ҽ

Զինեալ ուժերու Յոբելեան. Միասին քալենք՝ կառուցելու խաղաղութեան, արդարութեան և եղբայրութեան նոր դարաշրջան: Սրբազան Պապին քարոզը

Սրբազան Պապը հրաւիրեց ներկաները որ չկորսնցնեն իրենց ծառայութեան ու գործողութիւններուն նպատակը որ է նպաստել կեանքին, փրկել կեանքը, միշտ պաշտպանել կեանքը։ Ձեզմէ կը խնդրեմ որ հսկէք, հսկեցէք պատերազմի ոգի զարգացնելու գայթակղութեան դէմ. հսկեցէք` որպէսզի չհրապուրուիք ուժի առասպելով և զէնքի աղմուկով. հսկեցէք` որպէսզի երբեք չվարակուիք ատելութեան քարոզչութեան թոյնով, որ աշխարհը կը բաժանէ ընկերներու` զոր պէտք է պաշտպանել և թշնամիներու միջեւ, որոնց դէմ պէտք է պայքարիլ: Եղէք Հայր Աստուծոյ սիրոյ վկաները։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի` 9 Փետրուար 2025-ի առաւօտեան ժամը 10,30ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորեց զինեալ ուժերու, ոստիկանութեան և անվտանգութեան մարմիններու Յոբելեանին նուիրուած Սուրբ Պատարագը, որուն մասնակցեցան աշխարհի տարբեր երկիրներէն այս առիթով Հռոմ ժամանած գրեթէ 40 հազար ուխտաւորներ, որոնց մեծամասնութիւնը մաս կը կազմէին վերոնշեալ Մարմիններուն եւ որոնց կ՛ընկերանային անոնց ընտանեկան պարագաները։ Անոնց շարքին էին նաեւ Վատիկանի Զուիցերական պահակագունդի եւ ոստիկանութեան անդամները։

Զինեալ ուժերու Յոբելեանին նուիրուած պատարագ
Զինեալ ուժերու Յոբելեանին նուիրուած պատարագ

Սուրբ զոհի ընթացքին Քահանայապետին քարոզը կեդրոնացաւ օրուան աւետարանական հատուածին վրայ` որ քաղուած էր Ղուկասի Աւետարանէն ( Գլ. 5, 1-11 ) եւ կը խօսէր Յիսուսի առաջին աշակերտներու կոչումի մասին, որ կը պատահի Գեննեսարէթի ծովակին մօտ, ուր ձկնորսներ ուռկանները կը լուային։

Նորին Սրբութիւնը կարդաց քարոզին առաջին մասը ապա մնացած մասը յանձնեց քահանայապետական ծիսակատարութիւններու գրասենեակի պատասխանատուի Գերապ. Տիեկօ Ճովաննի Արք. Ռավելլիին, տրուած ըլլալով որ Նորին Սրբութիւնը այս օրերուն կը տառապի թոքերու բորբոքումէ։

Զինեալ ուժերու Յոբելեանին նուիրուած պատարագ
Զինեալ ուժերու Յոբելեանին նուիրուած պատարագ

Յարաբերութիւններու առաջնահերթութիւնը 

«Յիսուսին այդ դրուագի վարուելակերպը կը ներկայացուի երեք բայերով. Տեսաւ, բարձրացաւ, նստեցաւ։ Այս բայերը կը բացայայտեն` թէ Յիսուսին մտահոգութիւնը ինքնիր պատկերը ամբոխին ցոյց տալը չէր այլ հակառակը` ան առաջին տեղ կը դնէ միւսներուն հետ հանդիպումը, յարաբերութիւնը, յաճախ յոյսը խլող եւ սիրտը ծանրացնող յոգնութիւններու ու ձախողութիւններուն համար մտահոգութիւնը»։

Զինեալ ուժերու Յոբելեանին նուիրուած պատարագ
Զինեալ ուժերու Յոբելեանին նուիրուած պատարագ

Տսենել, բարձրանալ, նստիլ

Յիսուս նախ եւ առաջ կը տեսնէ. Անոր հայեացքը ուշադիր է, ու կարող կը դարձնէ նշմարել երկու նաւակներ ու նշմարել նաեւ ձկնորսներու դէմքերուն վրայ հիասթափութիւնը, որոնք «կը լուային դատարկ ուռկանները, անյաջող գիշերուայ մը աւարտին»։ Ան սակայն չի բաւարարուիր միայն դիտելով, այլ կը մօտենայ անոնց եւ տեսնելով անոնց հիասթափութիւնը նաւ կը բարձրանայ, անոնց հետ կիսելու համար երկար գիշերուայ յոգնութենէն ետք ապրուած յուսախաբութիւնը.... կը մօտենայ Սիմոնին, ճիշտ անոր ապրած այդ դժուար պահուն, խնդրելով որ քիչ մը ցամաքէն ծովուն մէջ տանի նաւը։ Նաւուն վրայ բարձրանալէն ետքը Յիսուս կը նստի, որդեգրելով ուսուցիչի, վարդապետի բնորոշող կեցուածքը։ Յիսուս արդարեւ նաւ կը բարձրանայ սորվեցնելու համար, այսինքն բարի լուրը հռչակելու, լոյս տանելու հիասթափութեան մթութեան մէջ, պատմելու Աստուծոյ գեղեցկութիւնը մարդկային կեանքին յոգնութիւններուն մէջ, անգամ մը եւս զգալ տալու թէ տակաւին յոյս կայ նաեւ երբ ամէն բան կորսուած կը թուայ։

Զինեալ ուժերու Յոբելեանին նուիրուած պատարագ
Զինեալ ուժերու Յոբելեանին նուիրուած պատարագ

Դարձեալ ծով նետել ուռկանները

«Երբ Տէրը կը բարձրանայ մեր կեանքին նաւուն վրայ, կեանքը կը վերսկսի, յոյսը կը վերածնի, կորսուած խանդավառութիւնը կը վերադառնայ, եւ կարող ենք դարձեալ ուռկանները նետել ծովուն մէջ» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը նշելով` որ « Յոյսի այս խօսքը մեզի կ՛ընկերանայ նաեւ այսօր, մինչ կը տօնախմբենք զինեալ ուժերու, ոստիկանութեան ու անվտանգութեան մարմիններու Յոբելեանը, որոնց շնորհակալութիւն կը յայտնեմ, իրենց մատուցած ծառայութեան համար» յարեց Սրբազան Պապը ողջունելով պատարագին ներկայ գտնուող պատկան իշխանութիւնները։

Զինեալ ուժերու Յոբելեանին նուիրուած պատարագ
Զինեալ ուժերու Յոբելեանին նուիրուած պատարագ

Զինեալ ուժերու ու ապահովական մարմիններու առաքելութիւնը

«Ձեզի վստահուած է մեծ առաքելութիւն մը, որ կ՛ ընդգրկէ սոցիալական և քաղաքական կեանքի բազմաթիւ հարթութիւններ՝ երկրի պաշտպանութիւնը, անվտանգութեան ի սպաս յանձնառումը, օրինականութեան և արդարութեան պաշտպանութիւնը, բանտերու մէջ ներկայութիւն, պայքար յանցագործութեան և բռնութեան տարբեր ձևերուն դէմ, որոնք կը սպառնան խախտել ընկերային խաղաղութիւնը...ինչպէս նաեւ բնական աղէտներու ընթացքին ծառայութիւնը, պաշտպանելու համար արարչագործութիւնը ու աւելիով դիւրաբեկները ինչպէս նաեւ խաղաղութեան խթանումը» աւելցուց Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով` որ «Յիսուս ձեզմէ ալ կը խնդրէ տեսնել, բարձրանալ ու նստիլ»:

Տեսնել, որովհետեւ կանչուած էք ունենալու ուշադիր հայեացք մը` որ գիտէ բացայայտել հասարակաց բարիքի դէմ սպառնալիքները։ Բարձրանալ, որովհետեւ դուք ալ կոչկոած էք բարձրանալու փոթորիկի մէջ գտնող նաւուն վրայ ու յանձնառու ըլլալու որ նաւաբեկութեան չմատնուի, ծառայելով հասարակաց բարիքին, ազատութեան ու արդարութեան։ Ապա նստիլ` որովհետեւ ձեր ներկայութիւնը եւս մեզի համար ուսուցում է ու մեզի կը սորվեցնէ, որ բարին կարելի է յաղթել հակառակ ամէն բանի, կը սորվեցնէ որ արդարութիւնը, հաւատարմութիւնը ու քաղաքացիական կիրքը այսօր եւս կը մնան անհրաժեշտ արժէքներ, կը սորվեցնէ, թէ կարող ենք կառուցել աւելի մարդկային արդար ու եղբայրական աշխարհ մը` հակառակ չարի ուժերուն, եղան Նորին Սրբութեան խրախուսական խօսքերը։

Զինեալ ուժերու Յոբելեանին նուիրուած պատարագ
Զինեալ ուժերու Յոբելեանին նուիրուած պատարագ

Զինուորական մատրանապետներու աջակցութիւնը

Ան ապա գնահատեց Զինուորական Մատրանապետներուն դերակատարութիւնը` որոնք հոգեւոր ու բարոյական աջակցութիւն կը մատուցեն զինուորներուն, քալելով անոնց հետ եւ օգնելով` որ անոնք իրենց առաքելութիւնը իրագործեն Աւետարանի լոյսով ու բարիի ծառայութեամբ։

Զինեալ ուժերու Յոբելեանին նուիրուած պատարագ
Զինեալ ուժերու Յոբելեանին նուիրուած պատարագ

Հսկել

Ի վերջոյ Սրբազան Պապը հրաւիրեց բոլոր ներկաները որ չկորսնցնեն իրենց ծառայութեան ու գործողութիւններուն նպատակը` որ է նպաստել կեանքին, փրկել կեանքը, միշտ պաշտպանել կեանքը։ Ձեզմէ կը խնդրեմ որ հսկէք, հսկեցէք պատերազմի ոգի զարգացնելու գայթակղութեան դէմ. հսկեցէք` որպէսզի չհրապուրուիք ուժի առասպելով և զէնքի աղմուկով. հսկեցէք` որպէսզի երբեք չվարակուիք ատելութեան քարոզչութեան թոյնով, որ աշխարհը կը բաժանէ ընկերներու` զոր պէտք է պաշտպանել և թշնամիներու միջեւ, որոնց դէմ պէտք է պայքարիլ: Փոխարէնը, եղէք Հայր Աստուծոյ սիրոյ վկաները, որ կը ցանկանայ, որ մենք բոլորս ըլլանք եղբայրներ: Եւ միասին քալենք՝ կառուցելու խաղաղութեան, արդարութեան և եղբայրութեան նոր դարաշրջան:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/02/2025, 11:02