ҽ

ITALY-VATICAN-POPE-HEALTH

Սրբազան Պապը հանգիստ գիշեր մը ունեցաւ Ճեմելլի հիւանդանոցին մէջ

Երէկ երեկոյեան հրատարակուած այլ հաղորդագրութեամբ մամլոյ գրասենեակը տեղեկացուցած էր` որ «Կրծքավանդակի համակարգչային տոմոգրաֆիան, ցոյց տուաւ երկկողմանի թոքաբորբի սկիզբը, որ կը պահանջէ հետագայ դեղորայքային բուժական նոր գործընթաց» ընդգծելով նաեւ` թէ «բուժական գործընթացքը բարդ կը նկատուի»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը` չորեքշաբթի 19 Փետրուարի առաւօտեան «թելեկրամ» ընկերային ցանցին միջոցաւ տեղեկացուց` թէ «Սրբազան Քահանայապետը հանգիստ գիշեր մը անցուց ու այս առաւօտ արթննալէն ետքը նախաճաշ ըրաւ։ Ան ապա բազկաթոռի վրայ նստեցաւ, ըստ երեւոյթին սիրտը լաւ կը գործէ»։

Երէկ երեկոյեան հրատարակուած այլ հաղորդագրութեամբ մամլոյ գրասենեակը տեղեկացուցած էր` որ «Կրծքավանդակի համակարգչային տոմոգրաֆիան, ցոյց տուաւ երկկողմանի թոքաբորբի սկիզբը, որ կը պահանջէ հետագայ դեղորայքային բուժական նոր գործընթաց» ընդգծելով նաեւ` թէ «բուժական գործընթացքը բարդ կը նկատուի»։

Հակառակ ասոր Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը տեղեկացուց նաեւ` որ «Նորին Սրբութիւն կը մնայ լաւ տրամադրութեամբ» ու կարողութեան չափ կը շարունակէ իր առօրեայի գործերը, զանոնք ընդմիջելով աղօթքով ու հանգիստով։

Սրբազան Քահանայապետին Ճեմելլի հիւանդանոց գտնուելուն բերումով չեղեալ նկատուած են անոր բոլոր ժամադրութիւններն ու գործունէութիւնները ներառեալ այսօրուայ չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը ինչպէս նաեւ յառաջիկայ շաբաթ օր նախատեսուած` Յոյսի Սուրբ տարուան առիթով Յոբելենական ունկնդրութիւնը, որուն պիտի մասնակցէին Հռոմ ժամանած ուխտաւորները, որոնց շարքին Իտալիոյ Pesaro քաղաքի Աւագ Թեմին եւ Fano-Fossombrone-Cagli-Pergola Թեմերուն հաւատացեալներն ու կղերական դասը։

Այս շաբաթավերջին ապա նախատեսուած էր Սարկաւագներու Յոբելենական ուխտագնացութիւնը, որ պիտի աւարտի Կիրակի 23 Փետրուարի առաւօտեան, Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ մատուցուած սուրբ պատարագով, զոր յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին ու անոր տնօրինութեամբ պիտի նախագահէ Աշխարհի մէջ աւետարանական հիմնարար հարցերու բաժանմունքի Աւետարանութեան Վերատեսչութեան Համա-վերատեսուչը` Գերապ. Ռինօ Ֆիզիքելլա։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/02/2025, 08:15