ҽ

2020.05.12 Papa Francesco con medici e infermiere / infermieri in visita al Bambin Gesù ospedale pediatrico di Roma il 21.12.2013 - giornata mondiale degli infermiere / infermieri.

Հիւանդի Համաշխարհային Օրուան առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը

Հիւանդի Համաշխարհային 33րդ Օրը՝ 2025 թուականի Յոբելենական տարւոյն, կը հրաւիրէ մեզ խորհելու տառապանքի իմաստի եւ Աստուծոյ ներկայութեան մասին հիւանդներու կեանքէն ներս: Փխրունութեան եւ խոցելիութեան զգացողութեան ժամանակ Սուրբ Պօղոսի պատգամը՝ «Յոյսը յուսախաբ չի թողուր», կը դառնայ հիմնարար յղման կէտ: Յոյս, որ պարզապէս զգացմունք չէ, այլ աստուածային պարգեւ, որ կ’աջակցի մեզ ամենամութ պահերուն:
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

 «Յոյսը յուսախաբ չի թողուր» (Հռոմէացիներ 5:5) Աստուծոյ այս Խօսքը՝ Սուրբ Պօղոսի միջոցաւ, քաջալերական պատգամ կ’առաջարկէ: Սակայն, հիւանդութեան եւ տառապանքի դիմաց հարցեր կը ծագին, թէ ինչպէս ամուր մնալ ցաւի եւ տանջանքի իրավիճակներէն ներս: Ճիշտ այս պարագաներուն «կարիք ունինք Աստուծոյ օգնութեան, Անոր Շնորհքին, Անոր Նախախնամութեան ուժին, որ Անոր Հոգիին պարգեւն է» (հմմտ․ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կրօնագիտութիւն, 1808)։

Այս խորհրդածութիւնը  առանցքը կը կազմէ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին՝ Հիւանդի Համաշխարհային Օրուան առթիւ յղած պատգամին, զոր Ան ստորագրած էր անցեալ 14 Յունուարին, եւ ուր Պապը կը հրաւիրէ պահ մը կանգ առնել եւ մտածել տառապողներուն մօտ կանգնած Աստուծոյ ներկայութեան մասին, որ կը բնութագրուի երեք յատկութիւններով՝ հանդիպում, պարգեւ եւ բաժնեկցութիւն:

Հանդիպում Աստուծոյ հետ տառապանքի մէջ

Յիսուս, ուղարկելով եօթանասուներկու աշակերտները առաքելութեան (Ղուկաս 10.9), կը յորդորէ անոնց ըսել հիւանդներուն, որ «Աստուծոյ արքայութիւնը մօտ է», կը գրէ Քահանայապետը իր պատգամին մէջ՝ նկատել տալով, որ հիւանդութիւնը կարող է դառնալ Տիրոջ հետ հանդիպման հնարաւորութիւն։ Հիւանդութիւնը կը յիշեցնէ մեզ մեր փխրունութեան մասին եւ կը զգանք Աստուծոյ մօտիկութիւնն ու կարեկցանքը, Ան կը կիսէ մեր տառապանքը: Հիւանդութիւնը կը դառնայ Աստուծոյ հետ հանդիպումի առիթ, եւ այդ հանդիպումը կարող է ուժի աղբիւր ըլլալ՝ գիտակցիլ տալով մեզ, որ միայնակ չենք՝ այդպիսով ցաւը վերածելով փրկութեան առեղծուածի:

Յոյսի պարգեւը

Եւ, այդ մէկը մեզ խորհել կու տայ երկրորդ կէտի՝ պարգեւի մասին, կը շարունակէ Նորին Սրբութիւնը եւ կը շեշտէ․ տառապանքի մէջ կը հասկնանք, որ յոյսը պարգեւ է Տիրոջ կողմէ: Քրիստոսի յարութիւնը մեզի կը վստահեցնէ, որ․ «ոչ մահը, ոչ կեանքը, ոչ հրեշտակները, ոչ իշխանութիւնը, ոչ ներկայ բաները, ոչ գալիքները, ոչ զօրութիւնները, ոչ բարձրութիւնը, ոչ խորութիւնը, ոչ ալ որեւէ այլ արարած կարող են բաժնել մեզ Աստուծոյ սէրէն»  (Հռոմէացիներ 8:38-39): Այս վստահութիւնէն կը բխի փորձութիւններուն դիմակայելու լոյսը: Յարուցեալը մեր կողքին է՝ որպէս ճանապարհի ընկեր, եւ կը հրաւիրէ մեզ կիսուիլ Իր հետ մեր անհանգստութիւններով եւ հիասթափութիւններով՝ հաղորդութեան պահերուն ուժ գտնելով դժուարութիւններուն դիմակայելու համար:

Տառապանքի մէջ կիսուիլը

Այս միտքը կը բերէ երրորդ բնոյթին՝ բաժնեկցութիւն. Տառապանքի վայրերը յաճախ կը դառնան բաժնեկցութեան վայրեր, ուր մարդը կը սորվի յուսալ եւ հաւատալ: Հիւանդներուն մօտ ըլլալով կը հարստացնենք մէկս միւսին՝ բացայայտելով ցաւի մէջ ծնուած անսպասելի սէրը։  Հիւանդները, բժիշկները, բուժքոյրերը, ընտանիքի անդամները եւ ընկերները կը դառնան յոյսի «հրեշտակներ», աստուածային ներկայութեան սուրհանդակներ: Այս փորձառութիւնները, նոյնիսկ փորձութեան մթութեան մէջ, կը լուսաւորեն կեանքը եւ կը սորվեցնեն մեզ սիրոյ եւ մօտիկութեան արժէքը:

Ճանչնալ կեանքի գեղեցկութիւնն ու յոյսի կարեւորութիւնը նոյնիսկ ամենածանր փորձութիւններու մէջ

Ի վերջոյ, Նորին Սրբութիւնը աւարտելով իր գիրը կը շեշտէ, որ Յոբելենական այս Սուրբ Տարւոյն Հիւանդի Համաշխարհային Օրը մեզ կը հրաւիրէ ճանչնալ կեանքի գեղեցկութիւնն ու յոյսի կարեւորութիւնը նոյնիսկ ամենածանր փորձութիւններու մէջ:

Սիրոյ եւ մօտիկութեան իւրաքանչիւր ժեստ, մխիթարութեան իւրաքանչիւր խօսք կը նպաստէ աւելի մարդկային եւ կարեկցող միջավայրի ստեղծմանը: Փորձառութիւններու այս խմբերգի մէջ, մենք կարող ենք գտնել իսկական լոյս եւ ջերմութիւն, նոյնիսկ մեծ դժուարութեան պահերուն: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/01/2025, 12:12