Զայն պիտի կոչես Յիսուս` Սուրբ Յովսէփին հայրութիւնը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի` 28 Յունուար 2025ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապը գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը որուն առիթով շարունակելով «Յիսուսի Քրիստոս մեր յոյսը» խորագիրով մտածականները շարունակեց խօսիլ Յիսուսի մանկութեան մասին այդ մանկութեան դրուագը ներկայացնելով Սուրբ Յովսէփի հեռանկարով` պատմուած Մատթէոս Աւետարանին մէջ` մարդը` որ Յիսուսին օրինական հայրութիւնը իր վրայ առաւ, Յիսուս կապերով Դաւիթի տրուած խոստումին։
Յիսուսին մանկութիւնը Սուրբ Յովսէփի հեռանկարով
Յովսէփը Մատթէոսի աւետարանի մէջ մուտք կը գործէ, որպէս Մարիամի նշանածը։ Հրեաներուն համար նշանտուքը օրինական իսկական կապ մըն էր, որ պատրաստութիւն մըն էր, այն բանին, որ պիտի պատահէր մէկ տարի ետքը` այսինքն ամուսնութիւնը։ Եւ այդ պահուն էր երբ կինը հօր խնամակալութիւնէն կ՛անցնէր ամուսնոյն խնամակալութեան՝ անոր հետ տուն տեղափոխուելով և ինքզինք հասանելի դարձնելով մայրութեան պարգևին։
Եւ ահա ճիշտ այդ ժամանակահատուածին է, որ Յովսէփ կը բացայայտէ Մարիամին յղութիւնը եւ անոր սէրը մեծ փորձութեան կ՛ենթարկուի։ Այդպիսի պարագայի մը ընթացքին օրէնքը երկու կարելիութիւն կու տար` կամ հանրային իրաւական արարք մը, օրինակ՝ կինը դատարան կանչելով, կամ մասնաւոր գործողութիւն, ինչպիսին է ամուսնալուծումի նամակը կնոջ յանձնելը:
Յովսէփը «արդար» մարդ
Մատթէոս Յովսէփը կ՛որակէ «արդար», այսինքն մարդ մը` որ կը պահպանէ եւ կ՛ապրի Տիրոջ օրէնքը, անորմէ ներշնչում քաղելով իր կեանքին համար։ Ուստի հետեւելով Աստուծոյ Խօսքին Յովսէփ կը վարուի զգուշութեամբ, չուզելով վարկաբեկել Մարիամը կ՛ընտրէ հետեւիլ աստուածային իմաստութեան ու կ՜որոշէ գաղտնօրէն արձակել զինքը։ «Անոր այս իմաստութիւնը թոյլ կու տայ սխալ չի գործելու եւ միշտ բաց ու հլու ըլլալու Տիրոջ ձայնին», ըսաւ Սրբազան Պապը
Յովսէփին երազը
Յովսէփ արդարեւ երազին մէջ կը տեսնէ այն հրաշքը զոր Աստուած կը կատարէ Մարիամի կեանքին մէջ ու նաեւ հրաշքը` որ կը կատարուի իր իսկ կեանքին մէջ. Յանձն առնել հայրութիւն մը` որ կարող է պաշտպանել, պահպանել, ու փոխանցել նիւթական եւ հոգեւոր ժառանգութիւն մը։
Յովսէփ երազին մէջ կը լսէ հետեւեալ խօսքերը. «Յովսէփ Դաւթի որդի մի վախնար քու մօտդ առնելու Մարիամ` կինդ։ Որովհետեւ անոր յղացածը սուրբ հոգիէն է։ Պիտի ծնի մանուկ մը եւ դուն զինք պիտի անուանես Յիսուս, որովհետեւ ան է` որ պիտի փրկէ ժողովուրդը իրենց մեղքերէն» (Մատթ. 1,20-21).
Ապրիլ Աստուածային խոստումը, հաւատքով, սիրով եւ յոյսով
«Այս յայտնութեան դիմաց Յովսէփ աւելորդ բաստեր չի խնդրեր, կը վստահի Աստուծոյ եւ կ՛ընդունի Աստուծոյ երազածը իր կեանքին ու իր խոստացուած հարսի կեանքի համար։ Այդպիսով ան կը մտնէ շնորհքի մէջ` անոր որ գիտէ ապրիլ Աստուածային խոստումը, հաւատքով, սիրով եւ յոյսով» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։
Յովսէփ արդարեւ այս բոլոր պատահածի ընթացքին ոչ մէկ բառ կ՛արտայայտէ, այլ կը հաւատայ, կը յուսայ եւ կը սիրէ։ Ան արդարեւ կը պատկանի այս տոհմին զոր Յակոբոս առաքեալ կ՛որակէ` անոնք, որոնք ի գործ կը դնեն Աստուծոյ Խօսքը, զայն թարգմանելով արարքներով, մարմնով ու կեանքով։
Երազենք Աստուծոյ երազները
Յովսէփը կը վստահի Աստուծոյ եւ կը հնազանդի, մենք ալ Տիրոջմէ հայցենք շնորհքը ունկնդրելու աւելի քան խօսելու, երազելու Աստուծոյ երազները ու պատասխանատուութեամբ ընկալելու Քրիստոսը, որ մեր մկրտութեան պահէն սկսեալ կ՛ապրի եւ կ՛աճի մեր կեանքին մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ