ҽ

2024.04.09 Mons. Nareg Alemezian

Հանդիպում - հարցազրոյց Նարեկ արք. Ալեէմէզեանի հետ`«Ընդհանուր եկեղեցւոյ պատմութիւն» հատորի մասին

Ռատիօ Վատիկան Հայկական Բաժանմունքը առիթը ունեցաւ հանդիպելու ու զրուցելու «Ընդհանուր եկեղեցւոյ պատմութիւն» հատորի հայերէնի թարգմանութեան հեղինակ Նարեկ արք. Ալեէմէզեանի հետ` ունկնդրենք հանդիպումի պարունակութիւնը։

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Վերջերս ի լոյս ընծայուած է Նարեկ արք. Ալեէմէզեանի Ուիլիսթըն Վոքըր հեղինակի «A History of the Christian Church - Պատմութիւն մը քրիստոնէական եկեղեցւոյ» հատորի հայերէն թարգմանութիւնը:

Հայերէն թարգմանութիւնը տպագրուած է երկու հատորներով` առաջին 704 էջնոց, բաժնուած հինգ մասերու, ուր ներկայացուած է պատմութիւնը` սկսելով նախաքրիստոնէական ենթահողէն մինչեւ միջին դարու ժամանակաշրջան, ապա երկրորդ հատորը 517 էջերէ որ կ՛ընդգրկէ Մարթին Լուտերի (Martin Luther) ժամանակաշրջանի պատմութենէն (ԺԶ. դարու սկիզբը) Ընդհանուր եկեղեցւոյ պատմութեան քսաներորդ դար երկարող շրջանը: Երկու հատորները իրենց աւարտին ունին անձնանուններու, տեղանուններու եւ աստուածաբանական մէջբերումներու ցանկ մը: Հոն կայ նաեւ օգտագործուած եւ օգտագործելի երկերու հարուստ ցանկ մը:

Ռատիօ Վատիկան Հայկական Բաժանմունքը առիթը ունեցաւ հանդիպելու ու զրուցելու «Ընդհանուր եկեղեցւոյ պատմութիւն» հատորի հայերէնի թարգմանութեան հեղինակ Նարեկ արք. Ալեէմէզեանի հետ` ունկնդրենք հանդիպումի պարունակութիւնը.

Ունկնդրենք հանդիպումի պարունակութիւնը

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/02/2025, 13:09