ҽ

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին 

«Կրօններու պարտականութիւնն է նաեւ խաղաղութեան պահպանումը». Ֆրաչիսկոս Պապ

Տուպայի մէջ “Faith Pavilion - հաւատքի տաղաւարի» բացման արարողութեան ընթացքին, Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը կարդաց Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կիրակի, 3 դեկտեմբերին, Տուպայի մէջ բացումը կատարուեցաւ, “Faith Pavilion” հաւատքի տաղաւարին, որուն ընթացքին, Վատիկանի պետքարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին կարդաց Ֆրանչիսկոս Պապին այս առթիւ պատրաստած պատգամը, որուն սկիզբը Սրբազան Հայրը իր գնահատանքը կը յայտնէ կրօնական տաղաւարը կազմակերպող գործընկերներուն մատնանշելով, որ անիկա իր տեսակին մէջ առաջինն է Cop վեհաժողովի ծիրէն  ներս եւ ցոյց կու տայ որ ամէն իսկական կրօնական դաւանանք, գործողութեան եւ հանդիպումի աղբիւր է։

Հանդիպում

Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը յոյժ կարեւոր կը նկատէ, թէ բոլորը` իրենց տարբերութիւններէն անդին պէտք են իրարու հետ հանդիպին՝ մարդկութեան մէջ որպէս եղբայրներ եւ քոյրեր, յատուկէն որպէս հաւատացեալներ, յիշեցնելու համար կրօնապետերուն եւ աշխարհին, որ իբրեւ սպասուած ուխտաւորներ այս երկրին մէջ պարտաւոր են պահպանել հասարակաց տունը։

Պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը կ՝անդրադառնայ կլիմայի ճգնաժամին նշելով, որ անիկա նաեւ կրօնական ճգնաժամ է, որովհետեւ անոր արմատը կը գտնուի արարածի ինքնաբաւութեան ինքնահաւանութեան մէջ։ «Սակայն արարածը, առանց արարչին» կ՝անհետացուի։ (Ուրախութիւն եւ յոյս 36)։

Ֆրանչիսկոս Պապ կը մաղթէ, որ այս տաղաւարը դառնայ հանդիպումի վայր եւ կրօնները միշտ դառնան հիւրընկալ վայրեր, որ մարգարէաբար վկայելով գերակայութեան անհրաժեշտութեան մասին, խօսին աշխարհի մէջ եղբայրութեան, ուրիշներուն յարգանքի եւ մէկը միւսին խնամքի մասին, առանց արդարացնելու արարչագործութեան հանդէպ վատ վերաբերմունքը։

Գործողութիւն

«Գործողութիւնը այս հաւատքի տաղաւարին միւս առանցքային թեման է», կը նշէ ՍրբազաՆ Հայրը անհրաժեշտ նկատելով շրջակայ միջավայրի համար աշխատիլը, ոչ միայն տնտեսական գետնի վրայ աւելի դրամ յատկացնելով, այլ փոխելով ապրելակերպերը ու կրթելով եղբայրական, ժուժկալ վարուելակերպերու։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նկատել կու տայ, որ փոխկապակցուած են խաղաղութեան եւ արարչագործութեան պահպանումը նշելով, որ բոլորս ականատես ենք, թէ ինչպէս պատերազմներն ու հակամարտութիւններ կը վնասեն շրջակայ միջավայրը կը բաժնեն ազգերը՝ խոչընդոտելով կիսուած յանձնառութիւնը ընդհանուր նիւթերու
շուրջ, ինչպէս օրինակ մոլորակի պաշտպանութիւնը։

«Իրականին մէջ տուն մը բոլորի համար ապրուելիք կը դառնայ՝ լոկ երբ կը հիմնուի անոր մէջ խաղաղութեան միջավայր։ Այպէս է մեր երկիրը, որուն հողը կարծես կը միացնէ մանուկներուն, աղքատներուն աղերսը՝ մինչեւ երկինք հասցնելու համար մէկ աղաչանք. Խաղաղութիւն։ Պահպանել խաղաղութիւնը է նաեւ կրօններուն պարտականութիւնը։ Հաճեցէք այս հարցին մէջ անհամաձայնութիւններ թող չըլլան»

«Գործերով մի՛ հերքէք այն ինչ որ ձեր շրթունքներով կ՝ըսէք, միայն խաղաղութեան մասին չխօսիք, այլ ճիշդ կեցուածք պէտք է առնել անոր դէմ որ հաւատացեալ հռչակուելով ատելութիւն կը սնուցանէ եւ դէմ չկենար բռնութեան դէմ» կը նշէ Սրբազան Հայրը, Ան ապա պատգամը կ՝աւարտէ յիշելով Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասիզացցին խօսքերէն հատուած մը, «Խաղաղութիւնը զոր բերանով կը յայտարարէք, զայն աւելի արատ պահեցէք ձեր սիրտերուն մէջ»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/12/2023, 07:10