրբ վայրերը, մասնաւորապէս Սուրբ Պետրոս եւ Պօղոս առաքեալներուն դամբարանները, կ՝աղօթեմ որպէսզի ձեր հաւատքը Յիսուսի քրիստոսի հանդէպ ինչպէս նաեւ ձեր՝ առաքեալներուն եւ եկեղեցւոյ հաղորդութեան մէջ մէկը միւսին պատկանելութեան գիտակցութիւնը սնուած եւ խորացուած ըլլայ» ըսաւ Սրբազան Հայրը, աւելցնելով «Վերադառնալով ձեր տուները յիշեցէք, որ ուխտագնացութիւնը չվերջանար, այլ իր նպատակը կը դնէ առաքելութեան առօրեայ ուղեւորութեան վրայ եւ աւետարանումի պարտականութիւնը շարունակելու կոչումին վրայ։

Նորին Սրբութիւնը յորդորեց ուխտաւորները կիսելու Փրկութեան պատգամը ու խնամք տանիլ բոլոր անոնց որոնք մեկուսացուած են հասարակութեան մէջ ու ընդգծեց աւետարանացումի կարեւորութիւնը ինչպէս նաեւ կաթողիկէ եւ այլ դաւանքներու հասարակութիւններու միջեւ համագործակցութիւնը, մասնաւորապէս պատերազմի ժամանակաշրջանին մէջ։ Հրաւիրեց երկխօսութիւն կատարել ուրիշ կրօնքներուն պատկան անձերուն հետ, մանաւանդ գաղթականներու հետ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսքը ուղղելով երիտասարդներուն, յիշեց Երանելի Քարլօ Աքութիսի սրբադասումը քաջալերելով զանոնք Հետեւելու Յիսուսին եւ աշխուժօրէն նպաստելու եկեղեցւոյ ։

«Մեր ժամանակներու մէջ եւ մեր ժամանակներու համար այս սուրբ երիտասարդը ձեզի եւ բոլորիս ցոյց կու տայ, թէ աշխարհի մէջ երիտասարդներու համար ինչքան կարելի է հետեւիլ Յիսուսին, կիսել Անոր ուսուցումները ուրիշներուն հետ եւ գտնել կեանքի լիութիւնը՝ ուրախութեան, ազատութեան եւ սրբութեան մէջ»։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը ապա բարի ուխտագնացութիւն մաղթելով խնդրեց, որ աղօթեն իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/02/2025, 09:55