ҽ

Khor Virap Monastery | Монастырь Хор Вирап

Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (39)

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք օտար եկեղեցական Հայրերու հեղինակած Կանոններուն:

ԼԹ. Հաղորդում 

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք օտար եկեղեցական Հայրերու հեղինակած Կանոններուն:

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Հայ Եկեղեցւոյ աւանդութիւնը մեզի կտակած է Ընդհանրական Եկեղեցւոյ երկոտասան վարդապետներու հետեւեալ ցանկը. Ռեթէոս, Դէոնիսիոս Արիսպագացի, Աթանաս Աղեքսանդրացի, Կիւրեղ Երուսաղէմացի, Եփրեմ Ասորի, Բարսեղ Կեսարացի, Գրիգոր Նիւսացի, Գրիգոր Աստուածաբան, Եպիփան Կիպրացի, Յովհան Ոսկեբերան և Կիւրեղ Աղեքսանդրացի և Որոգինէս: Ցաւօք սրտի, հայ եկեղեցւոյ համար Հայրաբանութեան վերջնասահման համարուած է 451-ին Քաղկեդոնի Տիեզերական ժողովը, քանի որ Ընդհանրական Եկեղեցւոյ պառակտումէն յետոյ այլ եկեղեցիներու ոեւէ եկեղեցական հայր, վարդապետ և գրող, իր ազդեցութիւնը չէ թողած հայ եկեղեցւոյ աստուածաբանական մտքին վրայ: Արդարեւ, առաջին դարերու սուրբ Հայրերէն մեզի հասած են հետեւեալ կանոնները. Ապաշխարող կապելն ու դարձեալ ի Մեծի Հինգշաբթի արձակելն Կիւրեղ Երուսաղէմացիին կողմէ գրեալ է: Կանոն Մայրօրհնէքն սուրբ Կիպրիանոս Կարքեդոնացիէ գրեալ է:

Ս. Եփրեմի յօրինած Ոտնլուայի կարգը ամենահին կանոններէն է՝ Գրիգոր Վկայասէր (1025-1105) թարգմանած է ասորերենէ: ԺԸ. ԺԹ. դարերուն, «Ոտնլուան» հանուած է Մաշտոցէն և «Աւագ Շաբաթ» գիրքին կամ Ճաշոցին մէջ տեղադրուած է: Կանոն օրհնութեան ջրոյ (Ջրօրհնէք) Ս. Բարսեղի է արարեալ՝ եպիսկոսապետին Կեսարու Կապադովկեցւոց յԷ. ամի Հայրապետութեան իւրոյ, որ Խոսրով թարգմանիչը հայացուցած է: Ջրօրհնէքը Քրիստոսի մկրտութիւնը խորհրդանշող գլխաւոր ծէսն է, ու թէեւ պարզ արարողութիւն է, սակայն իբրեւ տօն կը նկատուի, քանի որ Քրիստոսի մկրտութեան յիշատակութիւնն է: Անցեալին, սուրբ Ծննդեան օրը, Յունուար 6-ին, հանդիսաւոր թափօրով գետերու մօտ կը հաւաքուէին, ուր կը կատարուէր խաչը ջուր նետելու արարողութիւնը: Այս ծէսը կը կատարուէր նաեւ եկեղեցիներուն մէջ, ուր սեղաններու վրայ ջուրով լեցուն կաթսաններ կը դնէին: Ապա օրհնուած ջուրը տուն տանելով՝ հիւանդներուն երեսներուն և յատկապէս վէրքերուն վրայ կը քսէին, այն հաւատքով, որ կը կանխուին և կը վերանան բոլոր հիւանդութիւնները: Սրբազան այդ ջուրով կը լուային նաեւ պղծուած ամանները, (որոնց շուն, մուկ կամ այլ կենդանիներ կպած էին):

Ջուրի պաշտամունքի հետ կապուած ծէսերէն են նաեւ խաչալուան, ոտնլուան, և ջրհորի օրհնութիւնը: Ս. Գրիգոր աստուածաբան գրած է զկանոն սերմնօրհնէքին, կալի և զհնձանի 3-րդ ամի թարգմանութեան սրբոյն Մեսրոպայ: Գ. Վ. Զարբհանալեան կ'ըսէ թէ. «Օրհնութիւնաբեր ցուցակին մէջ կը տեսնենք հետեւեալ յիշատագագիրը. «Երանելի Մովսէս թարգմանիչ, որ Ս. Սահակին գրիչն էր, որդւոյ սրբոյն Ներսիսի, յորմէ առաքի յերրորդ ամի գիւտի հայերէն գրոց ի Նազիանզ՝ յաթոռ Աստուածաբանի, և բերեալ անտի զՍերմնօրհնէքն զկալի և զհնձանի՝ զշարադրեալսն յԱստուածաբանէն ի հինգերորդ ամի հայրապետութեան իւրոյ»:

Հետեւաբար, հին ձեռագիր Մաշտոցին վկայութիւը ցոյց կու տայ թէ մեր թագմանիչ վարդապետները յունական այլեւայլ քաղաքներէն Եկեղեցւոյ սուրբ Հայրերու գրութիւններուն ծանօթացած են և թարգմանած են, զորս հետագային Մաշտոցին մէջ դասաւորուած են: Առաջին թարգմանիչները թէ ի՞նչ թարգմանած են, այդ մասին Կորիւն սակաւ տեղեկութիւն կու տայ: Այդ գրութիւններուն մեծ մասի ժամանակն ու թարգմանիչները անյայտ են. շատ բան կորսուած է, շատ բաներ ալ երեւան եկած չեն. բայց ինչ որ մինչեւ այժմ կը մնայ և մեզի յայտնի է, ցոյց կու տայ որ Մաշտոցեան շրջանի գրականութիւնը բազմաթիւ հարուստ և բազմակողմանի եղած է:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/02/2025, 07:53