ҽ

2024.07.04 Al cuore della democrazia (LEV)

Ժողովրդավարութիւն կը նշանակէ բոլորի խնդիրները լուծել «միասին». Ֆրանչիսկոս Պապ

«Միասին կը նշանակէ, թէ մէկը գումարած մէկի հաւասար չէ երկուի, այլ երեքի, քանի որ մասնակցութիւնն ու համագործակցութիւնը կը ստեղծեն այն, ինչ որ տնտեսագէտները կ՛անուանեն յաւելեալ արժէք, այսինքն՝ այն դրական և գրեթէ շօշափելի զօրակցութեան զգացումը, որ կը յառաջանայ կիսելու և յառաջ տանելու գործունէութենէն» կը գրէ ի միջի այլոց Նորին Սրբութիւնը ապա կը հաստատէ, որ «մասնակցիլ բառին մէջ է, որ մենք կը գտնենք ժողովրդավարութեան բարին բուն իմաստը»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Քահանայապետին Թրիեսթէ քաղաք այցելութեան առիթով` 7 Յուլիսին, Իտալիոյ Կաթողիկէներու Ընկերային 50րդ շաբաթուան եզրափակումը կատարելու համար, Թրiեսթէ քաղաքի «Il Piccolo» օրաթերթը հրապարակեց Ֆրանչիսկոս Պապի ինքնատիպ մէկ գրութիւնը, որ ներածութիւնն է «Դէպի Ժողովրդավարութեան սիրտ» վերնագիրով Քահանայապետի ելոյթներու և պատգամներու հաւաքածոյի մը։

Հատորը` որ պատրաստուած է Վատիկանի Տպագրատունի եւ «Il Piccolo» օրաթերթի ջանքերով, Կիրակի 7 Յուլիսին, Թերթին օրինակներուն հետ պիտի բաշխուի ձրի կերպով։ Հատորին ներկայացումը կը կրէ Իտալիոյ Եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի նախագահ` Կարդինալ Մաթթէօ Ծուփիին ստորագրութիւնը։

Ներածականին մէջ Սրբազան Պապը ուրախութիւնը կը յայտնէ հատորին հրատարակումին համար, ակնարկելով Թրիեսթէ քաղաք իր ներկայութեան, Իտալիոյ Կաթողիկէներու Ընկերային 50րդ շաբաթուան առիթով, որուն կարգախօսն է «Ժողովրդավարութեան սիրտէն ներս, մասնակցիլ ընդմէջ պատմութեան եւ ապագայի»։

Նորին Սրբութիւնը խօսքը կը կեդրոնացնէ Ժողովրդավարութիւն բառին վրայ մեկնաբանելով անոր իմաստը ու անդրադառնալով Ժողովրդավարական երկիրներուն դիմաց կայացած դժուարութիւններուն՝ որոնք «յառաջ կու գան ներկայ ժամանակի հարցերու բարդութենէն», ինչպէս է զոր օրինակ աշխատանքի պակասը եւ ասկէ մեկնելով Ան կը հաստատէ, որ ժողովրդավարութեան մեծ արժէքը այն է «ըլլալ միասին»։

«Միասինը հոմանիշ է մասնակցութեան» կը գրէ Նորին Սրբութիւնը մատնանշելով Հայր Լորենցօ Միլանիի գրութիւններուն ու հաստատելով` որ «մեր դիմաց կայացած հարցերը, բոլորիս հարցերն են, ու կը հային բոլորին» ու թէ «ժողովրդավարական ուղին կը կայանայ այդ հարցերը միասնաբար քննարկելու մէջ ու գիտակցելու թէ միայն միասին է, որ կարելի է անոնց լուծում գտնել»։ «Որովհետեւ հասարակութեան մը մէջ, ինչպիսին է մարդկային հասարակութիւնը, ոչ մէկը կարող է փրկուիլ առանձին» կը նշէ Սրբազան Պապը։

«Միասին կը նշանակէ, թէ մէկը գումարած մէկի հաւասար չէ երկուի, այլ երեքի, քանի որ մասնակցութիւնն ու համագործակցութիւնը կը ստեղծեն այն, ինչ որ տնտեսագէտները կ՛անուանեն յաւելեալ արժէք, այսինքն՝ այն դրական և գրեթէ շօշափելի զօրակցութեան զգացումը, որ կը յառաջանայ կիսելու և յառաջ տանելու գործունէութենէն» կը գրէ ի միջի այլոց Նորին Սրբութիւնը ապա կը հաստատէ, որ «մասնակցիլ բառին մէջ է, որ մենք կը գտնենք ժողովրդավարութեան բարին բուն իմաստը»։

Ըստ Ֆրանչիսկոս Պապին Ժողովրդավարութիւնը, հակառակ պետական ​​վարչակարգին, կը պահանջէ մասնակցութիւն, կը պահանջէ` որ իւրաքանչիւրը իր սատարը տայ եւ չմնայ որպէս դիտորդ պատուհանի վրայ։

Սրբազան Պապը կ՛ակնարկէ ապա բազմաթիւ հարցերուն, զոր պէտք է դիմագրաւել ժողովրդավարական կերպով ինչպէս հիւրընկալութիւնը, ժողովրդագրական ձմեռը, խաղաղութեան ի սպաս իսկական քաղաքականութիւնը, մէկ խօսքով խնամք տանիլ միւսին, ինչպէս մեզի յայտնած է Աւետարանին մէջ Յիսուս։

Քահանայապետը գրութիւնը կ՜աւարտէ մաղթելով, որ Թրիեսթէն Միջերկրական ծովին նայող քաղաք, մշակոյթներու, կրօններու և տարբեր ժողովուրդներու միացուլման կաթսայ, մարդկային եղբայրութեան փոխաբերութիւն, որուն կը ձգտինք պատերազմով խաւարած այս ժամանակներու ընթացքին, կարող ըլլայ աւելի համոզիչ պարտաւորութիւն յառաջացնել լիարժէք մասնակցային ժողովրդավարական կեանքի համար, ուղղուած ընդհանուր իսկական բարիքին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/07/2024, 08:00