Տօն է սրբոյն Սարգսի Զօրավարին եւ որդւոյ նորա Մարտիրոսի եւ չորեքտասան զինուորացն։
ՇԱՐԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԶՕՐԱՎԱՐԻՆ
Հեղինակ՝ Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետ
Հաւատարիմ եւ ընտրուած ծառայ Ամենասուրբ Երրորդութեան,
Յաղթող սպառազէն եւ քաջ նահատակ.
Ո՜վ արագահաս Սուրբ Սարգիս, շնորհքի բնակարան,
Բարեխօսէ Քրիստոսի մօտ մեր անձերուն համար։
Երկնաւոր Թագաւորին դուն սուրբ զօրագլուխ եւ մենամարտիկ,
Անմահին սիրով խաչուած աշխարհին հանդէպ,
Ո՜վ արագահաս Սուրբ Սարգիս, խաչով պսակուած,
Բարեխօսէ Քրիստոսի մօտ մեր անձերուն համար։
Արդարութեան Արեգակին մեծ ռահվիրայ եւ պայծառ արուսեակ,
Լուսածագին արեւմուտքէն ցոլացող,
Ո՜վ արագահաս Սուրբ Սարգիս, անմար ճառագայթ,
Բարեխօսէ Քրիստոսի մօտ մեր անձերուն համար։
Հայոց մեծաց դուն աւետաբեր հիւսիսէն դիմելով իրենց երկիրն,
Իբրեւ հարաւի հով պարարտ դաշտի վրայ,
Ո՜վ Արագահաս Սուրբ Սարգիս, անմահութեան տունկ,
Բարեխօսէ Քրիստոսի մօտ մեր անձերուն համար։
Առաքելական զէնքով զրահաւորուած մտար քաջութեան հանդէսին մէջ,
Մարտիրոս քու որդիովդ վկայելով Պարսկաստանի մէջ։
Ո՜վ արագահաս Սուրբեր՝ Սարգիս եւ Մարտիրոս,
Մեծ նահատակներ,
Բարեխօսեցէք Քրիստոսի մօտ մեր անձերուն համար։
Գերագոյն պատիւ ստացար Բարձրեալէն՝ բարեխօս Աստուծոյ Խօսքին,
Աղաչանքները կատարող եւ աղօթքները լսող.
Ո՜վ արագահաս Սուրբ Սարգիս, գերիներն ազատող,
Բարեխօսէ Քրիստոսի մօտ մեր անձերուն համար։
Մարդուն ցաւալի կեանքին, դո՛ւն զօրեղ բժիշկ եւ արցունքները սրբող,
Չարչարուողներուն նեղութիւնները դիւրացնող եւ վիշտերու սփոփանք.
Ո՜վ արագահաս Սուրբ Սարգիս, դեւերն հալածող,
Բարեխօսէ Քրիստոսի մօտ մեր անձերուն համար։
Անուն գեղեցիկ եւ բարի՝, դո՛ւն քաղցր եւ անուշ պտուղ
Հաւատացեալներու շուրթերուն,
Գիշեր ու ցերեկ դո՛ւն յոյսով կոչուած,
Ամէն տեղ դո՛ւն յիշուած եւ փառաւորուած.
Ո՜վ արագահաս Սուրբ Սարգիս, գերիները փրկող,
Բարեխօսէ Քրիստոսի մօտ մեր անձերուն համար։
Անմահ Խօսքին դուն յոյսի սաղաւարտ՝ դրուած մեր իշխանին գլխուն,
Ձեռքի աջին սուր եւ հաւատքի վահան՝
Քրիստոսասէր զօրքերու եւ զօրապետներու,
Ժամանակին հասնող, ո՜վ Սուրբ Սարգիս,
Ընտիր հեծեալներու դո՛ւն ամուր պարիսպ,
Բարեխօս եղիր Քրիստոսի մօտ մեր անձերուն համար։
Շնորհաւոր Ս. Սարգիսի տօնը: Անունով ապրի՛ն Սարգիս անուն կրողները:
Բարեխօսութեամբ Սրբոյն Սարգսի Զօրավարին, պարգեւեսցէ՛ Տէր խաղաղութիւն աշխարհի, պահպանեսցէ՛ զԱզգս Հայոց եւ պահեսցէ՛ զձեզ ամենեսեանդ յամենայն փորձութենէ:
Ամէն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ