ҽ

2024.07.04 Trieste: Via Gacomo Ciamician e quartiere armeno

Թրիեսթէ քաղաքն ու հայերը. Քահանայապետը քաղաքը կ՛այցելէ 7 Յուլիսին

Հայերը Թրիեսթէ հաստատուած են 18-րդ դարու վերջաւորութեան, երբ Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան պառակտման (1772) հետևանքով, միաբաններու խումբ մը, Աստուածատուր Պապիկեանի գլխաւորութեամբ գացած են Թրիսեթէ ուր ապա Աւստրիական արքունիքը հովանաւոր կանգնելով միաբաններուն թոյլ տուած է այնտեղ հիմնել վանք, դպրոց, տպարան
Ունկնդրէ լուրը

 

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Յառաջիկայ Կիրակի օր` Ֆրանչիսկոս Պապը կէս օր տեւող հովուական այցելութեամբ պիտի մեկնի Իտալիոյ Հիւսիսային շրջանի մէջ գտնուող Թրիեսթէ քաղաք, փակումը կատարելու «Իտալիոյ կաթողիկէներու ընկերային 50րդ շաբթուան»։

«Ընկերային շաբաթներու առաջինը նշուած էր 1907 թուականին Փիսթոյա քաղաքին մէջ, 22 - 28 սեպտեմբեր, որուն իր օրհնութիւնը շնորհած էր Պիոս Ժ Քահանայապետը եւ անոր բացումը կատարած էր Կարդինալ Փիեթրօ Մաֆֆի մեկնաբանելով հացերու եւ ձուկերու բազմացումի հրաշքը ու բացատրելով այս «շաբաթները» կազմակերպելու անհրաժեշտութիւնը։

Կաթողիկէները, փաստօրէն, բոլորը անձնապէս կոչուած են հացի բազմացման՝ «մեր և մեր եղբայրներու համար ճարելու և անոնց ապահովելու մարմնի հացը, արդարութեան հացը, գթութեան հացը, ճշմարտութեան հացը, առաքինութեան հացը, հոգիներու անսահման հացը» ըսած էր Ծիրանաւորը, նշելով, որ այս է կաթողիկէներուն ծրագիրը, զոր ընկերային շաբաթները կ՛ուզեն դիմագրաւել:

Սրբազան Պապը փակումը պիտի կատարէ ընկերային 50րդ շաբթուան, ներկաներուն ուղղելով ճառ մը հուսկ մատուցելով եզրափակիչ պատարգը։

Միջին դարերուն Թրիեսթէ քաղաքը շնորհիւ իր աշխարհագրական շահաւէտ դիրքի, նշանակալից առևտուրի կենտրոն եղած է եւ ասոր համար է, որ ան դարձած է նաեւ մշակոյթներու եւ տարբեր ազգութիւններու պատկան բնակիչներու օրրան, որոնց շարքին նաեւ հայեր։

Հայերը այնտեղ հաստատուած են 18-րդ դարու վերջաւորութեան, երբ Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան պառակտման (1772) հետևանքով, միաբաններու խումբ մը, Աստուածատուր Պապիկեանի գլխաւորութեամբ գացած են Թրիեսթէ, ուր ապա Աւստրիական արքունիքը հովանաւոր կանգնելով միաբաններուն թոյլ տուած է այնտեղ հիմնել վանք, դպրոց, տպարան, որ սկսած է աշխատիլ 1776-էն սկսեալ և 35 տարուայ ընթացքին հրատարակել է աւելի քան 70 հայերէն գիրք, հիմնականին մէջ կրօնական բովանդակութեամբ, բայց նաև դասագիրքեր, եւրոպական լեզուներով գիրքեր (եկամուտ ստանալու համար)։ Միաբանութեան այս մասնաճիւղը 1811-ին տեղափոխուեցաւ Վիեննա։

Ճաքոմօ Չամիչեանին նուիրուած ճամբան
Ճաքոմօ Չամիչեանին նուիրուած ճամբան

Թրիեսթէի ամենանշանաւոր հայերէն մին եղած է` յայտնի քիմիկոս Ճաքոմօ Չամչեանը, որուն անունով այսօր գոյութիւն ունի «Via Giacomo Ciamician» պողոտան, Թրիեսթէի «quartiere armeno» այսինքին «հայկական թաղամաս» կոչուած շրջանին մէջ, ուր կը գտնուի նաեւ Մխիթարեան Հայրերուն պատկան Եկեղեցին ու վանքը որ ժամանակին եղած է Թրիեսթէ քաղաքին մէջ բնակող հայերուն յղման կէտը։ Թէեւ այսօր Եկեղեցին ու քովնտի շէնքը փլատակ ու լքուած վիճակի մէջ են։

ԺԸ դարուն ըստ տեղեկութիւններուն Քաղաքին մէջ կ՛ապրէին հինգ հարիւրէ աւելի հայեր։

Թրիեստահայերու շարքին էր նաեւ ձեռներէց Հաճի Ճորճօ Այտընեանը, արևելեան գորգերու վաճառական, որուն ջանքերով Մխիթարեան հայրերուն պատկանող հողերուն վրայ՝ կառուցուեցան շէնքեր, որոնք որպէս տուներ տրամադրուեցան ցած ու միջին խաւի պատկան անձերուն։

Թրիեսթէ քաղաքին մէջ Կարապետ Պաշճեանը 1924ին հիմնեց «Արեւելեան անուշներու գործարանը», որ ճանչցուած էր որպէս հայկական հրուշակեղէնի խանութ, որ գործեց  մինչեւ 1945 թուական ապա փակուեցաւ։

Այսօրուայ դրութեամբ Թրիեսթէի մէջ կ՛ապրին հազ հազիւ տասը հայ ընտանիքներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/07/2024, 13:24