Սրբազան Պապը հանդիպեցաւ ուքրանացի որբերու հետ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
5 Փետրուարի Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութենէն առաջ Նորին Սրբութիւնը հանդիպեցաւ Ուքրանիոյ Խարքիւ քաղաքէն եկած եօթը աղջիկներու հետ, որոնք Հռոմ կը գտնուին շնորհիւ «Memoria Viva – Կենդանի յիշատակ» ընկերակցութեան։ Անոնց շարքին էր 18 տարեկան Վերոնքիան, որ ծանրապէս վիրաւորուած էր պատերազմի ժամանակ եւ կարողացաւ բուժում ստանալ Իտալիոյ մէջ։ Ան Սրբազան Պապին նուիրեց «Վիլնա» անունով «տիկնիկ» մը, որ պատրաստուած էր ռուսական ռումբի բեկորէ մը, որ քիչ մնաց որ մխրճուէր Վերոնիքայի սրտին։
Այս «տիկնիկ»ը կը խորհրդանշէ դիմադրութիւնն ու վերածնունդը և կը հանդիսանայ «Memoria Viva» ընկերակցութեան ծրագրի մէկ մասը, որ աջակցութիւն և օգնութիւն կ՛առաջարկէ Ուքրանիայի պատերազմէն տուժող երիտասարդներուն:
Ընկերակցութեան ներկայացուցիչ Քլուատիա Քոնթէ Վատիկանի լրատուամիջոցներուն հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին պատմեց թէ ինչպէս այս աղջիկները կորսնցուցին ոչ միայն ծնողք այլ նաեւ ապրելու ուրախութիւնը եւ ազատութիւնը։ Ընկերակցութիւնը անոնց մարդասիրական օգնութիւններ երաշխաւորեց անոնց հետ հաստատելով խոր կապեր։
Քահանայապետի հետ հանդիպումի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը սիրալիր կերպով ողջունեց զանոնք ու իր ստորագրութիւնը դրաւ նաեւ ուքրանական մէկ դրօշին վրայ։
Քլուատիա Քոնդէն մատնանշեց բարի արարքներու լուրեր հաղորդելու կարեւորութիւնը, աշխարհի մը մէջ` ուր յաճախ կը գերիշխէ չարը, ընդգծելով այս երիտասարդներուն օգնելու անհրաժեշտութիւնը յաղթահարելու համար պատերազմի վնասուածքները՝ եւ այնպէս ընելու` որ անոնք ատելութեամբ լի չմեծնան:
«Տիկնիկի» կապուած զօրակցութեան ծրագիրին նպատակն է թիկունք կանգնիլ որբանոցի մը ուր կ՛ապրին երիտասարդուհիները, սատարելով անոնց վերածնունդին ու անոնց ողբերգական փորձառութիւններու յաղթահարումին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ