ҽ

2024.07.07 Visita Pastorale a Trieste - Santa Messa

Յառաջ ընթանալ անվախ, բաց եւ խարսխուած մարդկային ու քրիստոնէական արժէքներուն մէջ. Ֆրանչիսկոս Պապ

«Որպէս քրիստոնեաներ մենք ունինք Աւետարանը, որ կ՛ իմաստաւորէ և յոյս կու տայ մեր կեանքին. իսկ որպէս քաղաքացիներ ունիք Սահմանադրութիւնը, վստահելի «կողմնացոյց» դէպի ժողովրդավարութիւն տանող ճանապարհ» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը քաջալերելով բոլոր ներկաները յառաջ ընթանալու անվախ, բաց եւ խարսխուած մարդկային ու քրիստոնէական արժէքներուն վրայ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Թրիսեթէ կատարած հովուական այցելութեան ծիրէն ներս, քաղաքի «Իտալիոյ միութիւն» հրապարակին վրայ մատուցած Սուրբ Պատարագի աւարտին, Կիրակի 7 Յուլիս 2024ին, նոյն վայրէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը եւ նախ քան վերջին օրհնութիւնը շնորհելը Ան ուզեց յատուկ կերպով շնորհակալութիւն յայտնել Թրիեթէ քաղաքի Եպիսկոպոսին, որ ըսաւ Քահանայապետը, «իր արտասանած խօսքին մէջ չխօսեցաւ լոկ հիւանդներու մասին այլ տուաւ անոն անունները։ Զանոնք կը ճանչնայ անուն մականունով։ Եւ այս շէկը օրինակ մըն է, որովհետեւ սէրը շօշափելի է»։

Շնորհակալութիւն Թրիեսթէի Եպիսկոպոսին

«Ես շնորհակալ եմ Արքեպիսկոպոսին այս սովորութեան համար ու կը մաղթեմ որ յառաջ ընթացայ իր այս ճանաչման ուղիին վրայ» յարեց Նորին Սրբութիւն ապա ողջունեց բոլոր ներկաները յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով այցելութիւնը պատրաստող յանձնախումբին ու բոլոր անոնց, որոնք համագործակցեցան անոնց հետ, իր մօտիկութիւնը արտայայտելով հիւանդներուն, բանտարկեալներուն ու գաղթականներուն եւ բոլոր անոնց` որոնք յոգնած ու բեռնաւորուած են։

Համատեղել բացութիւնն ու կայունութիւնը, հիւրընկալութիւնն ու ինքնութիւնը

«Թրիեսթէն այն քաղաքներէն է, որոնք տարբեր մարդիկ համախմբելու կոչումը ունին. նախ և առաջ ան նաւահանգիստ է և կարևոր նաւահանգիստ, որ կը գտնուի Իտալիայի, Կենտրոնական Եւրոպայի և Պալքաններու խաչմերուկին վրայ: Այս իրավիճակին մէջ եկեղեցական և քաղաքացիական համայնքներու մարտահրաւէրն է, իմանալ ինչպէս համատեղել բացութիւնն ու կայունութիւնը, հիւրընկալութիւնն ու ինքնութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը նշելով, որ անոնք ունին անհրաժեշտը` դիմակայելու համար մարտահրաւէրը։

Աւետարանն ու Սահմանադրութիւնը

«Որպէս քրիստոնեաներ մենք ունինք Աւետարանը, որ կ՛ իմաստաւորէ և յոյս կու տայ մեր կեանքին. իսկ որպէս քաղաքացիներ ունիք Սահմանադրութիւնը, վստահելի «կողմնացոյց» դէպի ժողովրդավարութիւն տանող ճանապարհ» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը քաջալերելով բոլոր ներկաները յառաջ ընթանալու անվախ, բաց եւ խարսխուած մարդկային ու քրիստոնէական արժէքներուն վրայ։

Աղօթք խաղաղութեան համար

Ան ապա հրաւիրեց այս քաղաքէն նորոգել յանձնառումը` աղօթելու եւ գործելու ի սպաս խաղաղութեան` մարտիրոս Ուքրանիոյ համար, Պաղեստինի, Իսրայէլի, Սուտանի, Միանմարի եւ իւրաքանչիւր ժողովուրդի, որ կը տառապի պատերազմի պատճառաւ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/07/2024, 11:55