ҽ

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Տիրամայրը Աստուծոյ անակնկալներու հասանելի կին է, ասոր համար Ան կը հսկէ ու կը քալէ

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը «Foyer Notre-Dame des Sans-Abri» եւ «Amis de Gabriel Rosset» հաստատութիւններուն անդամներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 13 նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Foyer Notre-Dame des Sans-Abri» եւ «Amis de Gabriel Rosset» հաստատութիւններուն անդամները։ Այս առթիւ արտասանած պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց «Notre-Dame des Sans-Abri», հաստատութեան անդամներուն՝աղքատներուն եւ անօթեւաններուն օգնելու անոնց առաքելութեան համար ու յիշեց հաստատութեան հիմնադիր, Կապրէլը Ռոսէթը նշելով որ Ան կազմակերպութիւնը հիմնեց խոցելիներուն կարիքներուն արձագանգելու համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յիշելով, որ Յիսուս աղքատներու մէջ ներկայ է, կազմակերպութեան անդամներուն նկատել տուաւ որ իրենց ծառայութիւնը Աստուծոյ ողորմածութեան արտայայտութիւնն է։

Խօսքը կեդրոնացնելով ապա Տիրամօր տիպարին վրայ Ֆրանչիսկոս Պապ ըսաւ.

«Ես կը սիրեմ անօթեւաններուն Տիրամայրը պատկերացնել, որպէս Ողորմութեան Կոյսը, որ իր գիրկը կը բանայ՝ ամէն անձ ողջագուրելու համար, որովհետեւ ամէնքը իրենց տեղը ունին Տիրամօր մօտ, Քրիստոսի մօտ։ Աստուածամայրը չվախնար իր վերարկուն բանալէ զայն ապաստան դարձնելու համար անձրեւին եւ արեւի կիզիչ կրակի դէմ», ըսաւ Սրբազան Հայրը ապա հրաւիրելով հետեւելու Տիրամօր դպրոցին նշեց «Տիրամայրը նախ եւ առաջին ներքին կեանքին կին է, Ան կը խորհի եւ կը պահպանէ իր սիրտին մէջ Աստուծոյ խօսքը, որ սնուցանէ իր ամէն գործունէութիւնը։ Ան բաց կին է, Աստուծոյ անակնկալներու հասանելի կին է։ Ահա թէ ինչու կը հսկէ եւ կը քալէ։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը եզրափակեց նշելով որ հաստատութեան անդամները շատերուն համար Աստուածամօր կարեկցանքի կենդանին պատկերը կը հանդիսանան, խնդրելով անոնցմէ որ իրենց ներկայութեամբ, իրենց լսելով, ցոյց տան որ Տիրամայրն ու Յիսուսը երբեք չեն դադրիր քալելէ իրենց եղբայրներու հետ, այն եղբայրները, որոնք ստէպ մոռցուած են»։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց յանձնելով հաստատութեան անդամները Աստուածամօր մայրական աղօթքին ու խնդրելով, որ Տիրամայրը հսկէ ու ընկերանայ բոլորին։ Ապա շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը խնդրեց որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/11/2024, 09:26