ҽ

2023.12.11 Personale dell'Ufficio del Revisore Generale

Խուսափիլ մրցակցութիւններէն եւ զգօն ըլլալ կաշառակերութեան ծուղակը չ’իյնալու համար․ Ֆրանչիսկոս Պապ

Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Սուրբ Աթոռի եւ Վատիկանի Պետութեան «Ընդհանուր քննիչ» գրասենեակի անդամները։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Այսօր՝ 11 Դեկտեմբերին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Սուրբ Աթոռի եւ Վատիկանի Պետութեան «Ընդհանուր քննիչ» գրասենեակի աշխատակիցները եւ իր գրաւոր պատգամն ու Սուրբ Ծննդեան բարեմաղթանքները փոխանցեց անոնց։

Իր գրաւոր պատգամի մէջ Պապը ամենէ առաջ կը յիշէ 9 տարի առաջ սկիզբ առած տնտեսական բարեփոխումները, որուն հիմքը Պենետիկտոս ԺԶ Պապ դրած էր, աւելցնելով, որ 2014 թուականին ինքնագիր նամակով ստեղծեց այդ մարմինը, որու գործառոյթները առաւել յստակ սահմանուեցան յետագայ կանոնադրութիւններու եւ Preedicate Evangelium Առաքելական Սահմանադրութեան մէջ։

Սրբազան Քահանայապետը կանգ կ’առնէ այնուհետեւ երեք հիմնական արժէքներու վրայ, որ ըստ Անոր կը բնութագրեն «Ընդհանուր քննիչ» գրասենեակի աշխատակիցներուն․ անկախութիւն, միջազգային փորձ եւ մասնագիտական մօտեցում։

Աշխատիլ սիւնհոդոսական ոգիով եւ խուսափիլ մրցակցութիւններէ

«Ընդհանուր քննիչ» գրասենեակը ստորակարգօրէն կախում չունի այլ մարմիններէ: Սակայն, հեռու է կամայականութենէ, եւ կ’ենթադրէ միշտ լաւ մտածուած եւ գթասրտութեան գերագոյն սկզբունքով ոգեշնչուած գործողութեան պատասխանատուութիւն», կը շեշտէ Նորին Սրբութիւնը անկախութեան անդրադառնալով։ Ան կոչ կ’ընէ նաեւ աշխատիլ սիւնհոդոսական ոգիով, համագործակցութեամբ տնտեսական միւս մարմիններուն հետ՝ խուսափելով «մրցակցութիւններէն», որ կարող է դիւրութեամբ վերածուիլ անձնական մակարդակի մրցակցութեան։

Միջազգային փորձին անդրադառնալով Պապը կը քաջալերէ նպաստել լաւագոյն օրինակներու կիրառմանը, արդարութեան խթանմանը եւ միջազգային հանրութեան հետ համահունչ ըլլալուն, եթէ, իհարկէ, այդ մէկը չի հակասեր Եկեղեցւոյ ուսմունքներուն:

Ստեղծել երաշխիքներ կաշառակերութիւնը կանխելու համար

Մասնագիտական մօտեցումի առումով Ֆրանչիսկոս Քահանայապետն կ'ընդգծէ բարձր մակարդակով աշխատելու անոնց մասնագիտական փորձը եւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ այդ ամէնը Սուրբ Աթոռին ծառայեցնելու համար, միաժամանակ շեշտելով, որ «Ընդհանուր քննիչ» գրասենեակը «հակա կաշառակերութեան մարմին է, համաձայն Մերիտայի համաձայնագիրի, որուն Սուրբ Աթոռը միացած է 2016 թուականին՝ նաեւ Վատիկանի Պետութեան անունով»: Ասկէ մեկնելով Ան կարեւորած է «ազնուութիւնն», «թափանցիկութիւնը», կաշառակերութեան ծուղակը չ’իյնալու զգօնութիւնը եւ յորդորած է օգնել Սուրբ Աթոռի գոյքի կառավարման համար պատասխանատուներուն՝ ստեղծելու երաշխիքներ կաշառակերութիւնը կանխելու համար:

Շատ անգամ ժպիտն ու խօսքը աւելին կ՛արժեն, քան մակարոնի ափսէ մը

Ֆրանչիսկոս Պապը շեղելով կեդրոնական նիւթէն կը նշէ թէ՝ տեղեակ է, որ շատերը ծառայութիւններ կը մատուցեն Քարիթասի ճաշարանի մէջ, ընդգծելով, որ․ «Դա գեղեցիկ բան է, կատարեցէք այդ մէկը բաց սիրտով, պարզութեամբ եւ անհատոյց կերպով, եւ ժամանակ գտէք խօսելու այդ մարդկանց հետ եւ լսելու անոնց պատմութիւնները․ «շատ անգամ ժպիտն ու խօսքը աւելի կ՛ արժեն` քան մակարոնի ափսէ մը», կը պնդէ Ան ու գրաւոր ճառը կ՛աւարտէ իր ամենալաւ մաղթանքները փոխանցելով Սուրբ Ծնունդի տօներու կապակցութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/12/2023, 11:49