ҽ

Մխիթար Աբբահայր Մխիթար Աբբահայր 

ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (19)

Մխիթար սարկաւագ կը մեկնի Սեւանի վանքէն դէպի Բասեն - Մխիթար Աբբահօր մահուան 275րդ Յոբելեան - Հաղորդաշարը պատրաստեց Մխիթարեան միաբանութեան ուխտէն՝ Հ. Սերոբ Վրդ. Չամուրլեան

 19.- ՄԽԻ­ԹԱՐ ՄԻԱԿԱ­ՆԻ Ս. ՆՇԱ­ՆԻ ՎԱՆ­ՔԸ ԿԸ ՎԵ­ՐԱ­ԴԱՌ­ՆԱՅ

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

­Մէկ աչ­քի քա­ռորդ տե­սո­ղու­թեամբ ինք­նա­բաւ՝ Մխի­թար սար­կա­ւա­գը կ՚ո­րո­շէ տու­նէն ել­լել եւ վանք բնա­կիլ։ Այս­պէս, 1695 թուա­կա­նի Մայիս ամ­սուն կը բարձ­րա­նայ Ս. Նշան եւ կը նուի­րուի հո­գե­ւոր խո­կում­նե­րու։ Օրը օրին ձախ աչ­քի տե­սո­ղու­թիւ­նը կը լա­ւա­նայ եւ կը յա­ջո­ղի քիչ քիչ կար­դալ, սա­կայն աջ աչ­քով բան չէր տես­ներ։­

Ո­մանք խոր­հուրդ կու տան աջ աչ­քին կո­պը խա­րա­նել։ Մխի­թար կը հա­մա­ձայ­նի այդ չար­չա­րանքն ալ կրել, սա­կայն ի զուր։ Ոչ մէկ դրա­կան ար­դիւնք, մա­նա­ւանդ թէ, ջի­ղե­րը կը գա­լա­րուին եւ աչ­քի վե­րե­ւի կո­պը կը պր­կուի եւ վեր կը հա­ւա­քուի, սար­սա­փե­լի տեսք մը տա­լով դէմ­քին։ Բա­րե­բախ­տա­բար վէր­քը բու­ժուե­լէն ետք կոպն ալ տե­ղը կու գայ։ Մէկ խօս­քով ամէն մարդ­կային բժշ­կա­կան մի­ջոց յանձն առ­նե­լէ ետք ապար­դիւն մնա­լով, Մխի­թար սար­կա­ւագ այ­լեւս ոչ մէկ դեղ չ՚ու­զեր օգ­տա­գոր­ծել, բո­լո­րո­վին յանձ­նուե­լով աս­տուա­ծային կամ­քին։

169­5ի ամ­րան կեան­քէն կը հե­ռա­նայ սր­բա­կեն­ցաղ Մա­նա­սէ կոյ­սը։ Մխի­թար սար­կա­ւա­գը, ինչ­պէս փա­փա­քած էր ջեր­մա­գին, ներ­կայ կը գտ­նուի անոր հո­գե­վար­քին տես­նե­լով թէ ինչ­պէս աս­տուա­ծա­վախ կոյ­սը ջեր­մե­ռան­դօ­րէն կը պատ­րաս­տուէր իր հո­գին աւան­դե­լու Քրիս­տո­սի՝ երկ­նա­ւոր փե­սային ձեռ­քե­րուն մէջ։ Խուռ­նե­րամ ժո­ղո­վուր­դի եւ հո­գե­ւո­րա­կան դա­սի բազ­մու­թեամբ թա­ղու­մը կը կա­տա­րեն եւ Մխի­թար ինք­զին­քը որ­բա­ցած կը զգայ։ Կորսն­ցու­ցած էր նաեւ երկ­րորդ հո­գե­ւոր դաս­տիարա­կը եւ չու­նէր ոչ մէկ օգ­նա­կան հո­գե­ւոր կեան­քի մէջ յա­ռաջ­դի­մե­լու հա­մար։ Աչ­քե­րը բա­ւա­կա­նա­չափ կը տես­նէին ար­դէն եւ ուս­ման տեն­չը կը սկ­սի մա­շեց­նել զին­քը։­

Այդ ժա­մա­նակ­նե­րը բա­ւա­կան խառ­նաշ­փոթ կը տի­րէր Ս. Նշա­նի վան­քին մէջ, որով­հե­տեւ Իսա­հակ անու­նով վար­դա­պետ մը որ Սե­բաս­տիա եկած էր ժո­ղո­վա­րա­րու­թեան հա­մար, կա­պալ­ներ վճա­րե­լով ար­քու­նի հրա­մա­նով կը խլէ Անա­նիա եպիս­կո­պո­սի գա­հը եւ կը բազ­մի որ­պէս Սե­բաս­տիոյ եպիս­կո­պոս եւ Ս. Նշա­նի վա­նա­հայր։ Բա­ւա­կան դա­ժան նկա­րագ­րի տէր մարդ ըլ­լա­լով, վա­նա­կան­նե­րու մէջ մեծ խլր­տում կը ծա­գի եւ Մխի­թար սար­կա­ւագ ան­հնար կը տես­նէ այդ­տեղ շա­րու­նա­կել աղօթ­քի կեան­քը եւ ու­սում­նա­ռու­թիւ­նը։ Այս իսկ պատ­ճա­ռով կ՚ո­րո­շէ հե­ռա­նալ եւ Հա­լէպ մեկ­նիլ, ուր­կէ կը մտա­ծէր ան­ցնիլ Հռոմ, իր տա­րի­նե­րու երա­զան­քը իրա­կա­նաց­նե­լու հա­մար։ Նոյն օրե­րուն Սե­բաս­տիա կը ժա­մա­նէ Յով­նան անու­նով եւ­դո­կիացի նո­րըն­ծայ վար­դա­պետ մը, որ աշա­կեր­տած էր Կայ­ծակ մա­կա­նու­նը կրող Գա­լուստ վար­դա­պե­տին, եւ կը փա­փա­քէր Երու­սա­ղէ­մի Ս. Յա­կոբ վան­քը եր­թալ եւ այս­պէս Մխի­թար սար­կա­ւա­գի հետ միասին կ՚ո­րո­շեն մեկ­նիլ Հա­լէպ։

 


 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/02/2025, 07:56