ҽ

Քահանայապետին յատուկ խնդրանքը` աղօթել ջուրի տակ գտնուող Վալենսիայի համար

Ան հրաւիրեց նեաւ աղօթելու խաղաղութեան համար եւ աղօթել Տիրոջ` «որպէսզի միշտ ապրինք յոյսով» ըսաւ Սրբազան Պապը
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք 

Չորեքշաբթի` 6 Նոյեմբեր 2024ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նախ քան Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ նախատեսուած հրապարակային ունկնդրութեան սկիզբը, անակնկալ կերպով ուզեց յատուկ խօսք մը ուղղել ներկաներուն, նշելով, թէ ինք խնդրած է, որ այսօր բեմին վրայ տեղադրուի «Virgen de los Desamparados»ի սրբանկարը, որ «աղքատներուն հոգ տանող Տիրամայրն է, Վալենսիա քաղաքի պաշտպան սրբուհին», բացատրեց Նորին Սրբութիւնը ընդգծելով, թէ ինչպէս այս օրերուն Վալենսիա քաղաքը մեծապէս կը տառապի ինչպէս կը տառապին նաեւ սպանիայի այլ քաղաքներու բնակիչները։

Վալենսիայի պաշտպան սուրբ «Virgen de los Desamparados»ը

«Ես ուզեցի որ Վալենսիայի պաշտպան սրբուհի Տիրամօր սրբանկարը այստեղ ըլլայ, սրբանկար` զոր Վալենսիայի բնակիչները ինծի նուիրած են, որպէսզի այսօր, յատուկ կերպով, աղօթենք Վալենսիայի համար ու նաեւ Սպանիայի այլ շրջաններուն համար, որոնք կը տառապինն եւ ջուրերու տակ են» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։

Իսկ ունկնդրութեան աւարտին` երիտասարդներուն, հիւանդներուն, տարեցներուն ու նորապսակներուն ուղղած յատուկ ողջոյնի խօսքէն ու քաջալերանքէն ետքը ամէն օր ապրելու Աւետարանի հաւատարմութիւնը, հաւատքի եւ յոյսի աջակցութեամբ կոչ ուղղեց աղօթելու խաղաղութեան համար։

Աղօթենք խաղաղութեան համար

«Աղօթենք խաղաղութեան համար։ Չմոռնանք մարտիրոս Ուքրանիան, որ մեծապէս կը տառապի, չմոռնանք Կազան եւ Իսրայէլը։ Անցեալ օր գնդակահարուեցան 153 քաղաքացիներ որոնք ճամբուն վրայ կը գտնուէին։ Տխուր երեւոյթ։ Չի մոռնանք Միանմարը եւ չմոռնանք Վալեսնիան եւ ոչ ալ Սպանիան» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը յիշեցնելով Վալենսիա քաղաքի պաշտպան սուրբ «Virgen de los Desamparados» Տիրամօր արձանիկը ու հրաւիրելով միասին աղօթելու «Ողջոյն քեզ Մարիամ» աղօթքը, որմէ ետքը հրաւիրեց նաեւ աղօթել Տիրոջ` «որպէսզի միշտ ապրինք յոյսով» ըսաւ Ան ու բոլոր ներկաներուն շնորհեց իր օրհնութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/11/2024, 10:13