ҽ

Ֆրանչիսկոս Պապ հռոմի թեմերուն. Արժէքաւորել եկեղեցւոյ ընկերային միտքը

Ֆրանչիսկոս Պապ կոչ ըրաւ հիւսելու համերաշխութեան ցանցը աղքատութեան տարբեր ձեւերով պատռուած քաղաքին մէջ ու շեշտեց որ վերջիններուն մօտ կանգնիլը բոլորիս պարտաւորութիւնն ու պատասխանատուութիւնն է։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 26 հոկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ ժամանեց Հռոմի «Սուրբ Յովհաննէս Լատերանօ» անուան տաճարը ու գլխաւորեց «Անհաւասարութիւններէն աւելի անդին, ճեղքուածքի վերականգում» բնագիրով միջոցառումը։

Սոյն հանդիպումը կը ներկայացնէ Հռոմի արուարձաններուն մէջ երկար ուղեւորութեան կարեւոր իրադարձութիւնը եւ քաղաքի ընկերային վէրքերը բուժելու նոր սկիզբը։

Միջոցառումին ներկայ էին քաղաքական, եկեղեցական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, տարբեր կրօններու ներկայացուցիչներ, մեծ թիւով աշխարականներ, երիտասարդներ, ընտանիքներ։

«Անհաւասարութիւններէն անդին, ճեղքուածքի վերականգում» բնագիրով միջոցառումին ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապ իր արտասանած խօսքին մէջ ուշադրութեան հրաւիրեց աղքատութեան իրականութիւնը ընդգծելով, որ աղքատութիւնը պէտք չէ դիտարկուած ըլլայ, որպէս միայն վիճակագրութիւն, այլ որպէս տառապող Յիսուսի դէմքը։

«Իմանալով, որ կան մարդիկ, որոնք կ՝ապրին փողոցին վրայ, երիտասարդներ որոնք չեն կրնար աշխատանք կամ տուն գնել, տարեցներ եւ հիւանդներ, որոնք չ՝ունին խնամքի հնարաւորութիւն, պատանիներ, որոնք խորտակուած են թմրամոլութիւններու մէջ, հոգեկան հիւանդութիւնն ունեցող տառապող անձեր, որոնք կ՝ապրին լքուածութեան եւ յուսահատ վիճակի մէջ, դա չկրնար ըլլալ միայն վիճակագրութիւն, անոնք մեր եղբայրներուն պատմութիւններն ու դէմքերն են, որոնք մեզի կը դպչին ու մեզի կը հարցնեն,« մենք ինչ կրնանք ընել», ըսաւ Սրբազան Հայրը ու հարց տուաւ արդեօք այդ խոցուած անձերուն պատմութեան մէջ կը տեսնե՞ նք տառապող Յիսուսին դէմքը, արդեօք կը զգանք ու կը վերահսկենք այդ խնդիրները կամ խնճոյք կը կազմակերպե՞ նք աղքատներու միջոցներ հաւաքելու համար։ Կեղծաւորութիւնը շատ է ըսաւ Սրբազան Հայրը ու այս առնչութեամբ Հրաւիրեց ներկաները մտածելու, թէ ինչպէս պէտք է լուծել այդ դժուարութիւնները, որոնք կ՝ազդեն խոցուած անձերու վրայ, ընդգծելով որ Քրիստոնեան պէտք է ըլլայ մտերիմ եւ կարեկից։

Ֆրանչիսկոս Պապ խնդրեց եկեղեցիէն, որ պայքարի անտարբերութեան ե նախապաշարումներուն դէմ, խրախուսեց հաստատութիւններու հետ գործօն երկխօսութիւն հաստատել եւ խօսքերը շօշափելի գործողութիւններուն վերածելը։

Նորին Սրբութիւնը յորդորեց արժեւորել եկեղեցւոյ ընկերային միտքը եւ ձեւաւորել խիղճերը՝ Աւետարանը թարգմանելու համար արդարութեան եւ եղբայրութեան գործերուն։

Ի վերջոյ Ֆրանչիսկոս Պապ կոչ ըրաւ իրականացնելու յոյսի շօշափելի գործեր, յորդորեց չյուսահատիլ ընկերային խնդիրներուն բարդութիւններէն, այլ հաւատալ՝ անհաւասարութիւնները յաղթահարելու հաւաքական յանձնառութեան կարեւորութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապ մէջբերեց բանաստեղծ Փեկույին խօսքը ընդգծելու համար կենսունակ, տքնաջան յոյսի կարեւորութիւնը, որ կը տանի դէպի փոխակերպող գործողութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/10/2024, 10:04