ҽ

Թրիեսթէէն թող ծագի նոր քաղաքակրթութեան մը երազը, հիմնուած խաղաղութեան ու եղբայրութեան վրայ. Ֆրանչիսկոս Պապ

«Չգայթակղինք Յիսուսէն ընդհակառակը, վրդովինք բոլոր այն իրավիճակներուն ի տես, ուր կեանքը դաժան է, վիրաւոր ու սպաննուած. Աւետարանի մարգարէութիւնը կրենք մեր մարմնին վրայ՝ մեր ընտրութիւններով, նախ քան խօսքերով» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ու քաջալերեց Թրիեսթէի Եկեղեցին յառաջ ընթանալու ու շարունակելու յանձնառու ըլլալ առաջնագիծի վրայ տարածելով յոյսին Աւետարանը ...
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 7 Յուլիս 2024ին «Իտալիոյ կաթողիկէներու ընկերային 50րդ շաբաթուան» փակումին առիթով Թրիեսթէ քաղաք կատարած հովուական այցելութեան ծիրէն ներս Սրբազան Պապը հանդիպելէ ետք Ընկերային Շաբթուան մասնակցող ժողովականներուն հետ, հակիրճ հանդիպումներ ունեցաւ որոշ անձնաւորութիւններու հետ, որոնց շարքին` համամիութենական շարժումի ներկայացուցիչներ, ակադեմիական աշխարհի անդամներ ապա գաղթականներ եւ անկարներ, որոնցմէ ետքը «Իտալիոյ միութեան» հրապարակին վրայ մատուցեց սուրբ պատարագը, որուն ընթացքին ներկայացուց յաւուր պատշաճի քարոզը, զոր կեդրոնացուց օրուան ծիսական ընթերցումներուն վրայ, ուր կը պատմուի Յիսուսին իր ծննդավայր Նազարէթ քաղաքին տուած այցելութեան մասին ու նազարէթցիներու զարմանքին ու գայթակղութեան` տեսնելով Յիսուսը, որ ժողովարանին մէջ կը սորվեցնէր։

Պատարագին մասնակցեցան 8.500 հաւատացեալներ մինչ Քահանայապետին հետ համապատարագեցին 98 եպիսկոպոսներ եւ 260 քահանաներ։ Սուրբ Զոհին ներկայ գտնուեցան նաեւ Սերպ, Յոյն Օրթոտոքս եւ Լուտերական Եկեղեցւոյ եկեղեցական ներկայացուցիչները ինչպէս նաեւ Խրուաթիայէն, Սլովենիայէն եւ Աւստրիայէն հիւր եպիսկոպոսները։

Յիսուսին մարդկութիւնը գայթակղութեան պատճառ

«Ո՞րն էր խոչընդոտը որ անոնց արգելք կը հանդիսանար, որպէսզի հաւատան Յիսուսին» հարց տուաւ Քահանայապետը ու բացատրեց, թէ ինչպէս անոնք ունկնդրելով Յիսուսը, կանգ կ՛առնեն Անոր երկրային պատմութեան առջեւ ու կը զարմանան, թէ ինչպէս այսպիսի պարզ ընտանիքի մարդէ մը կարելի է այդքան մեծ իմաստութիւն դուրս գալ ու նոյնիսկ կարողութիւնը` հրաշքներ գործելու։

«Գայթակղութիւնը, խոչընդոտը, Յիսուսին մարդկութիւնն է...» յարեց Քահանայապետը, «հաւատք մը` որ հիմնուած է մարդկային Աստուծոյ վրայ, որ կը խոնարհի դէպի մարդկութիւնը, անոր հոգ կը տանի, կը յուզուի մեր վէրքերուն համար, իր վրայ կ՛առնէ մեր յոգնութիւնները ու հացի պէս կը բեկանուի մեզի համար»։

Աստուած կը թաքնուի մեր քաղաքներու կեանքի խաւար անկիւններուն մէջ

«Ուժեղ և հզօր Աստուած մը, որ իմ կողքիս է և ինծի ամէն ինչով կը բաւարարէ, գրաւիչ է։ Տկար Աստուած մը, որ սիրոյ համար կը մեռնի խաչին վրայ եւ ինձմէ ալ կը խնդրէ յաղթահարել եսասիրութիւնը ու կեանքը նուիրել աշխարհի փրկութեան համար, անյարմար Աստուած է» նշեց Նորին Սրբութիւնը հաստատելով, որ «Մենք այսօր կարիքը ունինք հաւատքի գայթակղութեան, հաւատք` որ խարսխուած է մարդեղացած Աստուծոյ մէջ, եւ ասոր համար մարդկային հաւատք է, որ կը մտնէ պատմութեան մէջ, կը շոյէ մարդոց կեանքը, կը բուժէ կոտրուած սրտերը եւ կը դառնայ նոր աշխարհի մը յոյսի թթխմոր ու ծիլ.... Հաւատք մը` որ կը դատապարտէ չարը, մատնացոյց կ՛ընէ անարդարութիւնները, կը խաթարէ դաւադրութիւններն անոնց` որոնք իշխանութեան ստուերին տակ կը խաղայ աւելի տկարներու մորթին վրայ», ընդգծեց ի միջի այլոց Սրբազան Պապը մատնանշելով, որ «Աստուած կը թաքնուի մեր քաղաքներու կեանքի խաւար անկիւններուն մէջ», ու թէ «Անոր ներկայութիւնը կը յայտնուի ճիշտ տառապանքներով փորուած դէմքերուն մէջ, ուր կարծես կը գերիշխէ ապականութիւնը»։

Կանչուած ենք ըլլալու Աստուծոյ Թագաւորութեան մարգարէներն ու վկաները

«Յիսուս մուտք գործելով ժողովուրդի առօրեայ պատմութեան ու կեանքին մէջ, յայտնելով Աստուծոյ գթութիւնը վիրաւոր մարդկութեան մարդկային դիւրաբեկ իրադարձութիւններուն մէջ, դարձաւ գայթակղութեան պատճառ, մերժուեցաւ մինչեւ այն աստիճան որ դատուեցաւ ու դատապարտուեցաւ բայց մնաց հաւատարիմ իր առաքելութեան, փոխզիջումներու չդիմեց, չի պահուըտեցաւ երկուութեան ետին...իր կեանքը դարձուց սիրոյ նուէր Հօր» դիտել տուաւ Նորին Սրբութիւնը ու հաստատեց` որ «մենք եւս որպէս քրիստոնեաներ կանչուած ենք ըլլալու մարգարէներն ու վկաները Աստուծոյ Թագաւորութեան, մեր ապրած բոլոր իրավիճակներուն մէջ, մեր ապրած բոլոր վայրերուն մէջ»։

Ան ապա մաղթեց, որ «Թրիեսթէի այս քաղաքէն ծագի նոր քաղաքակրթութեան մը երազը, հիմնուած խաղաղութեան ու եղբայրութեան վրայ։

Վրդովինք բոլոր այն իրավիճակներուն ի տես, ուր կեանքը դաժան է, վիրաւոր ու սպաննուած

«Չգայթակղինք Յիսուսէն ընդհակառակը, վրդովինք բոլոր այն իրավիճակներուն ի տես, ուր կեանքը դաժան է, վիրաւոր ու սպաննուած. Աւետարանի մարգարէութիւնը կրենք մեր մարմնին վրայ՝ մեր ընտրութիւններով, նախ քան խօսքերով» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ու քաջալերեց Թրիեսթէի Եկեղեցին յառաջ ընթանալու ու շարունակելու յանձնառու ըլլալ առաջնագիծի վրայ տարածելով յոյսին Աւետարանը ...

«Յանձնառու ըլլանք միասին որպէսզի մենք մեց բացայայտելով սիրուած Հօրմէն կարողանանք միասին ապրիլ` որպէս եղբայրներ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/07/2024, 11:00