ҽ

2025.01.08 Alessandro Brai - Thailande - lavoro minorile

Մարդոց միջեւ յոյսի Միսիոնարներ. Քահանայապետին պատգամը 2025ի Միսիոներական Համաշխարհային Օրուան առիթով

Բնաբանը կոչ մըն է քրիստոնեաներուն ու Եկեղեցւոյ` «մկրտեալներու հասարակութեան հիմնական կոչումին, ըլլալու` Քրիստոսի հետքերուն վրայ յոյսի պատգամաւորներ ու կառուցողներ», կը գրէ Նորին Սրբութիւնը պատգամին սկիզբը եւ ասկէ մեկնելով շեշտը կը դնէ քրիստոնէական միսիոներական ինքնութեան վրայ, զանոնք ամփոփելով երեք կէտերու մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի` 6 Փետրուար 2025ին հրատարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Միսիոներական 99րդ Համաշխարհային Օրուան 2025ի Յոբելենական տարւոյն պատգամը` որուն համար Սրբազան Պապը ընտրած է «Մարդոց միջեւ յոյսի Միսիոնարներ» բնաբանը, եւ որ կոչ մըն է քրիստոնեաներուն ու Եկեղեցւոյ` «մկրտեալներու հասարակութեան հիմնական կոչումին, ըլլալու` Քրիստոսի հետքերուն վրայ յոյսի պատգամաւորներ ու կառուցողներ», կը գրէ Նորին Սրբութիւնը պատգամին սկիզբը եւ ասկէ մեկնելով շեշտը կը դնէ քրիստոնէական միսիոներական ինքնութեան վրայ, զայն ամփոփելով երեք կէտերու մէջ.

Քրիստոսի հետքերուն վրայ. Յիսուս իր առաքելութեամբ Բարի Լուրը բերաւ ու յոյս պարգեւեց անոր` որ այդ յոյսին կարիքն ունէր։ Անոր աշակերտները կանչուած են շարունակելու այս առաքելութիւնը, ընկալելով մարդկութեան աղաղակը ու անոր պատասխանելով սիրով ու ծառայութեամբ։

Քրիստոնեաները որպէս յոյսի կառուցողներ. Քրիստոնեաները ապա պէտք են կիսել իրենց ժամանակակիցներուն ուրախութիւններն ու տառապանքը, դառնալով յոյսի պատգամաւորներ։ Այս ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապը երախտագիտութիւն կը յայտնէ բոլոր միսիոնարներուն, որոնք կ՛աշխատին Աստուծոյ սէրը ճանչնալու, խրախուսուելով քրիստոնէական հասարակութիւնները կենդանի պահելու յոյսը ու հոգ տանելու աւելիով դիւրաբեկներուն։

Նորոգել յոյսի առաքելութիւնը. Պատգամին մէջ Սրբազան Քահանայապետը կը հրաւիրէ նորոգելու զատկական հոգեւորականութիւնը ու ապրելու որպէս «գարնանային մարդիկ», յոյսի պատգամը տանելով աշխարհի մը մէջ, որ յաճախ կը դրսեւորէ տագնապի նշաններ։

Սրբազան Պապին համար աղօթքը միսիոներական առաջին արարքն է ու յոյսի աղբիւր, իսկ աւետարանութիւնը տեսնուած է որպէս հասարակական գործընթաց, որ կը պահանջէ բոլորին ներգրաւուածութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը պատգամը կ՛աւարտէ հրաւիրելով դիմել Մարիամին` Մայրը Յիսուս Քրիստոսին, մեր յոյսին, Անոր յանձնելով այս Յոբելեանի բարի մաղթանքները, որպէսզի «քրիստոնէական յոյսին լոյսը հասանելի ըլլայ իւրաքանչիւր մարդու, որպէս Աստուծոյ սիրոյն պատգամ, որ ուղղուած է բոլորին։ Եւ որպէսզի Եկեղեցին ըլլայ այդ պատգամին հաւատարիմ վկան, աշխարհի բոլոր անկիւններուն մէջ»։

Պատգամը կը կրէ 25 Յունուար 2025 թուականը ու տրուած է Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս տաճարէն, Սուրբ Պօղոս առաքեալի դարձի տօնին առիթով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/02/2025, 12:00