ҽ

Արուեստագէտներու ու մշակոյթի աշխարհին յոբելեանին նուիրուած սուրբ պատարագ

Քարոզը պատրաստուած էր Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ եւ զայն ընթերցեց պատարագիչ Կարդինալ Տէ Մենտոնսան։ «Արուեստագէտները գեղեցկութեան ու ճշմարտութեան պահապաններն են ու պէտք է աշխարհին վէրքերը դիմագրաւեն ու կառուցեն երկխօսութեան կամուրջներ»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի` 16 Փետրուարի առաւօտեան ժամը 10ին Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի մէջ տեղի ունեցաւ արուեստագէտներու ու մշակոյթի աշխարհին յոբելեանին նուիրուած սուրբ պատարագը զոր` փոխան Ֆրանչիսկոս Պապին, գլխաւորեց Մշակոյթի ու Կրթութեան Վատիկանեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչ` Կարդինալ Խօսէ Թոլենթինօ Տէ Մենտոնսան։

Պատարագին մասնակցեցան յոյսի յոբելենական սուրբ տարուան առիթով Հռոմ ժամանած 4000 է աւելի ուխտաւորներ, որոնց մեծամասնութիւնը արուեստագէտներ ու մշակոյթի աշխարհին պատկան հաւատացեալներ էին։

Սուրբ Զոհի ընթացքին պատարագիչ ծիրանաւորը ընթերցեց այս առիթով Ֆրանչիսկոս Պապին պատրաստած քարոզը` տրուած ըլլալով որ ինք, ինչպէս գիտէք, առ այժմ կը գտնուի Ճեմելլի հիւանդանոց։

Քարոզը կեդրոնացած էր օրուան աւետարանական հատուածին վրայ, որ քաղուած էր Ղուկասի Աւետարանէն (Գլ. 6,20-21) ուր Յիսուս իր աշակերտներուն եւ ամբոխին կը ներկայացնէ «երանութիւնները». Երանի ձեզի, հոգիով աղքատներ, որովհետեւ ձերն է Երկնքի արքայութիւնը։ Երանի ձեզի` որ հիմա անօթի էք, որովհետեւ պիտի յագենաք։ Երանի ձեզի` որ հիմա կու լաք, որովհետեւ պիտի խնդաք»...բառեր`որոնք ամբողջութեամբ կը փոխեն աշխարհին տրամաբանութիւնը ու մեզ կը հրաւիրեն իրականութիւնը դիտելու նոր աչքերով, Աստուծոյ հայեացքով, որ կը տեսնէ արտաքինէն անդին, ու կը ճանչնայ գեղեցկութիւնը, նոյնիսկ դիւրաբեկութեան և տառապանքի մէջ:

Քահանայապետը ակնարկած է ապա աւետարանական հատուածին երկրորդ մասին ուր Երանութիւններէն ետքը կան «վայ»երը եւ որոնք մեզ կը հրաւիրեն ուշադիր ըլլալու թէ ինչի վրայ կը հիմնենք մեր վստահութիւնը։

Ասկէ մեկնելով Ան կը հրաւիրէ արուեստագէտները ու մշակոյթի աշխարհի պատկան անձերը վկաները ըլլալու Երանութիւններու յեղափոխական տեսութեան։

«Ձեր առաքելութիւնը միայն գեղեցկութիւնը ստեղծել չէ, այլ բացայայտել ճշմարտութիւնը, գեղեցիկը, բարին, որոնք թաքնուած են պատմութեան ծալքերուն մէջ, առաքելութիւնն է ձայն տալ անոր որ ձայն չունի ու ցաւը փոխել յոյսի» նշուած է Սրբազան Պապին արուեստագէտներու ու մշակոյթի աշխարհին յոբելենական սուրբ պատարագին առիթով պատրաստուած քարոզին մէջ։

Նորին Սրբութիւնը ապա շեշտը դրած է յոյսին ու անոր կարեւորութեան վրայ, որ «պէտք է ըլլայ վաւերական և միահիւսուած մարդկային գոյութեան դժուարութիւններուն հետ», ապա նշած է` որ «Արուեստը դիտուած է որպէս աշխարհի մէջ Աստուծոյ մեծութիւնը բացայայտելու միջոց, օգնելու համար մարդոց, որ կարողանան զատորոշել կեանքի տարբեր փորձառութիւնները:

«Ձեզմէ պահանջուած է իմաստութիւն՝ տարբերելու, թէ ինչ է նման «հարթին, որ քամին կը ցրուէ» եւ ամուրին «ինչպէս ծառը, որ տնկուած է ջուրի առուներու մօտ» և կարող է պտուղ տալ (տես Սաղմ. 1.3-4)»:

Արուեստագէտները արդարեւ գեղեցկութեան ու ճշմարտութեան պահապաններն են ու պէտք է աշխարհին վէրքերը դիմագրաւեն ու կառուցեն երկխօսութեան կամուրջներ։

Սրբազան Քահանայապետին համար «Արուեստը լոկ շքեղութիւն չէ, այլ հոգիի անհրաժեշտութիւն և գործի կոչ։ Ան կը սորվեցնէ գեղեցկութիւն և յոյս՝ միշտ կապուած առօրեայ մարտահրաւէրներուն հետ: Արուեստագէտները ապա հրաւիրուած են մասնակցիլ մշակութային յեղափոխութեան՝ թոյլ տալով առաջնորդուիլ Երանութիւններու կողմէ արձագանքելով անոնց կոչին կիրքով ու առատաձեռնութեամբ:

Իսկական արւեստը, երբեք յարմարաւէտ չէ, այլ անհանգստութիւն կը հրահրէ ու կը հրաւիրէ շարունակական կերպով որոնելու ճշմարտութիւնն ու գեղեցկութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/02/2025, 10:46