ҽ

2024.01.22 Membri dell'Associazione Internazionale dei Giornalisti Accreditati presso il Vaticano

Հաղորդակցութեան աշխարհի Յոբելեանը` Քահանայապետերը եւ տեղեկատուութեան վրայ անոնց յոյսերը

Այսօր սկիզբ առնող լրագրողներու եւ հաղորդակցութեան աշխարհին նուիրուած յոբելեանին առիթով կը ներկայացնենք վերջին Քահանայապետերուն հաղորդակցութեան աշխարհի ու տեղեկատւութեան մասին արտայայտած մտքերը։ Ֆրանչիսկոս Պապին համար անիկայ երթ ու դարձ է, երկխօսութիւն` ուր պէտք է զիրար ունկնդրել
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հաղորդակցիլը արարք մըն է, որ կը վերաբերի իւրաքանչիւր անհատի։ Ան կը նշանակէ պատգամ մը փոխանցել, միւսին հետ կապի մէջ մտնել...լեզուներու եւ փոխանցման տարբեր գործիքներու միջոցաւ … պատմութեան հոլովոյթին հաղորդակցութեան զարգացումը ապա ենթարկուեցաւ խոր յեղաշրջումներու, սկսեալ թերթերէն, ռատիոյէն ու հեռուստակայանէն մինչեւ այսօրուայ ընկերային ցանցերը եւ արհեստական բանականութիւնը։ Ահա այս աշխարհին նուիրուած է Սուրբ Տարուան ընթացքին նախատեսուած 36 ձեռնարկներէն առաջինը, որ պիտի կատարուի այս օրերուն` 24էն 26 Յունուար 2025ին, եւ կը հայի հաղորդակցութեան աշխարհին նուիրուած յոբելեանին, որ պիտի ներգրաւէ այդ աշխարհի պատկան բոլոր հաղորդակցութեան գործիչները։

Քահանայապետերըը, պատմութեան ընթացքին, յաճախ խօսեցան հաղորդակցութեան արժէքին մասին եւ տարբեր առիթներով կրկնեցին, որ տեղեկանալը մարդու հիմնական իրաւունքներէն մին է ու թէ խօսքը, լուրը, պատկերը, մտածումն ու մշակոյթը հաղորդելը ամենէ առաջ պատասխանատուութիւն է` այն է որոնել եւ խթանել ճշմարտութիւնը։

Պօղոս Զ

Ի՞նչ են ընկերային հաղորդամիջոցները հարցումին, Պօղոս Զ Քահանայապետը 23 Մայիս 1971ի Մարեմեան աղօթքի ընթացքին կը պատասխանէ. «անոնք գործիքներ են, միջոց, որուն միջոցաւ մարդիկը իրար միջեւ կը փոխանցեն լուրերը, տեղեկութիւնները, կարծիքները, դատողութիւնները, քննադատութիւնները, մտադրութիւնները, ուսմունքներ, քարոզչութիւն եւ մտքեր: Ասիկա խօսքին, տեղեկութիւններուն ու ընկերութեան մէջ շրջող գաղափարներու առուտուրն է, որ միշտ աւելիով կը տարածուի...անիկա մաս կը կազմէ մեր առօրեայ կեանքին ու ժամանակակից քաղաքակրթութեան եւ ասոր համար է որ Եկեղեցին պէտք է զբաղի նաեւ այս հարցով»։

Յովհաննէս Պօղոս Ա

Յովհաննէս Պօղոս Ա ապա հաստատած էր թէ հաղորդակցութիւնը հաղորդութիւն է ու թէ ան կարող է խթանել եղբայրութիւն, պայմանաւ որ լաւապէս օգտագործուի։

Յովհաննէս Պօղոս Բ 

Յովհաննէս Պօղոս Բ հուսկ` 28 Փետրուար 1986-ին լրագրողներու խումբի մը ուղղած ի ճառին մէջ նշած է թէ «հաղորդակցիլ կը նշանակէ յարգել ճշմարտութիւնը», եւ թէ ան կը պահանջէ լուրջ յանձնառում մը, հետազօտութեան, ստուգման, գնահատման մանրակրկիտ և բծախնդիր ջանք մը»:

Պենետիկտոս ԺԶ

Երջանկայիշատակ Պենետիկտոս ԺԶ հաղորդակցիլը նմանեցուց վկայութեան մը հաստատելով որ «երրորդ հազարամեան որ յատկանշուած է համացանցի տարածումով եւ թուային նոր կարելիութիւններով կը պահանջէ ոչ միայն ճշմարտութեան փնտռտուք, այլ նաեւ իսկական վկայութիւն մը, որովհետեւ նորոյթ հաղորդակցութեան միջոցները կը պահանջեն որ հաղորդակցողը ներգրաւուած ըլլայ այն բանին մէջ զոր կը հաղորդէ (Քահանայապետական Ընկերային հաղորդամիջոցներու Խորհուրդի ընդհանուր ժողովի մասնակիցներուն ուղղած ճառ` 28 Փետրուար 2011)։

«Երբ մարդիկ տեղեկութիւնները կը փոխանակեն կը կիսեն իրենք զիրենք եւ իրենց աշխարհին տեսութիւնը. Կը դառնան վկաները այն բանին որ իմաստ կու տայ իրենց գոյութեան» ըսած էր ի միջի այլոց Պենետիկտոս ԺԶ եւ այսպիսի հաղորդակցութեան մը մեկնակէտը համարած էր նոյնինքն Յայտնութիւնը, որ մեզի կը վկայէ թէ ինչպէս «Աստուած մեզի հաղորդեց իր սքանչելիքները, մարդոց սեփական լեզուով, իւրաքանչիւր դարաշրջանի մշակոյթի համաձայն»։

Ֆրանչիսկոս Պապ

Ի վերջոյ Ֆրանչիսկոս Պապին համար հաղորդակցիլը ընդդիմութիւն չէ այլ երկխօսութիւն եւ Ան իր այս գաղափարը արտայայտած է 1995-ին ստեղծուած "È giornalismo – լրագրութիւն է” մրցանակի պատուիրակութեան անդամներուն ուղղած ճառին մէջ, 26 օգոստոս 2023ին։

Այդ առիթով Ան յոյս յայտնած էր նաեւ, որ «ժամանակի մը ընթացքին, երբ կը թուայ, թէ բոլորը կը մեկնաբանեն ամէն ինչ, նոյնիսկ անկախ փաստերէն և յաճախ նոյնիսկ նախքան տեղեակ ըլլալը, պէտք է աւելիով բացայայտել և զարգացնել իրականութեան սկզբունքը»:

«Իրականութիւնը միշտ աւելի գերազանց է գաղափարէն։ Պէտք է նայիլ փաստերու շարժականութեան, անոնք երբեք անշարժ չեն», հաստատած էր ի միջի այլոց Քահանայապետը հրաւիրելով դիտարկել «փաստերու իրականութիւնը», որպէսզի չիյնանք «տեղեկատուական հասարակութիւնը ապատեղեկատուութեան հասարակութիւն վերածելու վտանգին մէջ»։

«Ուստի հրատապ է տարածել հանդիպումի, երկխօսութեան եւ միւսը ու անոր պատճառները ունկնդրելու մշակոյթը», նշած էր հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկելով լրագրութեան մեղքերուն, որոնցմէ առաջինը ապատեղեկատուութիւնն է, հուսկ զրպարտութիւնը, բամբասանքը ու ապա գայթակղութիւններու ու կեղծիքի նկատմամբ սէրը։

Նորին Սրբութիւնը յիշեցուցած էր թէ հաղորդակցութիւնը երկխօսութիւն է` հիմնուած ունկնդրութեան վրայ, դատապարտելով հասարակական կարծիքը կողմնորոշելու միտումով «կեղծ լուրերու» տարածումը։

Յոյսս է, որ տարածք տրուի խաղաղութեան ձայներուն, անոնց` որոնք յանձնառու են վերջ տալու այս ու այլ հակամարտութիւններուն, անոնց` որոնք չեն յանձնուիր պատերազմի «կայէնական» տրամաբանութեան, եւ հակառակ ամէն բանի կը շարունակեն հաւատալ, խաղաղութեան, երկխօսութեան և դիւանագիտութեան տրամաբանութեան» յայտնած էր միշտ Նորին Սրբութիւնը իր ճառին մէջ։

Հետևաբար, պէտք է պատասխանատու հաղորդակցութիւն խթանել, որտեղ երկխօսութեան և ճշմարտութեան որոնումը ճիշտ արժանապատուութիւն շնորհեն ժողովուրդներուն եւ անհատներուն: Ասոնք են այն յոյսերը զոր քահանայապետերը պատմութեան տարբեր պահերուն, արտայայտեցին, հաղորդակցութեան և տեղեկատուութեան աշխարհի պարտականութիւնները մօտեցնելու մարդու ամենախոր ակնկալիքներին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/01/2025, 11:00