Տեառնընդառաջի տօնէն ետք… Աստուածընծայում
ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ
Ամէն տարի Հայ եկեղեցին 14 փետրուարին Տեառնընդառաջը կը տօնէ որպէս «Տօն քառասնօրեայ գալստեանն Քրիստոսի ի տաճարն», ինչպէս տօնացոյցը կը սահմանէ. այսինքն` տօն մեր Տէր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմի տաճար ընծայումին, իր ծնունդէն քառասուն օր ետք, որուն մասին կը կարդանք Աւետարան ըստ Ղուկասի 1.22-38-ին մէջ:
Մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր երգերու գանձարանին մէջ կայ «Մեծացուսցէ» բնորոշումը կրող շարականներու շարք մը, որ հիմնուած է Յիսուսի ծնունդի աւետումին ատեն Սուրբ կոյս Մարիամի օրհներգութեան առաջին տողերուն վրայ. «Տէրը պիտի գովաբանեմ [գրաբար` «Մեծացուսցէ անձն իմ զտէր…»]. Ահա հոգիս կ՛ուրախանայ Աստուծմով, իմ Փրկիչովս» (Աւետարան ըստ Ղուկասի 1.46-47):
Հիմա, երբ արդէն եկեղեցի երթալով կամ համացանցէն կրօնական արարողութեան հետեւելով Տեառնընդառաջը տօնեցինք, եկէք մեր հոգեւոր ուշադրութիւնը սեւեռենք այս տօնի «Մեծացուսցէ»-ին վրայ, որ հայ հոգեւորութեան գոհար մըն է: Ան երեք տուներէ կը բաղկանայ եւ հետեւեալ ընթացքով կը զարգանայ.
Առաջին` երբ արդար եւ աստուածավախ Սիմոն ծերունի Սուրբ Հոգիէն առաջնորդուած տաճար կու գայ, Տիրոջ Օծեալը իր գիրկը կ՛առնէ եւ Աստուած կը փառաբանէ: Շարականագիրը այս պահը կը պատկերացնէ` գրելով. «Երբ Սիմոն մարմնացած Աստուածորդին իր գիրկը առաւ, Յիսուսը բազմած տեսաւ քերովբէական աթոռին վրայ, ուր բարձունքներու մէջ երկնային զօրքեր անդադար կը մեծարեն զինք»:
Քերովբէ հրեշտակներ 90 անգամէ աւելի յիշատակուած են Հին կտակարանին մէջ: Աստուածաշունչին մէջ լուսազգեստ եւ փայլատակող սերովբէ եւ քերովբէ հրեշտակներ կը յիշուին որպէս Աստուծոյ մնայուն ներգործութեան պատգամաբեր: Անոնք երկինքի մէջ եւ երկիրի վրայ Աստուծոյ գահը կը շրջապատեն: Սիմոն ծերունի այս խորհուրդը կը բանայ` մեզ հրաւիրելով մեր հոգեւոր գիրկը քերովբէական գահի վերածելու եւ Աստուածորդին հոն նստեցնելու: Աստուծոյ սէրը ողորմաբար յայտնուեցաւ մարդոց` զանոնք մեղքի գերութենէն փրկելու համար: Աստուած եկաւ մարդոց, որպէսզի մարդիկ երթան Աստուծոյ:
Մարդոց առ Աստուած երթը, Տիրոջ ընդառաջ երթալը, Տեառնընդառաջը մեկնակէտ ունի աստուածապաշտութիւնը, որուն ամէնէն խորհրդաւոր ու իմաստալից պահերէն մին կը հիւսուի սուրբ պատարագի «Սո՜ւրբ, Սո՜ւրբ, Սո՜ւրբ» հոգեւոր երգին շուրջ, երբ պատարագիչը լուռ կ՛արտասանէ. «Իրապէս իրաւացի է եւ արդար` սրտանց եւ եռանդագին երկրպագելով փառաւորել քեզ, ամենակա՛լ Հայր, որ անէծքին դատապարտութիւնը ջնջեցիր քու անքննելի եւ արարչակից Որդիովդ, որ իր սեփական նոր ժողովուրդը դարձուց Եկեղեցին, քեզի հաւատացողները: Եւ զննելի բնութեամբ մարմնանալով Կոյսէն, հաճեցաւ մեր մէջ բնակիլ: Եւ իբրեւ Աստուած` նոր ճարտարապետութեամբ մը երկիրը երկինքի վերածեց: Ինք, որուն դիմաց նոյնիսկ զուարթուններու գունդերը չէին կրնար կանգնիլ, զարհուրելով Աստուածութեանդ փայլակնացայտ եւ անմերձենալի լոյսէն, մեր փրկութեան համար մարդանալով` երկնայիններու հոգեղէն խումբերուն միախառնուելու շնորհքը տուաւ մեզի», ապա բարձրաձայն կ՛երգէ. «Եւ շնորհեց, որ սերովբէներուն եւ քերովբէներուն ձայնակցելով` քու սրբութիւնդ երգենք ու եղանակենք, բարձրաղաղակ գոչելով եւ ըսելով», որուն ի պատասխան` բոլոր հաւատացեալները ներկայացնող դպիրները կ՛երգեն. «Սո՜ւրբ, Սո՜ւրբ, Սո՜ւրբ ես Տիեզերքի՛ Տէր: Երկինք ու երկիր փառքովդ են լեցուն: Օրհնութի՜ւն քեզի` բարձունքներուն մէջ: Օրհնեալ ես դուն, որ Տիրոջ անունով կու գաս: Ովսաննա՜ բարձունքներուն մէջ» (Խորհրդատետր սրբազան պատարագի, աշխարհաբարի վերածեց Զարեհ եպս. Ազնաւորեան, Անթիլիաս-Լիբանան, 1999, էջ 69-71):
Երկրորդ` Սիմոն ծերունին Աստուծոյ գոհութիւն յայտնեց, որ զինք արժանի դարձուց աչքերովը Փրկիչը տեսնելու, «որ ղրկեցիր բոլոր ժողովուրդներուն» (Աւետարան ըստ Ղուկասի 1.31), որուն կ՛արձագանգէ շարականագիրը հետեւեալ բառերով. «Հոգեւին ցնծութեամբ կը գոչէր ալեհեր Սիմոն ծերունին. «Ա՛ս է անմահ թագաւորը»: Այս պատկերը եւս կ՛առնչուի քերովբէական աթոռին, որուն վրայ բազմած է միակ անմահ եւ փառաւոր Թագաւորը` Յիսուս Փրկիչը: Դարձեալ սուրբ պատարագին դիմելով, կը տեսնենք` թէ վերաբերումի ատեն, երբ սարկաւագը սկիհը պատարագիչին պիտի յանձնէ, հետեւեալ երկխօսութիւնը տեղի կ՛ունենայ անոնց միջեւ.
Պտրգչ. Ալէլուիա, ալէլուիա:
Սրկ. Բացէ՛ք ձեր փեղկերը, ո՜վ դարպասներ, թող բացուի՜ն յաւիտենութեան դռները, որպէսզի փառաւոր Թագաւորը ներս մտնէ:
Պտրգչ. Ո՞վ է այս փառաւոր Թագաւորը: Տէրն է, հզօր եւ անպարտելի. Տէրը, պատերազմի մէջ անխորտակելի:
Սրկ. Բացէ՛ք ձեր փեղկերը, ո՜վ դարպասներ, թող բացուի՜ն յաւիտենութեան դռները, որպէսզի փառաւոր Թագաւորը ներս մտնէ:
Պտրգչ. Ո՞վ է այս փառաւոր Թագաւորը: Ամենակալ Տէրը:
Սրկ. Սա ի՛նքն է փառաւոր Թագաւորը:
Պտրգչ. Օրհնեալ է ան` որ կու գայ Տիրոջ անունով: Օրհնեալ ես դուն, որ եկար եւ վերստին պիտի գաս (Նոյն, էջ 62–63):
Երբ Տէրը մարդոց ընդառաջ կու գայ, մարդ միայն մէ՛կ բան կրնայ ընել. Տիրոջ ընդառաջ երթալ, Տեառնընդառաջել` հիմա, միշտ եւ երբ Տէրը վերստին գայ:
Երրորդ` շարականագիրը այս սեղմ տողերով կ՛եզրափակէ. «Սիմոն ծերունին արտասուելով կ՛աղերսէր. «Ձգէ՛ որ ծառադ խաղաղութեամբ մեռնի», անարատ Հօրդ բարեխօսութեամբ կ՛աղաչեմ»: Երբ Տիրոջ մեզի շնորհած այցը կը փոխադարձենք` Տիրոջ ընդառաջ կ՛երթանք մեր հոգիներուն մէջ պարուրուած ընծաներուն ծրարները բանալով. այսինքն` աղօթական խոնարհութեամբ միմիայն Տէրը փառաւորելու համար կը Տեառնընդառաջենք: Խաղաղութեամբ ապրիլը չի՛ բաւեր. անհրաժեշտ է նաեւ խաղաղութեամբ մեռնելու պատրաստ ըլլալ: Երկիրի վրայ Աստուծոյ հետ ըլլալը չի՛ բաւեր. պէտք է երկինքի մէջ եւս յաւիտենապէս Աստուծոյ հետ ըլլալ: Ահաւասիկ դարձեալ քերովբէական աթոռին վրայ բազմած Տիրոջ մերձենալու եւ անոր աթոռակից դառնալու հրաւէրը կ՛ուղղուի մեզի:
Այս երեք կէտերը նաեւ կ՛ապացուցեն, որ Հայ եկեղեցւոյ մէջ ոչինչ պատահականօրէն կը կատարուի: Թէեւ մեր ծէսին կարգ մը երեսները կատարելապէս բացայայտելու աշխատանքը հրամայական է, սակայն մէկ իրողութիւն լոյսին նման կը ճառագայթէ. Հայ եկեղեցիին աստուածաբանութեան ու ծիսակատարութեան կառոյցը աստուածաշնչական հիմքի վրայ կը բարձրանայ:
Տեառնընդառաջ կը նշանակէ Աստուածընծայում. որովհետեւ նախ Աստուած ինքզինք մեզի ընծայեց եւ հիմա մենք մեր անձերը Անոր պէտք է ընծայենք…:
15 փետրուար 2025
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ