ҽ

Ֆր Ֆր  (ANSA)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Արիւն նուիրելը բաժանումները յաղթահարող անշահախնդիր եւ անանուն ժեսթ է

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը Իտալական Արիւն տուողներու ընկերակցութիւններու համադաշնութեան (FIDAS) անդամներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 9 նոյեմբերին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Իտալական Արիւն տուողներու ընկերակցութիւններու համադաշնութեան (FIDAS) անդամները, համադաշնութեան հիմնադրութեան 65 ամեակի առթիւ։

Ողջոյնի խօսքին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհաւորեց Իտալական արիւն տուողներուն ընկերակցութիւններուն համադաշնութեան 65-րդ տարեդարձը ապա իր խօսքը կեդրոնացուց արիւն տուողներուն գործունէութեան հիմնարար երեք երեւոյթներուն վրայ. ւրախութիւն, վկայութիւն եւ աջակցութիւն։

ւրախութիւն

Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ, որ արեան նուիրատուութիւնը սիրոյ գործողութիւն մըն է, որ ուրախութիւնը կը բերէ, քանի որ ուրիշներուն նուիրելը կը նպաստէ անձնական եւ հոգեւոր իրագործման զգացողութեան։ Սրբազան Հայրը նշեց, որ նուէրի գեղեցկութիւնը ընդգծուած է Յիսուսի այն խօսքերուն մէջ ուր կը հաստատէ, ոչ թէ ստանալու այլ տալու օրհնութիւնը։

Վկայութիւն

Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ, որ աճող անհատապաշտութեան շրջանակէն ներս, նուիրողին ժեսթը՝ մարդասիրական եւ կապի ժեսթ մըն է ու անտարբերութեան, բաժանումներուն յաղթահարման նշան ու արիւնը միասնութեան խորհրդանիշ քանի, որ տարբերութիւն չդներ ցեղի եւ կրօնքի միջեւ։

«Արիւնը տուողը չգիտեր որուն պիտի փոխանցուի իր արիւնը եւ ոչ ալ ստացող չգիտեր ով է նուիրողը ու իր բարերարը։ Արիւնը ինքնին  իր կենսագործունէութեամբ խօսուն խորհրդանիշ է, չնայիր ստացողին մաշկի գոյնին կամ ալ ստացողին ցեղային կամ կրօնային պատկանելութեան, այլ խոնարհաբար կը մտնէ հոն ուր որ կրնայ՝ երակներու միջոցաւ փորձելով հասնիլ մարմնի բոլոր անդամներուն, ուժ տալու համար, այպէս է, որ Սէրը կը գործէ։ Նուիրելու գործողութիւնը կը նմանի Յիսուսի զոհաբերութեան», ըսաւ Սրբազան Հայրը

Աջակցութիւն

Ֆրանչիսկոս Պապ յարեց որ Արիւնը նուիրելը նաեւ դիտուած է որպէս հոգեւոր աճի ուղի մը եւ աջակցութեան գործունէութիւն մը, որ բոլոր մարդիկը կը միացնէ Քրիստոսի մէջ։

«Ան որ արիւնին կը հետեւի սիրտին կը հասնի ֆիզիքապէս, բայց նաեւ հոգեպէս. Այսինքն կը հասնի «անձը միաւորող կեդրոնը»(Dilexit nos, 55), ուր կը հանդիպին ինքնագնահատումը ու ուրիշներու հանդէպ բաց ըլլալը, հաշտութեան եւ միութեան առաջին վայրը», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա այս առնչութեամբ հրաւիրեց ներկաները ապրելու արեան նուիրումը որպէս ոչ միայն մարդասիրական առատաձեռնութեան գործ, այլ որպէս Քրիստոսին միացնող աջակցութեան հոգեւոր աճումի ուղի մը ինչպէս նաեւ որպէս նուէր Աստուծոյ ողորմութեան, որ կը նոյնանայ տառապողին հետ։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց գոհութիւն յայտնելով արիւն տուող անձերուն, անոնց ընտանիքներուն, իրենց յանձնառութեան համար ու խնդրեց, որ աղօթեն իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/11/2024, 11:49