ҽ

2025.02.01 Il Papa in dialogo con i giovani ucraini

Ֆրանչիսկոս Պապը առցանց զրուցեց Ուքրանացի երիտասարդներուն հետ. Եղէք հայրենասէր

Պատասխանելով իրեն ուղղուած ներումի մասին հարցումի մը, երբ պատերազմի ցաւն ու անարդարութիւնները սրտին մէջ կը թողուն խոր վէրքեր, Սրբազան Պապը հաստատեց թէ ներումը դժուար է, «ամենադժուար բաներէն մէկը» եւ աւելցուց. «ինծի կ՛օգնէ այս նախադասութիւնը. Ես պէտք է ներեմ այնպէս ինչպէս ես ներուեցայ։ Մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է իր կեանքին մէջ հասկնայ ինչպէս ներուեցաւ» եղան Նորին Սրբութեան խօսքերը։
Ունկնդրէ այս եւ Քահանայապետին հայող այլ լուրերը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Շաբաթ մէկ Փետրուար 2025ի յետմիջօրէին Ֆրանչիսկոս Պապը առցանց հանդիպում ունեցաւ Քիեւի, Եւրոպայի ու Միացեալ Նահանգներու այլ քաղաքներէն մի քանի Ուքրանացի երիտասարդներուն հետ։ Պահ մը աղօթքէն ետքը երիտասարդները կարդացին մի քանի ցաւալի վկայութիւնները հայող պատերազմի իրավիճակին, որուն մէջ կ՜ապրին անոնք եւ պատերազմի իրենց, իրենց ընտանիքներուն ու երկրին վրայ ունեցած հետեւանքներուն» լուրը հաղորդեց Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը «Թելեկրամի» վրայ հրատարակած հաղորդագրութեան մը միջոցաւ։ 

Այնտեղ նշուած է նաեւ թէ երիտասարդները հարցումներ ուղղեցին Ֆրանչիսկոս Պապին որոնց ան պատասխանեց իր մօտիկութիւնը արտայայտելով անոնց ու ցաւը` հակամարտութեան պատճառած վէրքերուն համար. Պատերազմը անօթութիւն կը յառաջացնէ, պատերազմը կը սպանէ» ըսաւ Սրբազան Պապը ապա երիտասարդներէն խնդրեց ըլլալ հայրենասէր` «սիրել հայրենիքը, պաշտպանել զայն», նման Օլէքսանտըրին, երիտասարդ մարտիկը, որուն Սրբազան Պապը իր գրասեղանին վրայ, որպէս մասունք,  կը պահպանէ Աւետարանը,  Սաղմոսներու գրքոյկը  եւ Վարդարանը, ապա անոնց յանձնարարեց ունենալ երազներ, ապագայի ծարաւը, արտայայտելով նաեւ Ուքրանիոյ համար իր խաղաղութեան իղձը. «Խաղաղութիւնը կը կառուցուի երկխօսութեամբ, մի յոգնիք երկխօսութենէ», նոյնիսկ եթէ դժուար է, միշտ ջանք դափեցէք որոնելու երկխօսութիւնը» յարեց ի միջի այլոց Նորին Սրբութիւնը։

Պատասխանելով հուսկ իրեն ուղղուած ներումի մասին հարցումի մը, երբ պատերազմի ցաւն ու անարդարութիւնները սրտին մէջ կը թողուն խոր վէրքեր, Սրբազան Պապը հաստատեց թէ ներումը դժուար է, «ամենադժուար բաներէն մէկը» ըսաւ Ան ու աւելցուց. «ինծի կ՛օգնէ այս նախադասութիւնը. Ես պէտք է ներեմ այնպէս ինչպէս ես ներուեցայ։ Մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է իր կեանքին մէջ հասկնայ ինչպէս ներուեցաւ» եղան Նորին Սրբութեան խօսքերը։ 

Հանդիպումի աւարտին ողջունելով երիտասարդները Սրբազան Պապը խօսքը եզրափակեց անգամ մը եւս շեշտելով հայրենասիրութեան կարեւորութիւնը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/02/2025, 20:05