ҽ

2023.12.10 Angelus

Ֆրանչիսկոս Պապը ողջունեց Հայ եւ Ազէրի բանտարկեալներու ազատ արձակումի համաձայնութիւնը

«Մեծ յոյսով կը նայիմ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու, Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան դրական նշանին, եւ կողմերը ու անոնց ղեկավարները կը քաջալերեմ, որ հնարաւորինս շուտ կնքեն խաղաղութեան պայմանագիրը»:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի` 10 դեկտեմբերի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Պապը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը եւ աղօթքէն ետք Ան ողջոյնի խօսք ուղղեց հրապարակ համախմբուած ուխտաւորներուն, որուն սկիզբը կոչ ուղղեց ի նպաստ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ապա ողջունեց «զգալի թիւով հայ եւ ազէրի գերիներու ազատ արձակումը»։

«Մեծ յոյսով կը նայիմ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու, Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան դրական նշանին, եւ կողմերը ու անոնց ղեկավարները կը քաջալերեմ, որ հնարաւորինս շուտ կնքեն խաղաղութեան պայմանագիրը», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։

Մարդկային Իրաւունքներու Տիեզերական հռչակագիրի 75 ամեակ

Այս խօսքէն առաջ Նորին Սրբութիւնը յիշեց թէ` 75 տարիներ առաջ` 10 դեկտեմբեր 1948, կը ստորագրուէր Մարդկային Իրաւունքներու Տիեզերական հռչակագիրը, նշելով` որ Ան նման է «մայր ճանապարհի, որու վրայ բազմաթիւ քայլեր կատարուեցան դէպի առաջ, սակայն բազմաթիւ այլ քայլեր կը պակսին, և ցաւօք երբեմն ետքայլ կը կատարուի։ Մարդու իրաւունքներու ի սպաս յանձնառումը երբեք աւարտած չէ» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը, մօտիկութիւն արտայայտելով բոլոր անոնց որոնք առօրեայ կեանքին մէջ կը պայքարին եւ անձամբ կը նուիրուին պաշտպանելու համար իրաւունքը անոր` որ կարեւոր չէ։

COP28 համար աղօթք

Նորին Սրբութիւնը նշեց նաեւ որ մի քանի օրէն պիտի աւարտին Տուպայի COP 28 աշխատանքները ու այս ուղղութեամբ հրաւիրեց աղօթել որպէսզի այդ աշխատանքներուն արդիւնքները հանգին հասարակաց տան խնամքին եւ մարդոց պաշտպանութեան ի նպաստ արդիւնքներու։

Ու շարունակենք աղօթել պատերազմի պատճառաւ տառապող ժողովուրդներուն համար։ Մենք կ՜ընթանանք դէպի Սուրբ Ծնունդ. Կարող պիտի ըլլա՞նք, Աստուծոյ օգնութեամբ, խաղաղութեան գործնական քայլեր կատարելու։ Լաւ գիտենք որ դիւրին չէ։

Դիմագրաւել եւ վերացնել պատերազմներու պատճառները

Որոշ հակամարտութիւններ ունին խոր պատմական արմատներ։ Բայց մենք ունինք նաև այր մարդոց ու կիներուն վկայութիւնը, որոնք իմաստութեամբ և համբերութեամբ աշխատեցան խաղաղ գոյակցութեան համար: Հետևինք անոնց օրինակին։ Պէտք է ամէն ջանք գործադրել հակամարտութիւններու պատճառները դիմագրաւելու և վերացնելու համար։

Եւ մինչ այդ, խօսելով մարդու իրաւունքներու մասին, պէտք է պաշտպանուին խաղաղ բնակիչները, հիւանդանոցները, աղօթավայրերը, պատանդները պէտք է ազատուին և երաշխաւորուի մարդասիրական օգնութիւնը: Չմոռանանք տանջուած Ուքրանիան, Պաղեստինը, Իսրայէլը։

«Կ՛ապահովեմ աղօթքներս նաեւ Թիվոլիի հիւանդանոցին մէջ պատահած հրդեհին զոհերուն համար» ըսաւ հուսկ Քահանայապետը եւ ողջունեց հրապարակ ժամանած ուխտաւորներու խումբերը։ Ան ապա բարի կիրակի մաղթեց բոլորին ու ինչպէս միշտ խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/12/2023, 12:14