ҽ

2024.10.20 Santa Messa e Canonizzazione dei Beati Manuel Ruiz Lopez e sette Compagni; Francesco, Mooti e Raffaele Massabki; Giuseppe Allamano; Marie-Leonie Paradis; Elena Guerra

Մարեմեան աղօթք. Սրբազան Պապին շնորհակալական խօսքն ու կոչերը սրբադասման արարողութեան աւարտին

Նորին Սրբութիւնը յիշեց պրազիլի ամազոնեան անտարի Եանոմամի բնիկները, ակնարկեց այսօր յիշատակուող Միսիոներութեան Համաշխարհային օրուան, հրաւիրեց ըլլալ Աւետարանի վկաները ապա խրախուսեց շարունակել աղօթել խաղաղութեան համար
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի` 20 հոկտեմբեր 2024ի առաւօտեան Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորած 14 նոր սուրբերու սրբադասման արարողութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը նախ քան նոյն վայրէն Մարեմեան աղօթքը արտասանելը խօսքը ուղղելով բոլոր ներկաներուն շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց, ներկայութեան ու արարողութեան մասնակցելուն համար, յատուկէն ողջունելով Իտալիոյ Հանրապետութեան նախագահը եւ Ուկանտայէն ժամանած ուխտաւորներու մէկ պատուիրակութիւնը, Երկրին փոխ նախագահի գլխաւորութեամբ Ուկանտայի նահատակներու սրբադասման վաթսուն ամեակին առիթով։

Քահանայապետը յիշեց Պրազիլի ամազոնեան անտարի Եանոմամի բնիկները

Սրբազան Պապը նշեց ապա թէ Սուրբ Ճուզեփփէ Ալլամանոյի վկայութիւնը մեզի կը յիշեցնէ ուշադրութիւն դարձնել աւելիով դիւրաբեկ ժողովուրդներուն ու ասկէ մեկնելով յիշեց Պրազիլի ամազոնեան անտարի Եանոմամի բնիկները, «որոնց մօտ տեղի ունեցած է հրաշքը որ զօդուած է այսօրուայ սրբադասման արարողութեան» ըսաւ Սրբազան Պապը կոչ ուղղելով քաղաքական ու քաղաքացիական իշխանութիւններուն որպէսզի երաշխաւորեն այդ ժողովուրդներուն անվտանգութիւնը ու անոնց հիմնարար իրաւունքները, դէմ կենալով նաեւ անոնց արժանապատւութեան ու հողերու չարաշահումին։

«Գացէք եւ հարսանիքի հրաւիրեցէք բոլորը»

Նորին Սրբութիւնը յիշեց հուսկ այսօր յիշատակուող Միսիոներութեան Համաշխարհային օրը որուն բնաբանն է «Գացէք եւ հարսանիքի հրաւիրեցէք բոլորը» եւ որ մեզի կը յիշեցնէ թէ միսիոներական աւետիսը այն է բոլորին տանիլ Տիրոջ հետ հանդիպելու տօնական հրաւէրը, «Տէրը որ մեզ կը սիրէ ու մեզ կ՛ուզէ մասնակից հարսանիքի ուրախութեան» ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով որ «իւրաքանչիւր քրիստոնեայ կանչուած է մաս կազմելու այդ տիեզերական առաքելութեան, աւետարանական իր ուրոյն վկայութեան միջոցաւ»։

Քահանայապետը առ այդ հրաւիրեց աղօթքով ու օգնութիւններով թիկունք կանգնիլ բոլոր միսիոնարներուն, որոնք յաճախ մեծ զոհողութիւններով Աւետարանի լուսաւոր հռչակումը կը տանին աշխարհի բոլոր վայրերուն»։

Խաղաղութեան համար աղօթք

«Եւ շարունակենք աղօթել պատերազմի պատճառաւ տառապող ժողովուրդներուն համար» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը յիշելով մարտիրոս Պաղեստինը, Իսրայէլը, Լիբանանը, մարտիրոս Ուքրանիան, Սուտանը, Միանմարը եւ միւս բոլորը ըսաւ Ան հրաւիրելով հայցել խաղաղութեան պարգեւը։

«Սուրբ Կոյս Մարիամը մեզի թող օգնէ, որպէսզի իրեն ու սուրբերուն նման դառնանք Աւետարանի ուրախ եւ արի վկաները» ըսաւ Սրբազան Պապը եզրափակելով իր խօսքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/10/2024, 12:30

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >