ҽ

Ֆրանչիսկոս Պապ. Բարութիւններով եւ խաղաղութեամբ Քրիստոնեաները կրնան աշխարհին մէջ Քրիստոսի բոյրը սփռել

Ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին զրուցեց Սուրբ Հոգիին մասին։ Քրիստոնեան պէտք է Քրիստոսի անոյշ բոյրը սփռէ ու այն անոյշ բոյրը կ՝ելլէ «Հոգիի պտուղներէն՝. սէր, ուրախութիւն, խաղաղութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, քաղցրութիւն, հեզութիւնը, ժուժկալութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 21 օգոստոսին, առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապը Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը, որուն ընթացքին շարունակեց խօսիլ Սուրբ Հոգիին մասին մեկնաբանելով Մարկոս Աւետարանէն քաղուած՝ Յիսուսի մկրտութիւնը։

«Այն օրերուն Յիսուս Գալիլեայի Նազարեթէն եկաւ եւ Յովհաննէսէն մկրտուեցաւ Յորդանանի մէջ։ Եւ ջուրէն դուրս ելլելու պահուն՝ տեսաւ երկինքը բացուած եւ Աստուծոյ հոգին, որ աղաւնիի նման կ՝իջնէր իր վրայ։ Երկինքէն ձայն մը լսուեցաւ որ կ՝ըսէր. «Դու ես իմ սիրելի Որդիս, քեզի հաճեցայ»։ (Մարկ 1,9-11).

Մեկնաբանելով վերոյիշեալ Աւետարանի հատուածը Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ այդ պահուն ամբողջ Երրորդութիւնը, Յորդանանի ափին հանդիպեցաւ. կայ Հայրը, որ ներկայ կը գտնուի իր ձայնով, կայ Սուրբ Հոգին որ կ՝իջնէ Յիսուսի վրայ աղաւնիի ձեւով եւ կայ Ան, որ Հայրը կը հռչակէ իմ սիրելի Որդին»ըսաւ Սրբազան Հայրը մատնանշելով, որ դա Փրկութեան պատմութեան հիմնական պահ է ու լաւ հասկնալու համար, թէ ինչ կարեւոր բան պատահեցաւ Յիսուսի մկրտութեան մէջ՝ որուն մասին բոլոր աւետարանիչները կը պատմեն, պատասխանը կը գտնենք Ղուղաս աւետարանին մէջ «Տիրոջ հոգին իմ վրաս է, ատոր համար իսկ օծեց զիս»։ (Ղուկ 4,18)

Այս առնչութեամբ Սրբազան Հայրը նշեց, որ «Յորդանանի մէջ Հայրը Սուրբ Հոգիով օծեց, Հայրը Յիսուսը օծեց որպէս Թագաւոր, Մարգարէ եւ Քահանայ ու Յիսուս չ՝օծուեցաւ ֆիզիքական իւղով այլ Հոգեւոր իւղով, որ է Սուրբ հոգին։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նշեց, որ Յիսուս իր Մարդեղացումի առաջին պահէն իսկ Լեցուն էր Սուրբ Հոգիով ու դա անձնական շնորհք մըն էր, սակայն հիմա Ան կը ստանայ Սուրբ Հոգիի պարգեւի լիութիւնը իր առաքելութեան համար, որպէս գլուխ, որ պիտի հաղորդէ իր եկեղեցիին։ Ասոր համար եկեղեցին թագաւորական, մարգարէական եւ քահանայական ժողովուրդ է ։

Նորին Սրբութիւն յարեց, որ Եփրայերէն լեզուով «Մեսիա» բառը ու Յունարէն լեզուով անոր համապատասխանող Քրիստոս բառը երկուքն ալ կը վերաբերին Յիսուսին ու կը նշանակեն օծեալ ու մեր միեւնոյն «Քրիստոնեաներ» բառը, Հայրերուն կողմէ կը բացայայտուի «օծուած Քրիստոսի նմանութեամբ» բառացի իմաստով։

«Քրիստոս գլուխն է, մեր Քահանայապետը, Սուրբ հոգին անուշահոտ իւղն է եւ Եկեղեցին Քրիստոսի մարմինը, որուն մէջ կը տարածուի» ըսաւ Սրբազան Հայրը, Ան ապա բացատրելով, թէ ինչո՞ւ Սուրբ Հոգին Սուրբ Գիրքին մէջ խորհրդանշուած է իւղով եւ ի՞նչ գործնական դասեր կրնանք քաղել այդ խորհրդանիշէն յայտնեց, որ Աւագ Հինգշաբթի օրը եպիսկոպոսը օծելով իւղը, որ է «միւռոնը» ու անդրադառնալով բոլոր անոնց որոնք պիտի ստանան օծումի մկրտութեան եւ դրոշմի այդ իւղը կ՝ըսէ թող այս իւղը թափանցէ անոնց մէջ, որպէսզի ազատուելով իրենց բնածին ապականութենէն, եւ սրբագործուելով որպէս Անոր փառքի տաճար սփռեն սուրբ կեանքի բոյրը։

Նորին Սրբութիւնը ապա մէջբերելով նաեւ Պօղոս Առաքեալի խօսքէն հատուած մը, «Որովհետեւ մենք Աստուծոյ համար, Քրիստոսի անոյշ բոյրն ենք (2 Կորնթ, 2,15) նշեց, «Դժբախտաբար գիտենք որ երբեմն մենք քրիստոնեաներս չենք տարածեր Քրիստոսի բոյրը՝ այլ սեփական մեղքի վատ հոտը ու սա պէտք չէ շեղէ մեզի աշխարհի մէջ Քրիստոսի անոյշ բոյրը դառնալէ ու Քրիստոսի բոյրը կը բխի «Հոգիի պտուղներէն».  սէր, ուրախութիւն, խաղաղութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, քաղցրութիւնը, հեզութիւնը, ժուժկալութիւնը հոգիին պտուղներ են, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։

Քահանայապետը հրապարակային ունկնդրութիւնը աւարտեց ըսելով «Եթէ մենք փորձենք այս պտուղներ մշակել, մէկ մը մեր շուրջը քիչ մը Քրիստոսի հոգիին բոյրը պիտի զգայ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/08/2024, 10:22

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >