ҽ

LIBYA-MIGRATION

Լիպիոյ իրավիճակը անմարդկային է՝ ի վնաս բազմաթիւ գաղթականներու․ Հայր Մաթիա Ֆերրարին

Վատիկանի լրատուամիջոցներուն տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին «Mediterranea Saving Humans» հասարակական կազմակերպութեան մատրանապետը ներկայացուցած է Լիպիոյ մէջ գաղթականներու խնդիրները, Եւրոպայի եւ մարդասիրական կազմակերպութիւններու դերը եւ գաղթականներուն առնչուող քաղաքականութեան փոփոխութեան անհրաժեշտութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Լիպիոյ մէջ վերջին օրերուն յայտնաբերուած են երկու զանգուածային գերեզմաններ՝ խոշտանգուած եւ հրազէնային վնասուածքներ ունեցող շուրջ 70 դիակներով։ Լուրը յայտնած է Գաղթականներու միջազգային կազմակերպութիւնը (ԳՄԿ)՝ յայտնելով իր խոր մտահոգութիւնը։

Անմարդկային իրավիճակ

Զանգուածային գերեզմաններու յայտնաբերումը «Լիպիոյ անմարդկային իրավիճակի եւս մէկ հաստատում է՝ ի վնաս բազմաթիւ գաղթական եղբայրներու եւ քոյրերու։ Անընդունելի վայրագութիւններ, որոնք կը խոցեն մեր մարդկային եւ քրիստոնէական խիղճը»», Վատիկանի լրատուամիջոցներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է Հայր Մաթիա Ֆերրարին՝ «Mediterranea Saving Humans - Միջերկրական ծովի մէջ մարդկանց փրկութիւն» հասարակական կազմակերպութեան մատրանապետը՝ հանգամանօրէն անդրադառնալով Լիպիոյ մէջ գաղթականներու խնդիրներուն, Եւրոպական երկիրներու ու մարդասիրական կազմակերպութիւններու դերին եւ գաղթականներուն առնչուող քաղաքականութեան փոփոխութեան անհրաժեշտութեան։

Համակարգուած մերժումներ

Դատապարտելով գաղթականներու նկատմամբ վայրագութիւնները, Հայր Ֆերրարին իր վրդովմունքը յայտնած է Լիպիոյ մէջ տիրող անմարդկային իրավիճակի կապակցութեամբ՝ Երկիրը նկարագրելով ոչ միայն որպէս տարանցման վայր, այլեւ որպէս վայր, որտեղ գաղթականները ստիպուած են ապրիլ սարսափելի պայմաններու մէջ: Ան նաեւ ընդգծած է Եւրոպայի եւ Իտալիոյ դերը, որոնք կը ֆինանսաւորեն գաղթականներու համակարգուած վտարումները, ինչը իր հերթին կը խթանէ բռնութիւն եւ տառապանք: Միւս կողմէ, նկատել կու տայ ան, որ Եւրոպա մուտքի օրինական ուղիները գրեթէ արգելափակուած են։

Մարդու իրաւունքներու անհամար խախտումներ

Քանի մը միջազգային կազմակերպութիւններ արդեն տարիներ շարունակ կը տեղեկացնեն Լիղիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու անհամար խախտումներու մասին. հարկադիր աշխատանք, առեւանգում, բռնի հաւաքագրումներ զինուած խմբաւորումներու մէջ, Միջերկրականի վտանգաւոր հատում, կը հաստատէ մատրանապետը՝ աւելցնելով, որ նոյնքան վտանգաւոր ու տագնապալից է ետ մղուողներու վիճակը, որոնց կը սպառնայ կալանավայրեր, հետեւաբար եւ ամենօրեայ խոշտանգումներ, բռնաբարութիւններ, սննդի եւ բժշկական օգնութեան բացակայութիւն։

Հայր Ֆերրարին խստօրէն կը դատապարտէ ապա մարդկանց առեւտուրը՝ նշելով, որ անձամբ բողոքած է «լիպիական մաֆիայի համակարգի» դէմ, որ օգուտ կը քաղեն այդ ողբերգութենէն։

Միաւորել ուժերը՝ գաղթականներու համար եղբայրութեան եւ արժանապատուութեան ապագայ կառուցելու համար

Մատրանապետը, ըստ այդմ կը կարեւորէ տարբեր գործօններ՝ այդ երեւոյթին հակազդելու եւ իրավիճակը բարելաւելու համար՝ հասարակական կազմակերպութիւններու կեանքեր փրկելու աշխատանքը, հասարակութեանը գաղթականութեան մասին կրթելն ու իրազեկելը, յարգանքի եւ արժանապատուութեան մշակոյթ ձեւաւորելը։ Ասկէ մեկնելով ան կը հրաւիրէ քաղաքացիական հասարակութեան ու հաստատութիւններուն հաւաքական յանձնառութեան՝ գաղթականներու համար եղբայրութեան եւ արժանապատուութեան ապագայ կառուցելու համար:

«Իւրաքանչիւր մարդ իր մէջ պատմութեան կրող մըն է, անձ է, յոյս է, որ սակայն կը դաւաճանուի այս անասելի բռնութեան համակարգի կողմէ, ինչն իրականութեան մէջ տեղի է կ’ունենայ մեր մեղսակցութեամբ կամ երբեմն պարզապէս մեր անտարբերութեան մեղսակցութեամբ» եւ միայն միասնութեան եւ զօրակցութեան միջոցաւ կարող ենք իրական փոփոխութիւններու յոյս ունենալ» յարած է ի վերջոյ Հայր Մաթիա Ֆերրարին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/02/2025, 08:00