Ս. Գրիգոր Նարեկացիի «ԽՐԱՏԻՆ» խրուաթերէն թարգմանութեան ներկայացումը Խրուաթիոյ երեք քաղաքներուն մէջ
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Գերշ. Տ. Նարեկ արք. Ալեէմէզեան 1–7 փետրուար 2025-ին Խրուաթիոյ մէջ մասնակցեցաւ իր գիրքին՝ «Ս. Գրիգոր Նարեկացի - Խրատ ուղիղ հաւատքի եւ առաքինի մաքուր վարքի» խրուաթերէն թարգմանութեան առթիւ կազմակերպուած ձեռնարկներուն։
Նարեկ սրբազան, «Խրատ»-ի խրուաթերէն հրատարակութեան խմբագիրներ՝ Փրոֆ. հայր Իւան Պոտրոզիչի եւ Դոկտ. Վինիցիէ Լուփիսի հետ այցելեց Սթոն, Տուպրովնիք եւ Սփլիթ քաղաքները եւ հոգեւորականներու, համալսարանի դասախօսներու ու ուսանողներու եւ մտաւորականներու ներկայութեան դասախօսեց Ս. Գրիգոր Նարեկացիի կեանքին, վարքին, հոգեւորութեան եւ «Խրատ»-ին եզակիութեան մասին։
Խրուաթիայէն Հռոմ վերադարձին առիթը ունեցանք հանդիպելու եւ զրուցելու Նարեկ Սրբազանին հետ, որ մեզի պատմեց իր վերոնշեալ առաքելութեան մանրամասնութիւնները։
Այս առթիւ սրբազանը լուսարձակի տակ առաւ 12 ապրիլ 2015-ին Վատիկանի Ս. Պետրոս տաճարին մէջ Ն.Ս. Ֆրանսիս պապին կողմէ Հայկական ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշումին եւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի «Եկեղեցւոյ վարդապետ» հռչակումին միացեալ շարժառիթը եւ զուգահեռ մը գծելով նահատակութեան ու սրբութեան միջեւ՝ զանոնք որպէս հայ քրիստոնէութեան վաւերական վկայութիւն սահմանեց։
Կիրակի, 1 փետրուարին, Սթոնի մէջ, Նարեկ արքեպիսկոպոս ներկայ գտնուեցաւ հայազգի Ս. Վլաս հայրապետի տօնին նուիրուած կրօնական արարողութիւններուն եւ սուրբին մասունքը ի ձեռին՝ բազմամարդ թափօրը առաջնորդեց ու հաւատացեալները օրհնեց։
Սրբազանը նաեւ ընդունուեցաւ Պապական նուիրակին, Թեմակալ եպիսկոպոսներուն, քաղաքապետերուն, համալսարաններու տեսուչներուն եւ մշակութային կազմակերպութիւններու ատենապետներուն կողմէ, որոնց հետ զրուցեց հայ ու խրուաթական կապերուն եւ Հայ եկեղեցի ու Կաթողիկէ եկեղեցի յարաբերութիւններուն մասին՝ յատկապէս ծանրանալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բազմերես առաքելութեան վրայ։
Խրուաթիոյ ճամբորդութեան ծիրէն ներս Սթոն քաղաքի մէջ Ս. Վլաս հայրապետի տօնին մասնակցութեան առիթով Նարեկ Սրբազան Ալեմեզեան տեղական եկեղեցւոյ Ժողովրդապետի առաջարկով` ազատ արձակեց աղաւնի մը նուիրուած Լիբանանի Խաղաղութեան։
Խրուաթիա ճանապարհին վրայ, Նարեկ սրբազան Հռոմէն անցաւ, ուր հիւրընկալուեցաւ Լեւոնեան վարժարանին մէջ եւ հանդիպումներ ունեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիէթրօ Փարոլինի եւ Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժանմունքի պատասխանատուներուն հետ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ